Sarkis Vahaken
My name is SARKIS VAHAKEN, I am an armenian writer, I write in armenian. I have already printed 8 books. "Madaniner", "Armadner" and "Daknabeh": Short Stories. "Nayirian Mormok", "Ashod Voghormadz": plays-dramas. "Arshile Gorky": novel. "Shoorcheh Vochinch": Shahan shahnoor's complete poems translated from french into armenian. "Kragan Hamasdeghoutyoun" literary essays.I live in Los Angeles since 1987. I was born in Beirut.
My email is:vahaken@sbcglobal.net
Սարգիս Վահագն,
Headline text
Գրող՝ արձակ եւ բանաստեղծութիւն, պատմուածք, վէպ, թատրերգութիւն եւ գրախօսութիւն-փորձագրութիւն:
Կենսագրական գծեր
Ծնած է Պէյրութ,1927 Հոկտեմբեր 7-ին։ Նախնական ուսումը ստացած է Աբգարեան եւ Սահակեան վարժարաններուն մէջ, ապա երկրորդականը շարունակած՝ տեղւոյն ֆրանսական Լիսէն, եւ աւարտած Առեւտրական ճիւղը 1945՝ին։
Կանուխէն սիրած է գիրն ու գրականութիւնը։ Նախ փորձած է բանաստեղծութիւններ գրել, բայց շուտով ներգրաւուած է արձակի, գլխաւորաբար պատմուածքի սեռով։
Յիսունական թուականներէն սկսած է մաս կազմել այլազան գրական եւ մշակութային խմբաւուրումներու։ Գործօն մասնակցութիւն բերած է Պէյրութի «Գրական Շրջանակ»ի կազմաւորման եւ անոր յետագայ գործունէութեան։
Իր գրութիւնները, 1954-էն սկսեալ, հետզհետէ լոյս տեսած են «Մշակոյթ», «Լուսաբեր», «Նոր Գիր», «Անի», «Շիրակ», «Գարուն», «Նաւասարդ», «Համայնապատկեր» եւ «Առագաստ» գրական ամսագրերուն մէջ։ Վաթսունական թուականներու կէսէն մնայուն կերպով աշխատակցած է «Շիրակ» ամսագրին եւ ապա մօտ տասը տարի, մինչեւ 1986 մաս կազմած է անոր խմբագրական կազմին, վարելով միջազգային գրականութեան բաժինը։
Գրականութեան առընթեր, ան լուրջ հետաքրքրութիւն ցոյց տուած է շարժանկարի եւ թատրոնի արուեստներուն նկատմամբ։ 1958-1959-ին, Պէյրութի մէջ հրատարակած է սփիսռքի պատմութեան մէջ աննախադէպ երեւոյթ հանդիսացող «Նոր Սինեմա» արուեստի պարբերագիրքը։
2008-ին արժանացած է Ամենայն Հայոց Հայրապետ Գարեգին Բ-ի շնորհած Ս. Սահակ-Մեսրոպ Մաշտոց շքանշանին։
Ան ամուսնացած է վաստակաշատ դաստիարակչուհի Հայկուհի Աճէմեանին հետ, ունի չափահաս երեք զաւակներ եւ 1987-էն ի վեր հաստատուած է Լոս Անճելըս։
Իր լոյս ընծայած երկերն են.
- «Մատանիներ», պատմուածքներ, Պէյրութ, 1969, արժանացած՝ «Հայկաշէն Ուզունեան Գրական Մրցանակ»ին:
- «Արմատներ», պատմուածքներ, Երեւան, 1981:
- «Նայիրեան Մորմոք», թատրերգութիւն, Պէյրութ, 1982, արժանացած՝ «Ալէք Մանուկեան Գրական Մրցանակ»ին:
- «Աշոտ Ողորմած», թատրերգութիւն, Լոս Անճելըս, 1991:
- «Տագնապը», պատմուածքներ, Լոս Անճելըս, 2000:
- «Արշիլ Կորքի», վէպ, Լոս Անճելըս, 2004, արժանացած՝ «Հայաստանի Թէքէեան Մշակութային Միութեան Գրական Մրցանակ»ին ինչպէս նաեւ՝ «Հայկաշէն Ուզունեան Գրական Մրցանակ»ին:
- «Գրական Հմաստեղութիւն », փորձագրութիւններ, գրախօսականներ, Լոս Անճելըս, 2008:
- «Շուջը՝ Ոչինչ» , թարգմանութիւն՝ Արմէն Լիւպէն - Շահան Շահնուրի ֆրանսերէն ամբողջական բանաստեղծութիւններուն:
Contact information
Ստանալու համար դիմել՝
S. Patapoutian
8067 Shadyglade Ave.
North Hollywood, CA 91605
Tel. 818-504-1946
E Mail: vahaken@sbcglobal.net
կամ՝ sarkisvahaken@gmail.com
Մ ի ւ ս ը
- Ա -
Ո՞վ եմ ես: Ես ե ՞ս եմ, թէ ուրիշ մը: Գուցէ այն մի՞ւսը… Ո՞վ պիտի որոշէ ու վճռէ: Անշուշտ՝ ո՛չ ես: Երբ ե՛ս ըլլամ որոշողը, վստահ եմ, բոլորդ զիս խենթի տեղ պիտի դնէք: Բայց, Աստուած վկայ, խելքս գլուխս է եւ պայծառ մտքով է որ կը կրկնեմ հարցումս.- Խնդրե՜մ, ըսէք՝ ո՞վ եմ: Ես ե՞ս եմ, թէ ուրիշ մը: Անպայման այն մի՞ւսը…
- Բ -
Երկար ժամանակ որեւէ կասկած չունէի ինքնութեանս մասին: Հարկ կա՞յ պնդելու, թէ բոլորիդ ծանօթ Սամսոն Առաքելեանն եմ, երեսուն տարեկան, ամուրի, անգործ եւ ամէն մեղքիս վրայ՝ ինքզինքին նկարիչի ալ հովեր տուած: Կարճ խօսքով, վրիպած անձ մը՝ որ անբան, անհոգ նստած, հօրը ժառանգ թողուցած տոլարները կը վատնէ: Անշուշտ, այս՝ շատերուն կարծիքն է: Բայց հոգս չէ ուրիշներուն կարծիքը: Կը բաւէ որ ես գոհ եմ կեանքէս եւ որեւէ մէկուն համարատու չեմ: Ես ինծի համար կ՛ապրիմ սիրած քաղաքիս, Նիւ Եորքին մէջ, այո', ինչու չէ, ծախսելով, եւ ոչ թէ վատնելով, հօրմէս մնացած ժառանգը: Պարզ ու անշուք է կեանքս. մսխում եւ շռայլանք չեմ սիրեր եւ նիւթական վայելքներուն ալ կարեւորութիւն չեմ ընծայեր: Կը հագուիմ ինչպէս որ պատահի եւ մազերս ալ ամիսներով սափրիչի մկրատ չեն տեսներ: Ամբողջ օրը կրնամ գոհանալ շերտ մը պանիր հացով: Միայն սուրճն ու ծխախոտը անպակաս ըլլան եւ գիշերն ալ գաւաթ մը սքոչ ունենամ: Ուրիշ բան չեմ ուզեր: Ուրիշ ի՞նչ մնաց որ, պիտի անշուշտ քմծիծաղիք. մնաց գլխաւո՛րը՝ նկարչութի՛ւնը: Ես անով կ՛ապրիմ, անով կը շնչեմ: Առանց նկարչութեան ես ոչինչ եմ: Այս բոլորով, վախնամ ոմանք երանի տան ինծի, առանց գիտնալու, որ գոյնի եւ գիծի այս յափշտակութիւնս սուղի նստաւ վրաս: Նախ, դժբախտացուց հայրս. խեղճը աչքերը բաց գնաց: Յանցանքը իմս չէր սակայն. հին գլուխ մարդ էր, երկրացի մնացած հայ, այն ալ՝ բնիկ Ակն քաղաքէն: Այնպէս որ զիս հասկնալ բնաւ չկրցաւ: Թէեւ նիւթապաշտ մը չէր: Ընդհակառակը, ուրախ պահերուն, երկրէն բերած հայրէնները կ՛երգէր, բաժանորդագրուեր էր հայերէն բոլոր թերթերուն, կը յուզուէր երկրի հին-հին յուշերըվ եւ ամէն Կիրակի, օրինակելի բարեպաշտութեամբ եկեղեցի կ՛երթար: Բայց գորգի վաճառական էր, դրամին արժէքը գիտէր: Մեր բախումը սակայն դրամի համար չէր, այլ՝ արժանապատւութեան: Տարօրինակ մարդ էր. մեծութեան, փառք ու պատիւի արտառոց ըմբռնումներ ունէր: Օրինակ, հակառակ բնիկ ակնցի ըլլալուն, համոզուած կը պնդէր, թէ ինք սերած էր Անի քաղաքի Պահլաւունեաց իշխանական մեծանուն տոհմէն: Ուստի կը պահանջէր որ արժանի ըլլամ այդ ժառանգութեան: Իրեն համար այդ կը նշանակէր բարձր ուսում ստանալ, համալսարան յաճախելով փաստաբան դառնալ: Ըստ իրեն, դիրք ու պատիւի հասնելու լաւագոյն ուղին այդ էր: -«Օրէնքը այս երկրին մեծագոյն ոյժն է», -կը կրկնէր ան: -«եթէ ես անգլերէն գիտնայի եւ գիտակ ըլլայի այդ օրէնքներուն, շատոնց միլիոնատէր կը դառնայի Ֆորտին կամ Ռաքֆելըրներուն նման:» Ո՞վ գիտէ, գուցէ իրաւացի էր: Բայց հարցը այն էր, որ ես չէի սիրեր փաստաբանութիւնը: Կ՛ատէի օրէնք ու կաշկանդում: Եւ խօսքը մէջերնիս, ուսումի ալ գլուխ չունէի: Ինծի համար միայն նկարչութիւնը կար: Ուստի երբ լքեցի գալէճի ուսումս, ան զայրացաւ, օրերով քէն պահեց հետս: Վախցայ նոյնիսկ որ տունէն վտարէր զիս: Բայց մայրս պաշտպան կանգնեցաւ ինծի: «Բան մը սիրելով կ՛ըլլայ, ա'յ մարդ. ի՞նչ է չոճուխիս վրայ ինկեր ես. ապուքարտ չեղաւ, թող ուզած նկարիչը դառնայ:» վճռեց ան: Ու հայրս նահանջեց: Մայրս սրբութիւն էր իրեն համար. չէ՞ որ Ակնի մեծ աղային աղջիկն էր ան: Ու այսպէս, դարձայ նկարիչ: Պիտի ըսէք՝ ուրկի՞ց այս սէրն ու շնորհքը: Պարզ է, մօրմէ'ս: Ան, իր ազատ ժամերուն Ակնի նուրբ ասեղնագործութիւն կը գործէր: Ընտիր մետաքսի վրայ, մանրիկ, խատուտիկ թռչուններ, գոյնզգոյն ծաղիկներ եւ զուարթուններ կը ծաղկէր: Անոնցմով կը զարդարէր մեր բարձերուն երեսները, սեղանի ծածկոցներն ու վարագոյրները: Աչքերս բացեր, գոյներու եւ գիծերու այդ կախարդանքը տեսեր եմ: Երբեմն սակայն, կը տարակուսիմ այս պարզեցուած բացատրականին: Կը խորհիմ, թէ միջավայրն ու մթնոլորտը առանձինն չեն կրնար անձը նկարիչ դարձնել: Առ առաւելն, անոնք կրնան նպաստել ձիրքի ձեւաւորման ու զարգացումին, եթէ առկայ է այդ ձիրքը: Իսկ իմ պարագայիս, միշտ ունեցեր եմ այն զգացողութիւնը, թէ ի ծնէ ունեցեր եմ նկարելու այդ յատկութիւնը: Հազիւ ոտքի ելած, դգալ-պատառաքաղ բռնել չսորված, սկսեր եմ մատիտ բռնել եւ մեր տան պատերը գծազարդեր ու նախշեր: Իսկ տասը տարեկանիս, փորձեր եմ վիշապներ, եղնիկներ եւ ձիեր գծել: - Տղա'յ, ո՞ւր տեսեր ես այս անասունները,- զարմացեր էր մայրս: Տարիներ ետք, ինծի այնպէս թուացեր էր, թէ հեռաւոր մշուշներու մէջ կորսուած անցեալի մը մէջ, տեսեր էի զանոնք: Բայց ի՞նչ անցեալ կրնար ունենալ տակաւին նորահաս պատանին: Մանկութեանս գոնէ զիս տարած ըլլային Նիւ Եորքի կենդանաբանական պարտէզը: Այդ օրերուն այդ ալ տակաւին չէի տեսած: Հետեւաբար, ինչպէ՞ս բացատրել ձին, եղնիկն ու առասպելական վիշապը: Ուղղակի առեղծուած էր: Մինչդեռ բնական, պարզ տղայ մըն էի. դասերուս մէջ միջակ, խաղն ու ընկերները սիրող պատանի մը, որ արդէն կը փնտռէր աղջիկներուն ներկայութիւնը: Միակ տարբերութիւնը որ կար իմ եւ ընկերներուս միջեւ, նկարչութեան հակումս էր, որուն համար, այն ատեն, պատահական ժամեր կը յատկացնէի: Կարելի չէր ըսել, թէ կը փնտռէի առանձնութիւնը: Առանձնութեան սէրս արթնցաւ աւելի ուշ, երբ սիրահարեցայ Ճուլիային: Ինձմէ քանի մը տարիով փոքր, թուխ ու գանգուր խոպոպներով, զուաարթ եւ ճռւողուն աղջիկ մըն էր ան, մեր թաղի իտալացի փռապանին դուստրը: Գալէճը միասին կ՛ըլլայինք միշտ եւ յաճախ շարժանկարի կամ պաղպաղակ ուտելու կը հրաւիրէի: Ան միշտ սիրով կ՛ընդառաջէր հրաւէրներուս: Հաճելի երաժշտութեան պէս կուգային ունկերուս իր անվերջանալի ճռւողիւններն ու խնդուքները: Հետզհետէ սակայն, շարժանկարն ու ծաղարանները սկսան չգոհացնել մեզ. մտերմութեան այլ պահանջներ ունեցանք: Սկսանք ժամադրուիլ եւ Սենթրըլ Փարք երթալ: Ձեռք ձեռքի բռնած պտոյտներ՝ թաւուտներուն ետեւն ալ գիրկընդխառնում եւ համբուրուիլներ: Հաճելի, երազային օրեր էին: Կերպարանափոխուած էի գրեթէ: Շաբաթ կէսօրէ վերջ մը սակայն, Ճուլիան որ միշտ ճշդապահ կ՛ըլլար, ժամադրութեան չեկաւ: Սպասեցի ժամէ մը աւելի, ապա մտահոգ՝ գացի պաղպաղակատունը եւ հեռաձայնեցի. տունն էր: Ըսաւ թէ հայրը դէմ էր մեր հանդիպումներուն եւ դեռ՝ իտալացի հարուստ փեսացու մը ճարեր էին իրեն համար, որով, հարկադրուած էր վերջ տալ մեր հանդիպումներուն: Կատարեալ սառած ջուրի ցնցուղ գլխուս: Կատաղութեամբ փակեցի հեռաձայնը եւ սկսայ շլմորած վազել դէպի Փարք: Ժամերով, աննպատակ, մտամոլոր չափչփեցի ծառուղիները: Բիւրաւոր մեղուներու թժժոցն էր ականջներուս մէջ: Յոգնած ու սպառած, ապաստանեցայ թաւուտներով եւ խտաշարք ծառերով մեկուսացած մեր անկիւնը եւ փռուեցայ մեր սովորական նստարանին վրայ: Լալու անդիմադրելի փափաք մը կը պրկէր կոկորդս: Կռնակիս վրայ պարկած, աչքերս անթարթ սեւեռեր էի վերի խիտ տերեւներուն: Երկինքէն, - որ կապարի պէս գորշ էր, ծանր ու ճնշիչ,- հազիւ ափի մը լայնութեամբ ծուէն մը կ՛երեւէր: Ցուրտ էր՝ մարմինս կը սրսփար: Բայց կը յամառէի պառկած մնալ: Կ՛ուզէի, հիւանդանալով պատժած ըլլալ խոստումնադրուժ Ճուլիան: Ժամեր յետոյ, յանկարծ նկատեցի որ փոխուած բան մը կար շուրջս: Մարմնիս դողը անցեր էր: Նոյնիսկ տարօրինակ ջերմութեան հոսանք մը պատեր էր զիս: Տարօրինակ զգացողութիւն մըն էր. մարմինս իմս էր, բայց ես՝ ես չէի: Շրջապատս ա'լ Սենթրըլ Փարքը չէր կարծես: Այլ, պառկեր էի կանաչայորդ ձորի մը լանջին, խոտերու մէջ թաղուած: Վերը, պայծառ երկինք մը կար, կապո'յտ, կապո՜յտ ու պսպղուն անհունութեամբ: Ու ամառ էր, սաստիկ տաք: Կէսօրը ծնծղայ կը զարնէր: Մօտիկ թաւուտներէն ծղրիթներու համերգն էր միալար ու յամառ: Վարէն, ձորի խորերէն, մօտակայ գետի մը ֆշշոցն էր ահարկու: Բերնիս յարդի շիւղ մը՝ ի՜նչ երազներ կը հիւսէի: Ու սիրտս, ահա՛, պիտի պայթէր ուրախութենէս՝ երբ յանկարծ հին ու ծանօթ ձայնով մը հնչեց արծաթէ կանչը աղջկան. Ուհո՛ւ...ուհո՛ւ... ուհո՜ւ... Աշո՜տ, ո՞ւր ես... Սրտադող, շուարած՝ նայեցայ վեր, ձայնին կողմը: Ժայռերուն վրայէն պարմանուհի մը ինծի կը նայէր եղնիկի աչքերով: Ժպտուն, բոց ու կրակ աչքեր էին սեւ, ընդգծուած յօնքերով: Երկար ու կարմիր պարեգօտին մէջ նրբագեղ մարմինը կը շորորար ուռենիի նազանքով: Ու յորդ, սեւ մազերուն ջրվէժը, ինկած պտղուն կուրծքերն ի վար, լոյսի կախարդական ծփանքներ կը ցոլացնէր: Ժպիտին մէջ խաղ ու նազանք կար, խինդ ու հրաւէր: Կարելի՞ էր դիմանալ այդքան նազանքի: Արտորանքով տեղէս վեր ցատկեցի: Ցատկեցի՝ ու տեսիլքը չքացաւ մէկէն: Դարձեալ Սենթրըլ Փարքի մենաւոր նստարանիս վրայ գտայ ինքզինքս: Շշմած էի. միթէ՞ երազ էր տեսածս: Բայց աչքերս չէի փակած բնաւ: Վստահ էի. չէի՞ նայեր միթէ վերի սաղարթներուն... ուրե՞մն... բացատրութիւն չունէի: Սակայն, ի'նչ ալ եղած ըլլար պատահածը, հրաշքի պէս էր: Ապացոյց որ արդէն մոռցեր էի Ճուլիան եւ իր դրժումը: Ձեռքերս թխմած գրպաններուս մէջ, սուլելով կը քալէի դէպի տուն: Ոտքերս կարծէք չէին դպչեր մայթերուն: Կախարդուած, կը թռէի, կը ծփայի օդին մէջ : Այս միջադէպէն ետք սկսայ փնտռել առանձնութիւնը: Ընկերներս ձանձրացուցիչ սկսան թուիլ եւ աղջիկներն ալ՝ անհրապոյր: Ոչ մէկ ճիգ թափեցի Ճուլիային հանդիպելու եւ բացատրութիւն պահանջելու: Անտարբեր դարձեր էի ամէն բանի նկատմամբ: Կար ու չկար, Սենթրըլ Փարքի իմ մենաւոր անկիւնս կար: Ազատ բոլոր ժամերուս, մեքենականօրէն, կը փութայի դէպի թաւուտներու նստարանս: Անձկութեամբ կը սպասէի կախարդանքի վերադարձին: Կարմիր պարեգօտով աղջկան տեսիլքին: Հաստատ համոզումն ունէի, որ ան կրկին պիտի յայտնուէր: Եւ այդպէ'ս ալ պատահեցաւ: Երկրորդ յայտնութիւնը տեղի ունեցաւ հինգ օր յետոյ: Երրորդը՝շաբաթ մը ետք: Ապա՝ տասնօրեակներու պարբերականութեամբ: Նոյն տեսարանն էր միշտ: Ձորալանջի նոյն կանաչութիւնը, ծղրիթներու երգը եւ վարի սանձազերծ գետին նոյն շառաչը: Եւ անշուշտ, կարմիր պարեգօտով նոյն աղջիկը՝ հերարձակ ու ժպտագեղ: Ապա՝ արծաթահունչ նոյն կանչը. Ուհո՛ւ...ուհո՛ւ... Աշո՜տ, ո՞ւր ես... Ո՞վ էր այդ երանելի Աշոտը: Ո'վ էր կարմիր պարեգօտով աղջիկը: Եւ ինչո՞ւ միշտ միեւնոյն հանգոյցին կը չքանար տեսիլքը, զիս ապշահար եւ յոգնասպառ վերադաձնելով Սենթրըլ Փարքի անհրապոյր իրականութեան: Գուցէ պատճառը պառկած տեղէս միշտ վեր ցատկե՞լս էր: Քանիցս որոշեցի աղջկան յայտնութեան չշարժիլ բնա'ւ: Բայց ի զուր. կամքէս անկախ, ներքին զսպանակ մը ոտքի կ՛արձակէր զիս եւ տեսիլք-կախարդանքը կը ցնդէր անմիջապէս: Ա'լ հաճոյք չէր, այլ՝ տառապանք, տեսակ մը սպառիչ յաճախանք: Ժամանակ մը որոշեցի ա՛լ Սենթրըլ Փարք չերթալ: Երրորդ օրը արդէն ջիղերու թնճուկ-կծիկ էի դարձած: Իսկ չորրորդ օրը լրիւ հիւանդ՝ շնչահեղձութեամբ եւ գլխու պտոյտով: Յաջորդ օրը դարձեալ հլու հնազանդ՝ նստեր էի Փարքին մենաւոր նստարանին, անձկութեամբ տեսիլքին սպասելով: Տարի մը տեւեց այս հոգեվիճակը: Հոգեվա՛րք եւ հոգեզմայլանք միանգամայն: Հաշիշամոլի պէս էի. կամազուրկ եւ հեշտասէր: Ոչ կեդրոնանալ եւ ոչ ալ ուսանիլ կրնայի: Լքեցի գալէճը: Հայրս փոթորիկ բարձրացուց: Առանձնութիւնս աւելի շեշտուեցաւ: Ստուերի պէս կը մտնէի-կ՛ելլէի տունէն: Կը խուսափէի բոլորէն: Մէկ մտասեւեռում ունէի. մեկուսանալ եւ սպասել տեսիլքին: Ինչպէ՞ս անցուցի այդ օրերը, ինչպէ՞ս տոկացի, չեմ գիտեր, յստակ չեմ յիշեր: Մղձաւանջայի՞ն օրեր էին թէ երանութեան՝ չեմ կրնար որոշել: Դատումն ու կամքը հոն տեղ չունէին: Նախատնօրինուած ուղի մըն էր, ուրկից պէտք էր անցնէի: Եւ անցա'յ: Անցայ յոգնած, հոգեկան անդորրս կորսնցուցած: Որովհետեւ, վերջին շրջանին, միայն աղջկան տեսիլքը չէր որ կը խռովէր հոգիս: Ուրիշ պատկերներ ալ սկսան հալածել զիս: Առօրեայիս, շրջապատիս եւ անձիս հետ ոչ մէկ առնչութիւն ունեցող տարօրինակ դէպքեր, արտառոց հանդերձանքով անծանօթ մարդիկ ու կիներ, բնաւ չայցուած վայրերու շրջանակով, յանկարծ, պահ մը, կը պարզուէին աչքերուս առջեւ եւ կ՛աներեւութանային՝ շարժանկարային ագուցման եւ փոխանցման այն աղօտ նկարներուն նման: Այդ դէպքերուն մէջ կարծէք ներկայ էի եւ չէի: Վայրերը այնքան ալ անծանօթ չէին թուեր: Սակայն ո՞ւր կրնայի տեսած ըլլալ այդ ծուռ ու նեղ գռիհները, ե՞րբ կրնայի այցելած ըլլալ կամարակապ, գմբեթազարդ այդ շինութիւնները՝ երբ տակաւին Նիւ Եորքէն դուրս ոչ մէկ տեղ գացած էի: Իսկ թէ նիւ Եորքին մէջ կայի՞ն այդպիսի փողոցներ կամ շինութիւններ՝ կ՛անգիտանայի: Ուրե՞մն...
-Գ -
Հորս մահը ցնցեց էութիւնս եւ սթափեցուց զիս: Վերջապէս մղեց մտածումի եւ դատումի: Արթնցայ թմբիրէս խղճի ահաւոր խայթով, համոզուած՝ որ ես էի եղած հօրս մահուան պատճառը: Բարեբախտաբար, երկար չտեւեց այս նոր տառապանքը. խնամող բժիշկէն իմացայ, թէ հայրս սրտի անբաւարարութիւն ունէր երկար ժամանակ, եւ թէ չէր ուզած հիւանդութիւնը մեզի յայտնել, քաջութեամբ, առանձինն կրելով իր խաչը մինչեւ վերջին շունչը: Ա'լ բուժուած էի: Սենթրըլ Փարքը ալեւս չէր հրապուրեր զիս: Ձերբազատուած էի տեսիլքներէս: Բայց առանձին էի միշտ: Ոչ մէկ մտերիմ ունէի, բացի գծագրումներէս: Բայց ածխամատիտն ու ջրաներկը ա՛լ չէին գոհացներ զիս: Մակերեսային եւ թեթեւ կը թուէին բարդ ներաշխարհս արտացոլելու համար: Որոշեցի իւղաներկ գործածել, բայց անդրադարձայ որ անգիտակ էի անոր թեքնիքին: Ուստի, սկսայ գեղանկարչութեան դասընթացքներու հետեւիլ: Վճռեր էի սկիզբէն սկսիլ ամէն բան: Արձանագրուեցայ Նիւ Եորքի նշանաւոր Արուեստից Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարանը, հոն, ուր տարիներով դասաւանդեր էր մեր հանճարեղ Արշիլ Կորքին: Ճարտարութիւն ձեռք ձգելու համար, անտրտունջ գծեցի ու նկարեցի անվերջանալի կուժեր, ծաղիկներ եւ աթոռ-սեղաններ: Նաթիւր մորթերուն վրայ աւելի սիրով աշխատեցայ. ջանացի թրթռացում ու կեանք տալ անկենդան թէյամաններուն, վառ գոյներով բռնկեցնել խնձորն ու խաղողը, նարինջն ու պանանը: Ամէն ինչ իր բնական ընթացքին մէջն էր: Ա'լ շուրջիններուս պէս սովորական մարդ մըն ալ ես էի, լուռ ու քաշուուղ տղայ՝ որ երկարատեւ յուսախաբութենէ ետք կը փորձէր գոնէ միջակ նկարիչ մը դառնալ: Շա՞տ էր ուզածս: Բայց ինծի զլացուեցաւ այդ քիչն իսկ: Դէպքը պատահեցաւ աւարտականի վերջին տարին: Արդէն անցեր էինք բուն իւղանկարչութեան, ծաւալուն պաստառներու գործածութեան: Հիմնականօրէն մարդ կը վրձինէինք, այսինքն՝ մերկ կին: Այլազան պարմանուհիներ վճարովի կու գային, որպէս բնորդ կը մերկանային եւ կ՛անշարժանային փոքր պատուանդանին վրայ: Ու մենք կը վարժուէինք զիրենք գծել ու նկարել: Սկիզբները, այդ մերկութիւններուն դիմաց, տարօրինակ խռովք մը կը զգայի: Աչքերս կը շլանային: Չէի կրնար կանացի մարմնին կորութիւններն ու նրբութիւնները իրապաշտօրէն նմանակել: Անոնք, իմ մօտ, միշտ չափազանցոած կամ այլանդակուած դուրս կու գային: Ուսուցիչներս սկսան ձեռք առնել անճարակութիւնս եւ դասընկերներս ալ ծաղրել զիս: Անգամ մը, նոյնիսկ, բնորդուհի մը նշմարելով իմ նկարած եղծուած իր մարմնանկարը, ջղայնացաւ ու հրապարակով անարգեց զիս: Զիս ծաղրով, նորելուկ Քոքոչքա անուանեցին հանրածաօթ եղծանկարիչին անունով: Այս պայմաններուն եւ մթնոլորտին մէջ, կարելի չէր շարունակել: Ա՛լ կը պատրաստուէի դասերս լքել, երբ պատահեցաւ նոր դիպուածը:- Ունեցանք նոր բնորդուհի մը: Մոտիկլիանիի կիներուն յատուկ երկար ու բարակ վիզ մը ունէր, մինչեւ կոնքերը գահավիժող մազերու յորձանուտ մը եւ ածուխի պէս սեւ, ընդգծուած աչքեր: Իր շարժումներուն մէջ հեզ ու խոնարհ՝ երբ մերկացած եկաւ ու կանգնեցաւ պատուանդանին վրայ, տառապանքի խոր թախիծը կար աչքերուն մէջ: Կը սրսփար գրեթէ: Փետրուարեան ցուրտ օր մըն էր, գորշ ու մշուշոտ: Քիչ մը տաքնալու համար, թեւերը կուրծքերուն մօտ ծալլած, ծունկի եկաւ եւ աղուոր աչքերը սեւեռեց վերի պատուհաններուն: Զարմանալիօրէն, իր մերկութեան դիմաց ոչ խռովք եւ ոչ ալ շլացոմ ունեցայ: Խանդաղատանքի ալիք մը պարուրեր էր զիս: Վերցուցի վրձիններս եւ սկսայ ինքնավստահ ուրուագծերը ձեւաւորել: Ինքնեկ ձեւով ալ եկան գոյներն ու երանգները, արտայայտութիւնն ու կշռոյթը: Ամէն ինչ կ՛ընթանար բնական պարզութեամբ: Հոգեզմայլանքի մէջ վերացած, կը կռուէի պաստառին դէմ: Ուրիշ ոչինչ կը նշմարէի: Ես էի, բնորդուհին ու պաստառը: Կը զգայի որ գոյներս կը բոցավառէին եւ գիծերս ալ հաստ ու ճապուկ, մսեղ եւ ողորկ ձեւերու խրախճանք մը կը սարքէին: Այս վերացումին մէջն էի, երբ յանկարծ, ետեւէս հնչեց ուսուցիչիս բացագանչութիւնը. - Օ՜, մայ Կատ, Սամս'ըն, մերկ աղջիկը Աստուածամա'յր դարձուցեր ես… Սթափեցայ: Զգաստ՝ նայեցայ պաստառին: Արդարեւ, ինծի կը նայէր փառահեղ Աստուածամայր մը, հարազատ հայ Աստուածածին մը՝ վառ կարմիր եւ եւ մութ կապոյտ , բազմածալք հանդերձանքով: Լաչակ չունէր: Երկար մազերուն հիւսկերը շնորհալիօրէն կը պսակէին քիչ մը ձախ հակած անոր ձուաձեւ դէմքը: Նշաձեւ աչքերուն մէջէն կը ծորէր թախիծ մը տրտմանոյշ: Երբ գիտակցութիւնս լրիւ ըմբռնեց պատահածը, խենթ ուրախութիւն մը առաւ զիս իր պտուտահողմին մէջ ու խայտաց խնդուքս սանձազերծ: - Տարիներէ ի վեր, առաջին անգամ էր որ այդպէս անկաշկանդ կը խնդայի: Ա'լ ի՜նչ փոյթ, թէ շուրջս գոռում գոչիւն էր, հրմշտուք ու քաշքշուք՝ տեսնելու համար մերկ բնորդուհիէն ծնած Աստուածամայրը: Ուրախութիւնս նկարածիս կատարեալ յաջողութեան համար չէր: Այլ այն, որ անոր դիմագծերուն ընդմէջէն, հեզ ու մեղմիկ ինծի կը ժպտէր կարմիր պարեգօտով ձորալանջի աղջիկը: Ճիշդ ու ճիշդ անոր աչքերն էին, կամար ունքերը, անոր բոլոր իւրայատուկ գիծերով: Ու ինծի կը թուէր, թէ ահա՛ պիտի հնչէր նաեւ անոր անխուսափելի կանչը. -Ուհո՛ւ… Ուհո՜ւ… Աշո՜տ…
-Դ -
Վերջապէ՜ս, յաջողեր էի: Գտեր էի Փնտռածս եւ պէտք չունէի դասընթացքներուն: Ա'լ իմս էր հրաշալիքներու աշխարհը: Տեսիլքներուն ալ կարիքը չունէի: Իմ հասկցած ձեւով, նուաճեր էի գիծի եւ գոյնի այն կարողականութիւնը, որ ինծի պիտի բերէր կախարդանքի անսահման աշխարհը: Լքեցի դասերս բայց չծուլացայ: Օրերով կը փակուէի աշխատանոցի վերածուած մեր տան ստորերկրեայ մառանը, եւ հոն,մեծ թափով, կը նկարէի եւ կը գծէի: Մտապաստառիս վրայ յստակ ու մեկին ներկայ էր տեսիլքներուս աշխարհը, հեքիաթային իր երանգով, տարաշխարհիկ իր կենդանութեամբ: Պաստառին վրայ կը վերակենդանացնէի հատուածներ ու պատկերներ հին տեսիլքներէս: Մառանիս պատերը շուտով բնակուեցան գոյներու նոր բռնկումներով եւ արտասովոր բազմութիւններով: Յոգնիլն ի՞նչ է՝ չէի գիտեր: Յաճախ, գիշերները կը լուսցնէի աշխատելով: Առտուայ դէմ, առանց հանուելու կը պառկէի աշխատանոցի խշտեակիս վրան: Եւ քունս կ՛ըլլար խաղաղ ու աներազ: Կէսօրուայ մօտ, կ՛արթննայի մառան իջնող մօրս ծանր քայլերու աղմուկէն: Ան ճռոցով կը բանար մառանին դուռը եւ կը վառէր լոյսերը: Խշտեակիս վրայ նստած, լոյսերէն շլացած աչքերով կը դիտէի պատերէն կախած իւղանկարներս ու անճրկած, հարց կու տայի ես ինծի. ո՞ւր տեսեր էի այս բոլոր արտասովոր տեղերն ու մարդիկը: Անշուշտ միայն ու միայն տեսիլքներուս մէջ: Բայց չէ՞ որ, ըստ Ֆրէօյտեան տեսութեան, տեսիլքներն ու երազները իրականութեան այլափոխումներն են միայն: Սակայն իմ պարագայիս, ո՞ր մէկ իրականութեան: Նիւ Եորք ապրող Սամսոն Առաքելեանի՞ս գորշ ու միապաղաղ իրականութիւնը թէ ուրիշի' մը: Թէ կայ ուրիշ մը՝ կասկածէ վեր է: Բայց ո՞վ է այդ ուրիշը, միւ'սը: Ի՞նչ կապ ունի հետս: Անկեղծօրէն չեմ գիտեր: Մայրս կըզգայ տառապիլս: Կը նստի քովիկս, յոգնած ձեռքերը կը տանի մազերուս ու կը շոյէ զանոնք գորովանքով: Ու ծուէն ծուէն խաղաղութիւնը կը պատէ հոգիս: Կը բանամ աչքերս ու կը տեսնեմ վրաս խոնարհած անոր մարախլապատ աչքերը աղերսարկու: Որքա՜ն տխրութիւն ու կարեկցանք կայ հոն ինծի համար: Արցունքի պատրաստ որքա՜ն քնքշութիւն: - Տղա'ս, այս ինչքա՜ն կ՛աշխատիս, մե՜ղք ես...միշտ ներսերը մնալը լաւ չէ: Դէմքդ գոյն չէ մնացեր, մեղք ես... դուրս ելիր երբեմն, մարդ-մարդասանք տես, փոխուէ: Ի՞նչ ըսեմ մօրս: Պատմե՞մ ցաւերս: Ի՞նչ կրնայ սակայն հասկնալ ան իմ բարդ գալարումներէս: Վստա'հ եմ. պիտի չհասկնայ ու աւելիով պիտի շուարի, խեղճանայ: Նոյնիսկ զիս խելագարած պիտի կարծէ: Ուստի կ՛աճապարեմ ժպտիլ փորձել, փարատելու համար իր վախը: Յետոյ, հլու հնազանդ, կը վայելեմ բերած ճաշը եւ կը խոստանամ ածիլուելով անմիջապէս դուրս պտոյտի ելլել:
Դուրսը, բարկ արեւէն աչքերս կը շլանան ուղղակի: Որքա՞ն ժամանակ է չեմ տեսած այս արեւը: Հիմա արդէն Յունիս ամիսն ենք. մեծ տաքերուն սկիզբը գրեթէ: Առաջուայ պէս փակուած կարելի չէ շարունակել: Ճար մը գտնելու եմ, նոր կենսաձեւ մը որդեգրելու համար: Կը բարձրանամ Հինգերորդ Պողոտային հոսանքն ի վեր: Աննպատակ քալելով, զարմացած կը դիտեմ վխտացող, խռնուող եւ մանաւանդ աճապարող այս բազմութիւնը: Ո՞ւր կ՛երթան, ինչո՞ւ կը վազեն՝ երբ այնքան հաճելի է, գաղջ արեւը վայելելով հանդարտ թափառիլ այս մայթերուն վրայ եւ անցնող-դարձող աղջիկներուն աչքերէն ժպիտ ու լոյս քաղել, գինովնալ անոնցմով: Մայրս իրաւունք ունէր. մոռցեր եմ կեանքի բուրմունքը, ապրելու քաղցրութիւնը: Հիմա այնպիսի կարօտ մը կայ ներսիդիս, պարզ ու աննշան կարծուած բաներու կարօտը, որ զիս շուարումի կը մատնէ. ուրկի՞ց սկսիլ, ի՞նչ ընել: Կ՛երեւի գերագոյն հաճոյքը այս հարցականն իսկ է, այս աննպատակ թաբառում- պտո՛յտը: Ահա կանգ կ՛առնեմ նկարչական ցուցասրահի մը առջեւ: Կը դիտեմ ցուցափեղկին որպէս նմոյշ դրուած քանի մը իւղանկարները: Վառ գոյներով բռնկումներ են: Կէտերու եւ գոյներու թեւածում մը՝ մասնաւոր ոչինչ ըսող: թիթեռնիկներ են կարծես, թեթեւ ու թափանցիկ: Ի՜նչ լաւ պիտի ըլլար եթէ ես ալ կարենայի նոյնպէս նկարել, հեզասահ ու լուսեղէն: Ո'չ կիրք, ո'չ ներքին կնճիռ եւ ոչ իսկ հատնում: Ուղղակի կը նախանձիմ այս անծանօթ նկարիչին: Ներողամիտ կը ժպտիմ ու կը շարունակեմ ճամբաս: Կ՛անցնիմ դիմացի մայթը: Հոն, ուշադրութիւնս գրաւողը գրախանութ մըն է: Նոփ-մոր , գրաւիչ կազմով ու կողքով գիրքեր են նայուածքս բռնողները, բայց խորագիրներէն կը գուշակեմ՝ վանող եւ վհատեցնող անհամութիւններ են. սեռ, դրամ եւ ոճիռ-արկած: Կը հեռանամ՝ փախչելու պէս: Ահա նաեւ ճամբորդական գրասենեակ-ցուցասրահ մը: Կանգ կ՛առնեմ. «ինչո՞ւ այս անոյշ խաբկանքին թակարդը չիյնալ կամովին, ինչո՞ւ չփորձել փախուստի այս աժան ձեւը,» կը մտածեմ ինքնածաղրական: Արդարեւ, Փարիզն ու Հռոմը, Աթենքն ու Պէյրութը, Ափրիկէն ու Ասիան, բոլորը՝ զիրար հրմշտկելով, հրաւիրող ժպիտով թեկնածու կը ներկայանան: Այդ գոյնզգոյն աֆիշները մէջս կ՛արթնցնեն արդէն մեկնումի անզսպելի փափաք մը: Ներս մտնել-չմտնելու երկմտանքիս մէջ, յանկարծ կը նշմարեմ ուրիշ ծանուցաթերթիկ մը: Կասկած չկա. հոն իշխողը մեր կաթողիկէն է, Աղթամարի Սուրբ Խաչ տաճարին գմբե'թը: Ներս կը մտնեմ, մօտէն կարդալու համար մանրամասնութիւնները.- Նիւ Եորքի Սուրբ Պատրիկ տաճարէն, հնագէտ-ուղեցոյց Հայր Թամըսի առաջնորդութեամբ կազմակերպուած է ուխտագնաց շրջապտոյտ մը, դէպի Արեւելեան Անատալու, ուսումնասիրելու համար քրիստոնէական հին եկեղեցիներն ու սրբատեղիները՝ տասնըեօթը օրով: Ամէն ինչը ներառեալ՝ երեք հազար տոլար: Ի՞նչ կ՛ըսես, Սամսո'ն: Ասկից աւելի փախուստի պատրուա՞կ… Չափուած, ձեւուած՝ ճիշդ քեզի համար: Առանց երկար-բարակ մտածելու կը մօտենամ ժպտերես պաշտօնեային:
- Ե -
Վաղը, առաւօտուն կը մեկնինք Անի: Մեր ուղեւորութեան վերջին օրն է եւ վերջին հանգրուանը:
Անհամբեր եմ հիւանդագին ըլլալու աստիճան: Որքա՜ն պիտի ուզէի, որ մեր ուղեծիրին վրայ Ակն քաղաքն ալ ըլլար: Մեր տան երազն էր տեսնել ծնողքիս եւ պապերուս ծննդավայրը: Հայրս չկրցաւ իրականացնել այդ երազը, գոնէ ես կարենայի: Բայց չեղաւ ու չեղա՛ւ: Ուղեծիրին վրայ չէր: Կարելի չէր ինծի համար փոփոխութեան ենթարկել ծրագիրը: Փորձեցի մասնաւոր արտօնութեամբ, առանձինս, մէկ օրով երթալ-գալ: Մեր խումբի պատասխանատու Հայր Թամըս չարտօնեց. վտանգաւոր գտաւ խումբէն բաժնուիլս: Հայ ըլլալու հանգամանքիս լաւապէս տեղեակ՝ ան, բոլորին առջեւ լռութեան մատնելով այդ փափուկ կէտը, ձախակողմեան քիւրտ հրոսակներուն վտանգը պատրուակելով, մերժեց առաջարկս: Հարկադրուած՝ համակերեցայ, քանի այլապէս, կրնայի Անին ալ փախցնել: Անին եւս կարեւոր էր ինծի համար: Չէ՞ որ, հայրս ինքզինք ամէնէն առաջ Անեցի կը դաւանէր, այն ալ՝ ազնուական սերուցքէն . « Ակընը,- կ՛ըսէր ան,- մարմնական ծննդավայրս է, իսկ Անին՝ հոգեկան:» Ուրեմն ինծի կը մնար մխիթարուիլ Անիով:
Մեկնակէտնիս Կարս քաղաքն էր: Կարսի անկազմակերպ, թափթփած այս պանդոկը: Յոգնած-դադրած, երկնցեր եմ ճրճռան մահճակալին վրայ եւ սպասելով մեկնումին, այս ուղեւորութեան հաշուեկշիռը կ՛ընեմ: Պէ՞տք էր նախաձեռնէի, այսպէս հապճեպ եւ անպատրաստից ձեւով: ճիշդը՝ ի՞նչ կ՛անկնկալէի: Ի՞նչ բանի հետամուտ էի: Ինքնախաբութեամբ, եթէ շրջապատէս կամ զիս չարչրկող հարցադրումներէն փախուստն էր պատրուակը, չարաչար կը սխալէի: Առանձնութիւնս եւ եւ մտալլկումներս մնացին եւ նոյնիսկ սրեցան ալ: Հետզհետէ յայտնաբերեցի, որ այս ուղեւորութիւնը դարձեր էր երթ մը դէպի ինքնութեան եւ էութեան ակունքները: Ուխտագնացութեան պէս բա՛ն մը: Ու վե՛րջ ինքնախաբութեան. ա՛լ յստակ գիտեմ թէ ելեր եմ այն միւսի փնտռտուքին: Միշտ ինծի հետ եղող այն միւսին: Աշոտի՛ն: Ջղայնացած կը նստիմ մահճակալին վրայ: Հանգչելու, հանգստանալու ձեւ չէ ասիկա: Սենեակը արդէն տաք է ու հեղձուցիչ: Իսկ առաստաղի հովահարը իր հոգեվարքային տնքոցով անխնայ ջիղերս կը սղոցէ: Ու ալ ի՞նչ հարցականներ, երբ հաստատ գիտեմ, թէ ճակատագրիս հրամայականն է, որ քաշեր, բերեր է զիս հոս, մինչեւ այս խուլ անկիւնները: Այո՛, գիտե՛մ, ինծի համար նախասահմանուած միակ ուղին է այս, կամքէս, կամեցողութենէս եւ դատողութենէս անկախ: Ուզեմ կամ ոչ՝ պիտի քալեմ այդ նախագծուած ուղիէն, մինչե՛ւ վերջ: Ո՛չ մէկ ոյժ, ոչ մէկ արգելք կրնայ կասեցնել կամ շեղել այդ երթը: Այն ատեն ինչո՞ւ այս մորմոքն ու խռովքը: ՝ Պա՛րզ է. սպասումն է զիս չարչրկողը: Այն ինչ որ կը սպասէի որ պատահէր, չիրագործուեցաւ դեռ: Տեսիլքներուս բացատրութիւնը, համոզուած էի, որ պիտի գտնէր իր վերջնական լուծումը: Այդ համոզումը ունեցայ, երբ ոտք դրի այս հողերուն վրայ: Որովհետեւ անմիջապէս հաստատեցի այս հողին, բնութեան, լոյսին ու բոյրին, մթնոլորտին ու շրջապատին նոյնութիւնը տեսիլքներուս պարունակին հետ: Հիմնական պատճառ մը այս մէկը՝ որպէսզի, արեւի ծագման սպասող արեւածաղիկին նման, ընկալչական բոլոր զգայարանքներս լայն բացած, սպասեմ տեսիլքներուս վերայայտնումին եւ բացայայտումին: Բայց անոնք, զարմանալիօրէն ուշացան, չեկա՛ն տակաւին: Բուժուե՞ր էի միթէ. Բայց ես հիւանդ չէի բուժուելու համար: Ո՛չ ուղեղային տենդ ունէի եւ ոչ ալ հոգեկան խանգարում: Տեսիլքներս զառանցանք չէին բնաւ: Ուրեմն, աւելորդ է խօսիլ բուժումի մասին: Միայն՝ հոգեմաշեցնող է այս սպասումը: Թէեւ, հաստատ գիտեմ, թէ այս լեռներուն ու դաշտերուն բնական ենթահողին վրայ պիտի անպայման բացայայտուին տեսիլքներս, պիտի հասնին իրենց լրումին: Ա'լ չեն կրնար ուշանալ, քանի վերջին օրն է շրջապտոյտին: Հլու, հնազանդ, համակերպած՝ կը սպասեմ: Մինչ այդ, մի այպանէք զիս, եթէ յոգնած ու սպառած, տրտնջամ երբեմն: Իսկապէս որ շատ ծանր ճնշեց վրաս այս ճամբորդութիւնը: Թէեւ օրինակելի կանոնաւորութեամբ կազմակերպոած էր ան: Նիւ Եորքէն Պոլիս, Փան Ամերիգընի թռիչքը անթերի եւ հանգստաւէտ էր: Թըրքիշ Էրլայնզն ալ յուսախաբ չըրաւ մեզ: Իսկ Վանէն մինչեւ Կարս, մեզի յատկացուած Փուլմանը օժտուած էր ամէն յարմարութիւններով: Ճիշդ է, դուրսի հեղձուցիչ տաքը, ճամբաներուն փոշին, քաղաքներուն կեղտն ու աղմուկը եւ սոխ ու սխտոր հոտող պանդոկներուն անյուսալի վիճակը, սպառեցին տոկունութեան եւ համբերութեան պաշարներս: Ինծի համար, թէեւ, անակնկալ մը չէին անոնք: Անսպասելին ու անտանելին՝ մեր լքուած կամ փլատակ եկեղեցիներուն սրտաճմլիկ վիճակն էր: Արհամարհուած ու սրբապղծուած՝ անոնք ցնցոտիներ հագած որբեվայրիներու տեսքը ունէին: Գեղեցիկ էին խղճալի վիճակի մէջ իսկ: Չսպասուած անկիւնէ մը երբ յանկարծ դէմս կ՛ելլէին, կը փոթորկէին ներաշխարհս, կը փշաքաղէին մարմինս: Կու լայի լուռ, ներքին արցունքներով: Դէմքիս անտարբերութեան դիմակ անցուցած՝ ներքնապէս կատաղութեան փոթորկումներ կ՛ունենայի: Ուղեկիցներս, տարեց ու միամիտ ամերիկացի զոյգեր, որոնք բերանբաց կը դիտէին ամէն բան, չէին կրնար նշմարել ծանր ապրումներս: Չէին կրնար ըմբռնել յամառող լռակեացութիւնս եւ մեկուսի մնալս: Պարզապէս զիս կը դասէին անհաղորդ, երկչոտ մարդու պիտակին տակ: Անհամ կացութիւն էր: Ոչ մէկ ջանք իմ կողմէս՝ փարատելու համար անախորժ այս տպաւորութիւնը: Այդպէս, աւելի ձեռնտու էր. նուազ հետաքրքրութիւն կը հրաւիրէի վրաս: Բայց յանկարծ փոխուեցաւ ամէն բան: Ախթամարը փրկեց զիս: Վանայ լիճը, երբ երկինքի խորունկ կապոյտը գրկած, յանկարծ ժպտեցաւ ինծի՝ մոռցած ամէն զգուշութիւն, ոտաբոպիկ եւ մանկացած, մտայ ջուրը: Թանկագին հարազատի մը համբոյրը զգացի այտերուս: Երեսներս լուացի կապոյտ զովութեամբ եւ ա՛լ արտահոսող արցունքներս պարտկեցի դէմքիս ցօղուած ջուրերով: Սուրբ Խաչ տաճարը իսկապէս որ «մա՜րվըլըզ» էր, ինչպէս սկսան բացագանչել ամերիկացի ուղեկիցներս: Վկայ՝ լուսանկարչական մեքենաներուն յանկարծ շատախօս դարձած շրխկոցները: Ես սակայն չկրցայ նկարել: Լուռ ու տրտում էի, մագնիսացած ու յափշտակուած: Հոլի պէս դարձայ տաճարին շուրջ: Աչքերս անբաւարար էին ընկալելու եւ ներսս ամբարելու համար խորաքանդակներուն գեղակերտ գիծերն ու ձեւերը, կառոյցին ստուերներն ու լոյսերը: Քանդակներ չէին անոնք միայն, այլ՝ ճիչ ու աղաղակ, կոծ ու կական: Չդիմացայ, վազելով գացի առանձնանալու ետեւի աւերակներուն մէջ: Մէկ առ մէկ համբուրեցի քարերը, հողը, շոյեցի խոտերն ու ծղոտները: Ու հո՛ն է որ անձկութեամբ, կարօտով ու տառապանքով սպասեցի, յուսացի որ լուսաւորուէր վերջապէս տեսիլքս իր իմաստով: Սուրբ Խաչն ալ չլսեց աղերսանքս: Հոգ չէ. կը սպասեմ դեռ: Կարս քաղաքի անհիւրընկալ պանդոկի սենեակիս մէջ, քրտնաթոր ու սպառած, գրեթէ լալագին՝ կը սպասեմ ճակատագրիս լրումին: Գուցէ այսօ՞ր… քիչ յետո՞յ…
-Զ -
Այսպիսի լռութիւն ե՞րբ եղեր է, չեմ յիշեր, չեմ գիտեր, չեմ կրնար երեւակայել: Լռութիւն մը՝ թանձր, զանգուածեղ ու քարեղէն, կախուած գլխուդ եւ հոգիիդ վրան, պայթելու պատրաստ, ամպրոպի մը նման՝ սպառնագին ու ահարկու: Անոր դէմ շունչդ կը կարկամի, կը կենայ պահ մը: Վախի արդիւնք չէ բնաւ, այլ՝ կախարդուած քաղաքի մը դէմ յանդիման գտնուելու մտածումէդ: Եղերական, շշմեցնող պատահար մը, կարծէք պտտահողմի մը հանգոյն եկեր, խեղդեր, աւերեր ու ամայացուցեր է քաղաքը եւ զայն պարուրեր՝ սա խենթեցնող լռութեամբ: Մինչդեռ, այնքան ծիծղուն է առաւօտը: Հնչեղ արեւ մը կայ անամպ երկինքէն կախ: Օդին մէջ՝ թռչուններ արագասոյր ու ճռուողուն, եւ հեռուն՝ բարտիներ օրօր-շորոր, արծաթամա՛ղ: Բայց անոնք ոչի՛նչ: Տիրականը սահմռկեցուցիչ լռութիւնն է: Ու սահմռկեր ենք իսկապէս բոլորս: Քով քովի կծկուած, շշմած կեցեր ենք մեր Անի քաղաքին աւերակ մուտքին, դարպասի զոյգ մը զանգուածեղ աշտարակներուն դիմաց: Անոնց թիկունքին, պարսպապատերուն երկայնքին, ուրիշ աշտարակներ ալ կան, աւելի փոքր եւ նուազ անվթար: Ամբողջութիւնը աւերակներու տպաւորութիւն չի թողուր, այլ խորհրդաւոր ոյժի, վեհութեան եւ ներդաշնակութեան համադրութիւն մը կը ստեղծէ: Չես կրնար պատկերացնել, թէ հոն ա՛լ կեանք գոյութիւն չունի: Կը սպասես որ, ահա ուր որ են, հնչեն պղինձէ շեփորները, եւ հայոց զօրականներն ու այրուձին խուժեն դարպասներէն դուրս: - Այս հսկայ պարսպաշարը կառուցուած է հայոց Սմբատ արքային կողմէ, հազարամեակ մը առաջ,- դարանիստ լռութիւնը յանկարծ կը խզէ Հայր Թամըս: Ազդանշանն է սթափումի: Բոլորը կը խռնուին առաջնորդին շուրջ: Լոսանկարչական գործիքները գործի կ՛անցնին: Զբօսաշրջիկութիւնը կը մտնէ իր հունին մէջ: Ես՝ անշարժ կը մնամ: Եւ՝ մեկուսի: Ներսս զգացումներու խառնարան մըն է, մտածումներու հրմշտուք: Ուրիշներուն պէս չեմ կրնար բանեցնել լուսանկարչական մեքենաս: Թուրիսթ չեմ: Բացատրութիւններուն պէտք ալ չունիմ: Կարծես վաղուց եւ սերտօրէն կը ճանչնամ այս հողն ու քարերը: Ես պէտք է որ երկիւղածօրէն ծունկի գամ ու համբուրեմ այս սուրբ հողը: Պէտք է որ սգամ ու ողբամ իմ որբ Անիս: Պէտք է մխիթարեմ, յոյս տամ անոր, ամոքեմ ցաւը: Ա'յդ է տրամաբանականը, միակ փափաքս: Բայց ուրկի՞ց ուր, օտարներուն առջեւ տկար չերեւալու անկոչ հպարտութիւն մը կը կ՛աշկանդէ զիս: Ու, պատի մը յենած, որպէս թէ անտարբեր՝ կը դիտեմ աւերակները: Նորութիւն մը չեն ներկայացներ անոնք ինծի համար: Արդէն տեսած ըլլալու հաստատ տպաւորութիւնը ունիմ: Բայց, իրա'ւ, ո՞ւր եւ ե՞րբ տեսեր եմ: Առեղծուած է ուղղակի: Վստահ՝ գիրքերուն մէջինները չե'ն: Ասոնք բոլորովին տարբեր կենդանութիւն մը ունին: Ահա', ալիք առ ալիք, ծփանուտ եւ աղօտ պատկերներով պարիսպները կ՛երերան, կը յստականան: Ակնթարթ մը եւս՝ ապրող քաղաքի մը բացուող դարպասի կը վերածուին: Կեանքի, եռուն առօրեայի աղմուկն է, որ կը խուժէ պատերէն դուրս: Ուր որ են, պիտի հնչեն հիմա ու ղօղանջեն քաղաքին հազար ու մէկ եկեղեցիներուն զանգակները: Երեւակայութեան խաբկա՞նք է այս թէ ցնորք: Ամենեւին: Ապացոյց, որ կը քալեմ հաստատաքայլ ու կը յառաջանամ, լայնանիստ , սալայատակուած այս պողոտայէն եւ ստոյգ գիտեմ, թէ քանի մը անգամ ոլորուելէ ետք, ան զիս պիտի հասցնէ Շահաստանի եռուզեռին: Վերջն ալ , դէմս պիտի ցցուի Միջնաբերդը: Անհամբեր՝ կը սկսիմ վազել: Աջին, պահականոցն են, զօրանոցներն ու մարզարանները: Ձախին կը յայտնուին արքայական ախոռները, իրենց յարդի կծու հոտերով: Անդին, բաղնետուներն են գմբեթաձեւ իրենց երդիքներէն բարձրացող ծուխերով: Եւ ահա' նաեւ Ամիրայապետին մարմարակերտ շքեղ պալատն ալ: Հասայ գրեթէ. անկիւնադարձին Շահաստանն է, շարուէ շարան, խայտաբղէտ կրպակներու իր շարասիւնով: Բայց, սպասուած աղմուկին եւ եռուզեռին փոխարէն, ծանր լռութիւնն է իշխողը: Ո'չ մէկ շունչ: Ո՞ւր են մարդիկ: Խուճապահար կ՛արագացնեմ վազքս, ու դէմ յանդիման կու գամ Մայր Տաճարին: Խունկի բոյրն ու երգեցողութեան ձայնը, զիս մագնիսացած կը քաշեն դէպի ներս: Առաջին պահ, կը խտխտան աչքերս: Վառեր են բոլոր ջահերը բիւրաւոր մոմերով: Բիւրեղեայ հնդկական հսկայ ջահն է՝ կը փայլփլի իր լուսեղէն հրաշքով: Ու հաստաբերձ կամարներուն տակ կը թնթայ բազմաձայն շարականերգութիւնը: Սակայն չեմ կրնար ըմբոշխնել հոգեպարար երգեցողութիւնն ալ: - Հոս ալ ամայութիւն է: Մարդ մարդասանք չկայ: Վախցած՝ կը վազեմ դուրս: Կ՛ուղղուիմ դէպի Ախուրեան գետի ձորը: Բնութեան մէջ հետզհետէ կը հանդարտիմ: Դանդաղաքայլ կ՛իջնեմ ձորն ի վար: Կանաչի հրդեհ կայ վարը եւ գոյներու համերգ: Ձորալանջին թզահասակ խոտեր կան թարմ ու բուրեան: Կը նստիմ, կը թաղուիմ անոնց մէջ, հոտ կը քաշեմ: Ապա կը պառկիմ կռնակի վրայ ու կը շլանամ. վերը, երկինք մըն է, կապո՛յտ-կապո՜յտ, պսպղո՛ւն, անսահմա՜ն: Մօտիկ թաւուտներէն համատարած երգն է ծղրիթներուն, իսկ վարէն, սանձազերծ Ախուրեանն է որ կը ֆշշայ վիշապաձայն: Ամառ է, սաստիկ տաք ու չոր: Ու հակառակ Ախուրեանի ու ծղրիթներու համերգին, նոյն թանձր լռութիւնն է կախուեր օդին մէջ ու շնչահեղձ կ՛ըլլայ: Սպասում մը կայ, լարուած, անբնական, անբա՛ցատրելի: Նիրհը բարիք մըն է, որ պահ մը կ՛առնէ զիս իր գիրկը: Բայց յանկարծ կ՛արթննամ ու կը նստիմ սրտադող: Չեմ սխալած, վերէն մէկէն կը հնչէ արծաթահունչ կա՜նչը… -Ուհո՛ւ…ուհո՛ւ…ուհո՜ւ…Աշո՜տ… Կը նայիմ ձայնին ուղղութեամբ. հո՛ն է , աղջի՛կն է, ժայռերէն վեր, բացատին վրայ: Ձեռքով նշան կ՛ընէ: Հեռու չէ, եթէ երկարեմ ձեռքս կարծես կրնամ բռնել: Սեւ, աչքերուն շողացող ժպիտ կայ: Կարմրախայտ հագուստին վրայ, մազերուն հիւսկերը բոլորեր են նորածիլ կուրծքերը: Խայտանք ու հրաւէր է ամբողջութեամբ: Լսած չըլլալ կը ձեւացնեմ, դարձեալ լսելու համար իր կանչը՝ որ չուշանար. -Ուհո՛ւ… ուհո՜ւ… Աշո՞տ… Ա՛լ համբերել չեմ կրնար: Ոտքի եմ արդէն: Կը վազեմ դէպի վեր: Բայց զարմանալի, չեմ յառաջանար: Տեղվազք է ըրածս: Ինչո՞ւ: Արիւն քրտինքի մէջ եմ արդէն: Կը շարժեմ սրունքներս բայց չեմ յառաջանար: Ու աղջիկն ալ կը հեռանայ կարծես: Կանգ կ՛առնեմ, հեւասպա՛ռ: Կ՛ուզեմ ձայն տալ, բայց կ՛անդրադառնամ որ աղջկան անոնը չեմ գիտեր: Չեմ յիշեր: Վստահ եմ, եթէ կարենամ յիշել անունը եւ ձայն տալ՝ պիտի կարենամ հասնիլ անոր: Միայն թէ կարենամ… Աստու՜ած իմ…ձիերու ի՞նչ թոփիւն է այս… -Աշո՜տ, հասի՜ր… Աշո՛տ, օգնութի՜ւն… Այս անգամ աղիողորմ է ձայնը: Երկու ձիաորներ են, սպառազէն ու բարբարոս: Շիլ ու շեղ աչքեր ունին ու բորենիի քրքիջ: Բռներ են աղջկան ձեռքերէն ու կը փորձեն ձիուն վրայ քաշել զինք: Աղջիկը կ՛ընդիմանայ, կը պոռչտայ ու կը խածնէ առեւանգող ձեռքերը: Գրեթէ կը տապլտկի ձիուն սմբակներուն տակ: Օգնութի՜ւն… Ա'լ թեւեր առած, կը սլանամ դէպի վեր: Կը հասնիմ սպիտակ ձիաւորին եւ կը խլեմ աղջիկը անոր ճիրաններէն: Զինուորը մոնկոլական շեղ աչքեր ունի վրաս յառած ու կատղած ձին վրաս կը քշէ: Ես ալ կը խոյանամ ու արագ, անզուսպ շարժումով զինք վար կը քաշեմ ձիէն: Կոկորդ կոկորդի փակած, կը թաւալուինք գետնին վրայ: Կը բարձրացնեմ բռունձքս հարուածելու համար, երբ կը լսեմ աղջկան ճիչը. -Աշո՛տ, զգո՛յշ: Բայց ուշ է արդէն: Տէգը կը խրի կռնակէս ու զիս կը գամէ հողին: Աշխարհը կը մթննայ մէկէն: Ահաւոր ցաւը կը կծկէ մարմինս: Տառապանքով կը բանամ աչքերս ու կը մրմնջեմ. - Աշխէ՜ն…հոգի՜ս… Ակռապլիկ ու խենեշ քրքիջ մը ձիուն վրայէն կը շպրտուի դէմքիս: Մազոտ ձեռքեր , Աշխէնս գրկած կը տանին ձիուն վրայ: Ու հետզհետէ՝ հեռացող սմբակներու մեռնող արձագանգ: Սպիտակ, անե՛զր, համատարա՜ծ լռութի'ւն:
Անահիտը (Քմայապատում)
- Ա -
Մուտքի փոխարէն, ինծի թոյլ տուէք պարզ հարցում մը. երզնկացի հայ տեսե՞ր էք: Տարօրինա՞կ է հարցումս: Գուցէ անկապ կամ չպատճառաբանուա՞ծ: Բնա՛ւ. հարցումս սերտ առնչութիւն ունի պատմելիքիս .հետ: Ուրեմն կրկնեմ. երզնկացի հայ տեսե՞ր էք: Գրաւի կու գամ, որ ձեզմէ շատ քիչեր տեսեր են: Գուցէ ոչ ո՞ք: Չեմ զարմանար: Օրինաչափը այդ պիտի ըլլար, քանի որ թիւով այնքա՜ն քիչ են այդ տեսակի հայերը: Իսկ եղածն ալ, տարտղնուած՝ ի սփիւռս աշխարհի: Անշուշտ միշտ այսպէս չէ եղած: Մեծ Եղեռնէն առաջ, միայն Երզնկա քաղաքին մէջ տասնըհինգ հազարէն աւելի եղած է անոնց թիւը: Բայց բռնագաղթի արիւնոտ ճամբուն վրայ, Կամախի կիրճերու անցքին, թուրքերը տասնըերեք հազարը ջարդեր են: Իսկ Տէր Զօր հասած մնացորդացէն, քիչերը միայն կրցեր են ճողոպրիլ նախճիրէն: Գիտեմ, երկարեցի այս մուտքը: Պարզ հարցում մըն էր, ու ահա՛ ուր հասայ: Հարցումը դարձաւ վառօդի տակառ: Մինչդեռ, ըսել ուզածս այս էր. քանի որ երզնկացի հայ չէք տեսած, հրամմեցէ՛ք, օգտուեցէ՛ք առիթէն եւ ծանօթացէք. անունս Երուանդ Վիրապեան է, ուղն ու ծուծով երզնկացի: Կ՛երեւի Վիրապեան տոհմանունը ձեզի ոչինչ յուշեց: Բնական է, Երզնկան չէք ճանչցած: Ուրեմն՝ բացատրեմ. Երզնկան համբաւուած էր երկու բանով. իր գործած բեհեզներով եւ Վիրապեան տոհմով: Խորքին մէջ, միայն՝ Վիրապեանով, քանի որ առանց անոնց բեհեզ չէր կրնար ըլլալ Երզնկային մէջ: Անոնց մենաշնորհն էր բեհեզի արտադրութիւնն ու արտածումը: Ահա՛, այս մեծանուն գերդաստանին վերջին շառաւիղն եմ, ե՛ս, համեստս: Այսպէս՝ բեհեզ եւ Վիրապեան զիրար կ՛արժեւորեն: Խնդրե՛մ. մի քմծիծաղիք: Որոշ է, որ չէք գիտեր բեհեզին կարեւորութիւնն ու իմաստը: Եկէք, ինչ կ՛ուզէք ըրէք, բայց բառարանին մի դիմէք, հասկնալաու համար : Հոն, պարզապէս պիտի գտնէք « ազնիւ եւ նուրբ կերպաս» բացատրականը միայն: Սա միեւնոյնն է՝ երբ ոսկիին համար ըսուի ՝ «ազնիւ եւ նուրբ մետաղ»: Իսկ երզնկացիին համար, ամէն բանէ առաջ բեհեզը ապրում է, գոյներու կախարդանք ու գեղեզկութեան մատչում, երգ ու պար է, կեանքի վայելք եւ նաեւ՝ երազանք: Նոյնիսկ՝ ապրելակերպ ու աշխարհահայեացք: Այս բոլորին իրազեկ դառնալու համար, պէտք է երզնկացիի աւանդասիրութիւնը ունենալ: Ես այդ աւանդութեան մա՛րդն եմ: Թէեւ բեհեզագործ չեմ, բայց կերպասի վաճառական եմ: Եղծանուած ու շրջուած այս աշխարհին մէջ, ուզես կամ ոչ՝ բեհեզը պիտի փոխարինէս կերպասով: Հիմա, նոյնիսկ «կերպասի վաճառական»ը ձեր գիտցածը չէ. վաճառական եմ առանց վաճառատունի: Պէյրութ քաղաքի կերպասավաճառներու շուկային մէջ ունեցած վաճառատունս մոխրացած է: Մեր ներքաղաքացիական պատերազմը քանդեց նաեւ մեր ամբողջ շուկան: Բարեբախտաբար, ես նախապէս կանխագուշակելով, բոլոր ապրանքներս փոխադրեր էի տունս: Հինգ ընդարձակ սենեակներով եւ երկու սրահներով յարկաբաժին մը ունիմ հայկական թաղերուն մէջ: Ինչ ալ ըլլայ, տունը սակայն չի կրնար փոխարինել վաճառատունը: Եռուզեռ չկայ. օրը քանի մը յաճախորդ միայն կ՛ունենամ, մեծաքանակի գծով: Բայց դժգոհ չեմ, Շահածս ինծի լի ու լի կը բաւէ: Թէեւ տարիքս արդէն քառասունի հասած է, սակայն ամուրի, առանձին մարդ եմ, ինքնամփոփ կեանքով ապրող: Աւելորդ դրամի պէտք չունիմ: - «Ամուսնացի՛ր, շարունակէ այդքան գոված տոհմիդ շառաւիղը», պիտի ըսէք անշուշտ: Իրաւունք ունիք. իմ ալ նպատակս այդ էր: Բայց պատերազմը խառնեց հաշիւներս: Անապահովութիւնն ու անորոշ ապագան կը վախցնեն զիս: Ուրեմն դրամ կամ ժամանակի հարց չէ բնաւ: Դրամ ունիմ, ժամանակ ալ: Այնպէս, որ երկուքն ալ ինչպէս վատնելս չեմ գիտեր: Սկսեր եմ հին դրամներ, արժէքաւոր գիրքեր եւ հնագիտական իրեր հաւաքել եւ դասաւորել: Տարին քանի մը ամիս ալ կը ճամբորդեմ, ճոխացնելու համար հաւաքածոներս: Ձանձրոյթի դէմ սկսուած այս զբաղումը սակայն, ինծի սիրցուց այս գործը, նաեւ դառնալով հասոյթի նոր աղբիւր: Դարձեալ հեռացանք մեր նիւթէն: Ու վախնամ, մինչ այդ, պզտիկ հաշիւ մը ըրիք եւ յանգեցաք սխալ եզրակացութեան: Տարիքիս ճշդումին համար հասաք մինչեւ 1945 թուականը: Չեմ ուրանար. ծննդեան թուականս է այդ, եւ Պէյրութն ալ ծննդավայրս: Այն ատեն, ա՛լ ի՞նչ երզնկացի, պիտի եզրակացնէք: Ըստ թուաբանութեան, իրաւունք ունիք: Բայց դուք կը մոռնաք հոգեկան, զգացական տարրը: Հապա ժառանգականութի՞ւնը: Ես անոր ջերմերանդ հաւատացողն եմ: Իմ բազկերակս է ան, անլռելի կանչը արիւնիս: Այսպէս, ես՝ Երուանդ Վիրապեանս, համոզուած եմ, թէ ես միայն ինքզինքս չէ որ կը ներկայացնեմ: Իմ մէջ կը շարունակեն ապրիլ հայրս ու մայրս, ինձմով կը գոյատեւեն պապերուս երկար շառաւիղները: Միսերս անոնց հիւսկէնէն են, արիւնս՝ անոնց աւիշէն: Տակաւին՝ ինչքա՜ն տարրեր ու մասունքներ կան անոնց մէջ Երզնկայի հողէն, օդէն ու ջուրէն: Ճիշդ է, չեմ տեսած Երզնկան, բայց ծնած օրէս, ան տեւապէս ներկայ եղած է շուրջս: Անոր փողոցներն ու թաղերը, շուկան ու խայտաբղէտ բնակիչները պատմուեր են տարիներով հօրս եւ մօրս կողմէ: Պակաս մնացածը ամբողջացուցեր են գիրքերը: Արդար հպարտութեամբ կրնամ ըսել, թէ հայ Երզնկան ինծի չափ ճանչցող քիչ կը գտնէք: Ափերուս պէս կը ճանչնամ զայն: Օրինակ, երբ հոգիս կը սկսի տառապիլ պատերազմի հոգեմաշ արհաւիրքէն, ես պարզապես կը փակեմ աչքերս ու ներքին տեսողութեամբ կ՛երթամ դէպի մեր Երզնկան: Կը շրջիմ անոր խաղաղ փողոցներուն մէջ, զրոյցի կը նստիմ պարզ ու խոնարհ անցորդներուն հետ: Իսկ եթէ ուզեմ երազել, կ՛երթամ անոր դաշտերն ու արօտները, կը պառկիմ խոտերուն մէջ, հոտ կը քաշեմ եւ ականջ կու տամ աղբիւրներու կարկաչին: Ապա, կէս գինով ու վերացած, երգելով, կ՛անցնիմ մեծ կամուրջէն: Լա՛ւ կ՛ըլլայ որ դուք ալ ընկերանաք ինծի: Սկսինք մեր եկեղեցիներէն: Հինգ հատ են անոնք, մէկը միւսէն գեղակերտ: Սակայն, Սուրբ Նշանն է նախընտրելիս, ամենահի՛նը: Կ՛ըսեն Գրիգոր Լուսաւորիչի ձեռակերտն է: Պատերը հազար նախճիր ու թալան տեսած: Նախընտրութեանս պատճառը միայն Լուսաւորիչը չէ, այլ, տաճարի բակի հսկայ ընկուզենիին հովանիին տակ գտնուող այն դամբարանը, ուր տասը դարերէ ի վեր կը ննջէ մեծ բանաստեղծ Պլուզ վարդապետը՝ Յովհաննէս Երզնկացին: Մեծ մարդ եղած է ան, հանճարեղ, իմաստուն եւ մանաւանդ քաջ: Երեւակայեցէ՛ք, տասերորդ դարու խաւար եւ խստակրօն օրերուն իսկ, ան յանդգներ է, հոգիի փրկութեան պարտադիր ու համատարած գովերգութեան հակադրել, մարմնականին առաջնահերթութիւնը, հանդերձեալ կեանքի սաղմոսերգութեան դէմ ալ պանծացնել ասդենականին արժանիքները: «Հոգիս թէ ի վեր քարշէ, Հողս ծանր, ի վայր կու հակի, Վախեմ, թէ հողւոյս լսեմ. Նա, հոգւոյս բանն դժուար է:» Քանի հասանք բանաստեղծութեան ոլորտներուն, կարելի չէ չնշել ուրիշ մէկ նշանաւոր երզնկացիի անունն ալ՝ դարձեալ վարդապետ եւ բանաստեղծ եւ մասամբ մըն ալ գիտնական: Կոստանդին Երզնկացին է ան: Ապրեր է նախորդէն դար մը ետք եւ նոր որակի է հասցուցեր ազատ մտածողութիւնն ու բանաստեղծական ճաշակը. «... Ով որ սէր չունենայ՝ Առ ինք չկա՛յ գեղեցկութիւն: ...Սէր է՛ ծառն ու սէր ծաղկին, Սէր է՛ վարդն ու սէր՝ բլբուլն...» Վստահ եմ, ինծի պէս դուք ալ սիրեցիք այս տողերը, չմոռնալով, որ նոյն այդ կրօնաբոյր ու խստակեաց օրերուն, այդպիսի յանդգնութեան համար, կրնային կրօնաւոր մը կարգազուրկ հռչակել կամ խարոյկի վրայ բարձրացնել: Հիմա, պահ մըն ալ քաղաքէն դուրս ելլենք եւ բարձրանանք Սեպուհ լեռը, ուր մեր վանքերն են: Ամենակարեւորը Սուրբ Մինասի վանքն է, հո՛ն, ուր մեր Մխիթար գրիչը ծաղկեր է Երզնկայի նշանաւոր Աստուածաշունչը: Ուղղակի հրաշալիք մըն է: Տարիներ առաջ, յատուկէն գացեր եմ Երուսաղէմի մեր վանքը, հիանալու համար մանրանկարչուած այդ գոհարով: Գիտեմ, յոգնեցաք. գիր ու բանի բեռը ծանր է: Բայց ես տակաւին կրնամ ձեզ տանիլ մինչեւ քաղաք տանող խճուղին եւ հոն ցոյց տալ մեր հուժկու բերդը: Հեռու չէ. հո՛ն, ճամբեզրին, սէգ ու հպարտ կեցեր է ան, անաղարտ մնացած իր չորս աշտարակներով: Մերինները կառուցեր են Գոնիայի վերջին սուլթանին պատուէրով: Ատոր համար խորթ կը թուի ինծի: Պոռոտ ու բիրտ՝ օսմանցի կը հոտի: Փոխարէնը, որքա՜ն պիտի ուզէի ցոյց տալ, մեր այն հին, սրբութիւն սրբոց հնութիւնները, որոնց սակայն հետքն իսկ չեն թողուցած մե՛ր իսկ պապերը: Լա՜ւ կ՛ըլլար, եթէ յիշողութեան այս երեսը չբանայինք: Բայց երբ բացինք, ըսած ըլլանք անցողակի. քրիստոնէական այն մոլուցքը, որուն փարեցանք ազգովին, մեհեան ու տաճար չթողուց, քանդե՛ց, կոթող ու արձան, գիր ու արձանագրութիւն չձգեց, արմատախիլ ըրաւ, փոշիացուց ամէն նմոյշ որ հեթանոսական մեր փառապանծ անցեալէն կու գար: Մեղկացուցին այն ինչ որ հզօր էր, առնական ու շքեղ: Սխալ մեկնեցին քրիստոնէական բարութեան եւ գութի քարոզչութիւնը: Սխալ մի՛ հասկնաք զիս. ես հաւատուրաց մը չեմ. պարզապէս կ՛ողբամ մեր հոգեկան, իմացական գանձերուն կորուստը: Բնաւ հարց տուե՞ր էք, թէ ինչո՛ւ յանկարծ որբ մնացինք, անտէր ու անպաշպան: Որովհետեւ, մտածելով միայն հոգիին անդենական փրկութեան մասին, անտեսեցինք մարմնականն ու աստենականը: Վանքերէն ներս քաշուելով, ապաշխարեցինք, ճգնեցանք ու կուրծք ծեծեցինք, մեր չգործած մեղքերուն համար: Մանաւանդ ուրացանք մեր դարաւոր հաւատքն ու աստուածները սեփական: Վատաբար թոյլ տուինք, որ յելուզակուին անոնք եւ անպատուուին: մենք դաւաճանեցինք անոնց եւ բնա՛ւ, երբե՛ք չմտածեցինք գոնէ անգամ մը, ծունկի գալ եւ ներում խնդրել մեր ուրացումին համար: Ամենեւին ՛՛մեղայ՛՛ չըսինք մեր մայր ու տիրուհի Անահիտին: Ու բնականաբար անիծուեցանք ու որբացանք. դարձանք Տէր Զօր եւ սփիւռք:
- Բ -
Անահիտը իմ ճակատագիրս է: Հաստատ գիտեմ, կը հաւատամ, թէ կեանքիս անցեալ, ներկայ եւ ապագայ ուղին նախագծուած ու յարդարուած է Անահիտ Աստուածուհիիս կողմէ: Ես անոր ընտրեալն եմ, կեանքի կոչուած մասնայատուկ առաքելութեամբ: Ո՛չ մէկ այլ ոյժ, ո՛չ ոք կրնայ մազաչափ իսկ փոխել այս տնօրինումէն: Գիտե՛մ, ձեր քմծիծաղը անսպասելի չէ: Բայց փոյթս չէ, թէ ի՞նչ կը մտածէք իմ մասիս: Կարեւորը այն է՝ թէ ե՛ս ինչ կը մտածեմ: Իսկ ես կը հաւատամ ու կը դաւանիմ , թէ լրիւ հաւասարակշռուած անձ մըն եմ եւ կը գտնուիմ ճիշդ ուղիի վրայ: Անխափան պիտի հետեւիմ նախասահմանուած ճակատագրիս հրամայականին: Եւ այս՝ երեւակայութեան ծնունդ չէ: Փաստացի խօսք է ասիկա. Առաջին փաստ՝ մօրս անունն ալ Անահիտ է, եւ՝ երզնկացի: Երկրորդ՝ ծննդեան թուականս Օգոստոս 15-ն է, հայոց տոմարին Նաւասարդի մէկը, որ նուիրուած էր Անահիտ Աստուածուհիին փառաբանութեան: Երրորդ՝ իմ չունեցած գծագրական շնորհներով Անահիտ Աստուածուհիին դիմանկարը կարենալ գծելս է: Կարժէ մանրամասնել այս միջադէպը:- Դպրոցական վերամուտին երբ ունեցայ Հայոց Պատմութեան նոր դասագիրքս, անհամբեր՝ դասերէն առաջ իսկ, քանի մը օրէն, ծայրէ ի ծայր կարդացի գիրքը: Այնպէս որ, երբ դասարանով հասանք վաթսուն չորրորդ էջին, ուր կար Անահիտին կիսանդրին, չկրցայ զսպել հպարտութեան պոռթկումս եւ, - Պարո՛ն,- գոռացի, մատս վեր տնկած,- Անահիտը մեր երկրացին է: Պատմութեան մեր ուսուցիչը չափազանց լուրջ եւ խիստ մարդ էր, հնաբոյր՝ իր Մամբրէ անունին պէս: Միշտ՝ անժպիտ ու պաշտօնական: Բայց այդ օր, ականատես եղանք իր խնդուքին: Ակնոցներուն ետեւէն զուարճութեան ճառագայթումներ ունեցան աչքերը: - Այ տղա՛, ուրկի՞ց բերիր այդ պարտապանաց երկրացիդ,- հարցուց ան ծաղրական շեշտով: - Ճիշդ եմ , Պարո՛ն,- պնդեցի ես,- Անահիտը մեր երկրացին է, երզնկացի՛, եւ՝ հայրենակի՛ց: Պարոն Մամբրէին աչքերը նոր փայլով ճառագայթեցին: - Եւ նաեւ հայրենակի՞ց... ո՞վ, Անահիտ տուտո՞ւն թէ Անահիտ քոյրի՞կը... - Մի՛ ծաղրէք Պարոն, Անահիտը աստուած է, սուրբ է,- բողոքեցի ես: Ծաղրը նահանջեց, վերածուեցաւ բարի ժպիտի: Նոյնիսկ ան հաճեցաւ գլուխս շոյելու: Ապրի՛ս Վիրապեան, այդպէ՛ս, միշտ պաշտպանել գիտցիր, այն ինչ որ քուկդ կը կարծես,- եզրակացուց ան: Ամբողջ պահը յատկացուեցաւ Անահիտին: Հմուտ մարդ էր Պ.Մամբրէն: Այդ օր, ան պատմեց շատ մը մանրամասնութիւններ, որոնք գիրքին մէջ չկային: Խօսեցաւ Անահիտի տաճարին, ծիսակատարութիւններուն եւ նաւասարդեան խաղերու մասին: Ես կլանուած, մտիկ ըրի յափշտակութեամբ: Կարծէք նոր աշխարհ մը բացուեցաւ աչքերուս առջեւ: Անահիտը դարձաւ մտասեւեռում ու յաճախանք: Յաճախ կը բանայի Պատմութեան գիրքիս Անահիտին էջը եւ ժամերով կը դիտէի կիսանդրիին նկարը: Օր մ՛ալ անդրադարձայ որ ան կը նմանէր մօրս, զոր կորսնցուցեր էի երկու տարի առաջ: Նոյն կլոր ճակատը, Նոյն նրբակերտ քիթն ու շրթները: Մօրս մազերն ալ գանգուր էին, ճակտի կէսին, երկու հաւասար մասերու բաժնուած: Լրիւ պիտի հասկնաք խռովքս, երբ ըսեմ թէ մայրս վերագտած ըլլալու խաբկանքը մեծ երանութեամբ կ՛ընդունէի: Որուն սակայն կը յաջորդէր կրկին զինք կորսնցնելու վախը: Զինք քովս պահելու բնազդական մղումով, որոշեցի Անահիտին նկարը մեծցնել եւ կախել մեր հիւրասենեակի պատէն: Հրաշքը հոս է որ պատահեցաւ: Անշնորհք գծող մըն էի եւ կ՛ատէի գծագրութեան պահերս: Հասարակ ուղիղ գիծ մ՛իսկ քաշելու ատակ չէի: Բայց զգայազիրկ վիճակի մէջ էի: Չեմ գիտեր ինչպիսի քաջութեամբ վերցուցի ստուարաթուղթ, մատիտ ու գծաքաշ եւ անցայ գործի: Ինքնամոռաց վիճակով տքնեցայ մօտ շաբաթ մը ու երբ սթափեցայ, սեղանիս վրայ գտայ Անահիտին հարազատ կրկնօրինակը: Եւ զարմանալիօրէն, յաջող նմանութեամբ: Յաւակնիլ թէ իմ ձեռագործս էր, իմ շնորհքս՝ ծիծաղելի պիտի ըլլար: Յստակ էր որ Անահիտ ինք ներշնչած եւ առաջնորդած էր զիս: Անմիջապէս շրջանակի անցուցի եւ կախեցի մեր հիւրասենեակի կեդրոնական պատէն: Իրիկունը հայրս եկաւ եւ անմիջապէս նշմարեց նկարը: Լուռ, երկար դիտեց: Երբ ինծի դարձաւ՝ աչքերը թաց էին: - Մայրդ այս նկարէն չուներ, ուրկի՞ց գտար:
- Մորս նկարը չէ, Անահիտ Աստուածուհին է:
Խոր զարմանքով ան պռստեց յօնքերը, կրկին զննեց նկարը եւ տարակոսած շարժեց գլուխը: -Չէի գիտեր որ աստուածները նկար կ՛ունենան: Ցոյց տուի Հայոց Պատմութեան էջը. - Պրոնզէ կիսանդրին է, հիմա Լոնտոնի թանգարանին մէջ կը գտնուի: Հայոց Աստուածը ի՜նչ գործ ունի Լոնտոնի թանգարանը: Հարցումը բեւեռի պէս խրեցաւ խղճիս:
- Գ -
Տարիներ յետոյ կրցայ յաջողցնել Լոնտոն մեկնումս: Երբ աւարտեցի Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի առեւտրական մասնաճիւղը, վաճառատուն մտնելէ առաջ, համոզեցի հայրս, որպէսզի մէկ տարիով ուսումս ամբողջացնեմ Լոնտոնի մէջ, խոստանալով այնտեղի կեցութեանս ընթացքին, կերպասի անգլիական մեծ շուկային հետ կապեր հաստատել՝ մեր հաստատութեան բարգաւաճման հեռանկարով: Հայրս գործնական եւ հաշուագէտ մարդ էր. ընդունեց առաջարկս: Գուշակեցիք անշուշտ, թէ այս որոշումիս մէջ, Անահիտը մեծ բաժին ունեցաւ: Ապացոյց որ, ժամանումիս յաջորդ օրն իսկ, գացի նշանաւոր Բրիտանական Թանգարան՝ Անահիտիս տեսութեան: Սիրոյ առաջին ժամադրութեան վազող պատանիի մը պէս էի՝ յուզումնախռով եւ շուարած. չէի գիտեր ուրկի՞ց սկսիլ: Մտայ պատահական առաջին սրահը, յետոյ ուրիշ մը, դարձեալ ուրիշ մը եւ այսպէս, սրահէ սրահ՝ զսպանակուած անհամբերութեամբ եւ չկարենալ գտնելու վախով: Եգիպտական, ասորա-բաբելական, հիթիթական ու պարսկական կոթողներուն եւ արձաններուն քովէն անցայ վազելով, գրեթէ առանց բան մը տեսնելու: Գտայ նոյնիսկ Ուրարտուի անկիւնն ալ, բայց Անահիտը հոն ալ չկար: Հարցուցի բարեկիրթ պաշօնեաններուն: Այդ անունով արձան չէին գիտեր: Յոգնած ու սպառած, փլայ նստարանի մը վրան՝ ափերով աչքերս փակած: Յուսահատած՝ կը մտածէի հետաձգել այդ օրուայ արշաւս եւ յետագային վերադառնալ, աւելի կազմակերպուած եւ տեղեկացուած: Քիչ մը հանգստանալէ ետք, մեկնումի վճիռով ելայ ոտքի եւ... եւ երբ նայուածքով փնտռեցի ելքի ուղղութիւնը, այնտեղ տեսայ Անահի՛տը: Հո՛ն, դիմա՛ցս էր: Ինչպէս վազելս չեմ գիտեր: Չէի սխալած. Անահիտն էր, ճիշդ ու ճիշդ մեր պատմութեան գիրքի Անահիտը: Բայց այնքա՜ն փոքր, այնքա՜ն տրտում՝ իր անմխիթար նայուածքով: Ու մանաւանդ, բանտուած՝ ապակեայ վանդակի մը տակ, փոքր պանուանդանի մը վրան: Տակն ալ, Աստուա՜ծ իմ, արգահատելի, զզուելի գրութիւն մը. « Յունական անծանօթ չաստուածուհիի մը կիսանդրին՝ Աֆրոտիթէի կերպարով՝ գտնուած Շատախի մոտ, Արեւելեան Թուրքիա: Մեր թուականութենէն առաջ՝ Երկրորդ դար:» Գառագեղին մէջ թակարդուած գազանի մը պէս էի: Կատաղութիւնս պրկած ատամներուս տակ, անզօր ու ջղաձիգ՝ կը դառնայի Անահիտին շուրջ, «մեղայ»ներու շարան մը մրրկելով: Անարգանքին չդիմացայ, փախայ դուրս: Նոր օրերու այս աւազակներու նախատինքին դէմ մեծցաւ ատելութիւնս եւ թունաւորեց լոնտոնեան կեանքս ու կայքս:
- Դ -
Լոնտոն գացեր էի մէկ տարուայ ծրագիրով: Բայց մնացի հինգ ամիսներ միայն. Հասաւ հեռագիրը եւ գուժեց հօրս մահը: Անակնկալ մըն էր այդ գոյժը: Պատրաստ չէի տակաւին ստանձնելու հօրս վաճառատունը: Ստիպուած մոռցայ բոլոր ծրագիրներս եւ նետուեցայ շուկայ: Սկիզբը խորհեցայ թէ մէկ տարին բաւարար պիտի ըլլար յաղթահարելու համար բոլոր դժուարութիւնները: Սակայն հարկ եղաւ սպասել երեքէն չորս տարի, որպէսզի լրիւ ընտելանամ շուկայ ըսուած խառնարանին: Բայց հազիւ սկսեր էի ինքնավստահութիւն ձեռք բերել, երբ սկսաւ լիբանանեան ներքաղաքացիական անվերջանալի սա պատերազմը, որ ստեղծած իր ահ ու սարսափով եւ խառնաշփոթութեամբ, սառեցուց ամէն ծրագրում եւ նախաձեռնութիւն: Երկար ժամանակ, կեանքը լոկ գոյատեւման անհեռանկար քաշքշուք եղաւ միայն: Այս անապահովութեան մէջ իսկ, ես չմոռցայ, չկրցայ մտածումներէս դուրս վանել Անահիտը: Անմիջական նախաձեռնութիւն չկրցայ իրականացնել, բայց տեւական մտմտուք մը դարձաւ ու մնաց: Մենակեաց կեանքիս մէջ, միակ իսկական զրուցակիցս մնաց ան: Ամէն երեկոյ, հաշուետուութիւն կու տայի անոր: Տեւական զրոյց էր մեր միջեւ: Հիւրասենեակի մեր պատէն, ան իր մայրական գորովալից նայուածքով կը քաջալերէր զիս: Այդ դժնդակ օրերուն, միակ նեցուկս էր ան: Պատերազմը իմ ալ ջիղերս քայքայեց: Բայց, շնորհիւ Անահիտին, ես փլուզումի չհասայ: Տաղտկալի օրերս լեցուցի, զինք լոնտոնեան գերութենէն փրկելու մտասեւեռումով: Յաճախանք էր, բայց ո՛չ ցնդաբանութիւն կամ զառանցանք: Ապացոյց որ, հետզհետէ, սկսեր էի մանրամասնութիւններով հանդերձաւորել սաղմնաւորուող ծրագիրներս: Օրերով, արդէն մանրազննին կը քննէի կարելիութեան բոլոր տարբերակները: Ու բնականաբար սկսայ լրջօրէն հետաքրքրուիլ ոստիկանական արկածախնդրական վէպերով եւ մանաւանդ ֆիլմերով: Կը նախընտրէի դրամատուներու գանձարկղներու բացման շահատակութիւնները: Այդ օրերուն էր որ ուշադրութիւնս գրաւեց Օտրի Հէփպըրնի մէկ տեսաժապաւէնը, ուր մանրամասնութեամբ կը նկարագրուէր, թէ ինչպիսի վարպետութեամբ կարելի կ՛ըլլար, լուրջ պաշտպանութեան տակ առնուած թանկարժէք արձանիկ մը, գիշերով գողնալ Լուվրի Թանգարանէն: Այդ վիտէօ-ժապաւէնը, կարելի է յիսուն անգամ դիտեցի տանս գործիքին վրայ եւ գոց սորվեցայ ցուցադրուած բոլոր փուլերն ու ճարտարութիւնները: Անշուշտ կռահեցիք, թէ «բանը ինչումն էր»:- Մի՛շտ Անահիտին ազատագրումը: Այս մարզէն ներս, շուտով համոզում գոյացուցի, թէ հիմնահարցս բանալին էր: Ծրագրիս բոլոր տարբերակները կը յանգէին բանալիի անհրաժեշտութեան: Առաջ, եթէ ըսէին թէ փականագործութիւնը նաեւ արուեստ է, անպայման կը ծիծաղէի պնդողին վրայ: Հիմա կ՛արգահատիմ տգիտութեանս համար եւ կը հասկնամ վիճակը Լութովիկոս ԺԶ. ֆրանսացի արքային, որ փականագործութեան սիրոյն, վրայ տուաւ ոչ միայն կինն ու գահը, այլ նաեւ՝ իր սեփական գլուխը: Արդ, նոյն վիճակին մէջ ես եմ: Ամբողջութեամբ կլանուած եմ փականագործութեամբ: Բայց, բարեբախտաբար, կորսնցնելիք ոչ կին ունիմ եւ ոչ ալ գահ: Իսկ ունեցած չոր գլուխս, պատերազմական այս իրադրութեամբ, արդէն վտանգի ենթակայ է ամէն վայրկեան: Սկիզբները խաղի պէս սկսայ. կ՛ուզէի պարզապէս գաղափար մը ունենալ դուռերու, կղպանք-փականքներու եւ բանալիներու սարքաւորումներու մասին, քանի բանալին միայն պիտի լուծէր իմ հարցս: Նախ սկսայ գիրքերով. հաւաքեցի կղպանք-բանալիի մասին գրուած ինչ որ ձեռքս անցաւ: Նոյնիսկ՝ էլէքթրոնիքի տեսակէտէն: Օրերով ուսումնասիրեցի այլազան թեքնիքներ: Բայց անոնք տեսականէն անդին չանցան: Նպատակս բանալիներուն բանալիին հասնիլն էր: Այսինքն՝ փասփարթուին կամ համայնաբացին, հին բառով՝ ագռաւուկին: Ֆրանսերէն կամ հայերէն անուանուած ագռաւուկը, կը մնար անլուծելի՝ գիրքերու օգնութեամբ: Հմուտ արհեստաւորի մը կարիքը կը դառնար միակ ելակէտը: Այն ատեն է որ յիշեցի Յովսէփը: Պատերազմէն առաջ, ան Մաարաթ փողոցին վրայ փականագործի կրպակ մը ունէր: Քովը գացեր էի հարկադրանքի տակ. կորսնցուցեր էի բանալիներուս ամբողջ տրցակը, եւ ոչ ինքնաշարժիս, ոչ խանութիս եւ ոչ ալ տանս դռները կրնայի բանալ կամ գոցել: Քչախօս մարդ էր. պեխին տակ ծաղրական թեթեւ ժպիտ մը տեղաւորած, ան առանց այլեւայլի, եկաւ եւ ձեռքի նոյն գործիքով բացաւ ինքնաշարժս ապա խանութս եւ ետքէն ալ տունս: Յետոյ փոխեց բոլոր կղպանքները՝ նոր բանալիներու տրցակ մը տուաւ ձեռքս ու հարիւրնոց մը գրպանելով մեկնեցաւ: Հիմա իմ ուզածը Յովսեփին այդ հրաշագործ համայնաբացն էր: Բայց ո՞ւր գտնել Յովսէփը: Մաարաթ փողոցը աւերակոյտ մըն էր հիմա: Ուրեմն նաեւ՝ Յովսէփին կրպակը: Միակ կարելիութիւնը հարցուփորձով փնտռելն էր: Բաւական դժուար եղաւ: Նոյնիսկ մականունը չէի գիտեր: Ծրագրուած ձեւով ՛՛մաղեցի Պուրճ Համուտի հայկական թաղերը, հարցաքննելով խանութպանները եւ հետքը գտայ վերջապէս: Անյուսալի վիճակի մէջ էր. կրպակին հետ կորսնցուցեր էր գործիքներն ու բոլոր կազմածները: Անգործ եւ շոարած էր: Նոյնիսկ կը մտածէր գաղթելու մասին: Անապահովութիւնը պատրուակելով, խնդրեցի իրմէն գալ եւ ամրացնել տանս փականքներն ու կղպանքները: Սիրով ընդառաջեց խնդրանքիս: Կէս օրէն փոխեց, ամրապնդեց ամէն ինչ: Երբ առատաձեռնօրէն վարձատրեցի զինք, ան չպահեց իր զարմանքը:
- Պարո՛ն Երուանդ, փափաքդ չմերժեցի,- ըսաւ ան,- բայց կղպանքներդ բոլոր կարգին էին եւ ապահով: Չեմ գիտեր, ինչո՞ւ ուզեցիք փոխել: Արդե0օք գողութեան փո՞րձ մը եղաւ, թէ ոչ սպառնալիք մը ստացաք: - Առ այժմ ոչ մէկը,- հանդարտեցոցի զինք,- Պարզապէս կ՛ուզեմ ապահով զգալ: Տունս նաեւ որպէս վաճառատուն կը գործածեմ: Ապրանքներով լեցուն է. կ՛ուզեմ ապահով զգալ:
- Ինչպէս որ կ՛ուզէք: Ինչ ծառայութիւն որ ուզէք, ես պատրաստ եմ միշտ: - Հա՛, լաւ յիշեցի. երբ բանալիներու տրցակս կորսնցուցեր էի, դիմեցի քեզի եւ դուն մէկ հատ գործիք բանալիով, հաւասարապէս բացիր ինքնաշարժիս, խանութիս եւ տանս դուռները: Ինծի կրնա՞ս հատ մը այդ բանալիէն շինել: Լա՜ւ կ՛ըլլայ որ ատկից ունենամ հատ մը: Երբ պատահի որ հեռանաս այս երկրէն , ալ ո՞ւր գտնեմ ես Յովսէփ մը: Որքան որ ուզես, պատրաստ եմ վճարելու: Գումարի մասին չմտածես: Յովսէփ շուարումի կարճ պահ մը ունեցաւ: Արագ նայուածքով մը շուրջը նայեցաւ բնազդաբար: Զգացնելով ինծի թէ խորհրդապահական առաջարկ մըն էր ներկայացուցածս: - Որքան որ հասկցայ փասփարթու մըն է ձեր ուզածը: Օրէնքով արգիլուած է անհատներուն համար շինել ատկից: Մեր արհեստին եւ ոստիկանութեա՛ն համար միայն արտօնուած ենք շինելու: Եթէ իսկապէս կ՛ուզէք ատկից, չեմ կրնար մերժել ձեզի, բայց մէկ պայմանով. ուրիշ ոչ ոքի ցոյց պիտի տաք կամ փոխ տաք: Գիտէք վտանգաւոր գործիք է: Եթէ յայտնի ըլլայ, արտօնագիրս կը կորսնցնեմ եւ կը պատժուիմ բանտարկութեամբ: - Դուն ապահով եղիր, բացարձակապէս իմ անձնական գործածութեանս համար է, ան ալ՝ ստիպողական կացութիւններու ատեն: Իմ վրաս վստահութիւն ունիս չէ՞: Միտքս բնա՛ւ դրամատուները կողոպտել չէ: Ընդունեց եւ քանի մը օրէն բերաւ հրաշագործ բանալին:
- Ե -
Դարձեալ Լոնտոն եմ: Իջեւաներ եմ Բենթա պանդոկը, որ խայտաբղէտ բազմութեամբ եռուն՝ խառնարան շքեղութիւն մըն է, ուր կորսուիլն ու մանաւանդ աչքի չզարնուիլը առաւելութիւն մըն է ինծի համար: Յաջորդ առաւօտուն իսկ Թանգարանն եմ: ՛՛Ողջո՜յն՛՛ կ՛ըսեմ Անահիտիս: Կարծես, ան քէնոտած է եւ ինծի չի պատասխաներ: Իրաւունք ունի. բացակայութիւնս երկար տեւեց: Բայց քմայքի ժամանակ չէ: եկեր եմ լուրջ առաջադրանքով: Զինք փրկեմ պիտի գերեվարութենէն: Եւ այս անգամ արհեստավարժի աչքերով է որ կը կատարեմ վերջին ստուգումներս: Մանրազննին կը քննեմ սարքաւորումները եւ շրջապատը: Հաստատումներս հետաքրքրական դուրս եկան: Նախ, ապակի կարծած տոփը, ուր զետեղուած էր արձանը, կերպընկալ փլաստիք դուրս եկաւ: Յետոյ, ելեկտրական ահազանգի սարքաւորման ոչ մէկ հետք գտայ: Անհաւատալի էր. պէտք էր անպայման ստուգել: Ուստի, կը հանեմ վերարկուս, կը նետեմ ուսերուս, եւ կիսանդրիին շատ մօտէն անցնելով, որպէս թէ անուշադրութեամբ վերարկուս կը քսեմ կերպընկալէ պահպանակին: Ոչ մէկ ահազանգ: Ապա, որպէս թէ շտկելու համար պահպանակը, ձեռքերով կը բռնեմ տուփը: Դարձեալ՝ ո՛չ մէկ ահազանգ: Պա՛րզ է, Անահիտին կիսանդրին չեն դասած որպէս արժէքաւոր գանձ: Այս հիմնական ստուգումէն ետք, բազմիցս կ՛այցելեմ Թանգարան: Կ՛ուսումնասիրեմ սենեակներուն տեղադրութիւնն ու կապակցութիւնները, ելլող-իջնող սանդուխները, ճեմիշներն ու սրճարանը: Ուշադրութեան չենթարկուելու համար, ամէն օր կը փոխեմ հագուստ եւ գլխարկ եւ երբեմն ալ արուեստական պեխ կ՛աւելցնեմ ծպտումիս, եւ կամ ալ՝ ակնոց Իրիկունները, պանդոկի սենեակիս առանձնութեան մէջ, զանազան ծրագրի փոփոխակներ կ՛որոճամ: Կը փորձեմ եզրափակիչ ծրագրի մը յանգիլ: Բայց չեմ յաջողիր: Երեւակայութեան պակասէ չէ որ կը տառապիմ: Ընդհակառակը, փեթակ դարձած գլխուս մէջ, գաղափարներն ու կարելիութիւնները զիրար կը հրմշտկեն: Բայց չեն մարմնաւորուիր կատարեալ դրոյթի մը մէջ: Միշտ օղակ մը պակաս կը մնայ: Պակսող այդ օղակը, յաճախանք կը դառնայ: Հոգեմաշ մտմտուք: Օրերը անարդինք կը սահին, կ՛անցնին: Յուսահատութիւնը կը ջլատէ ուժերս: Արդէն ջղային կը դառնամ վտանգաւոր ձեւով: Անխոհեմ քայլ մը՝ եւ ամէն ինչ կրնայ տապալիլ: Այս հոգիվիճակով, կէսօր մը, կը նստիմ թանգարանի քաֆեթերիան, գաւաթ մը զովացուցիչ առած: Ու երբ գաւաթը կը տանիմ շրթներուս, մէկէն կանգ կ՛առնեմ եւ ոտքի կ՛ելլեմ: Չեմ հաւատար աչքերուս: Գաւաթս սեղանին լքած, գրեթէ կը խուժեմ դէպի յուշանուէրներու տաղաւարը: Հրա՞շք է, թէ պատրանք, յոգնութեան արդի՞ւնք: Ցուցափեղկին մէջ ինքն է, Անահի՛տը: Նոյն չափերով, նոյն պրոնզագոյնով, տրտում ու խոհուն նոյն աչքերով: Ու պիտակ մը առջեւը՝ յիսուն սթերլին: Արդէն գտած եմ պակսող օղակը:
- Զ -
Մեծ օրն է: Շաբաթ՝ ամէնէն ապահով օրը: Պահակները թիւով քիչ կ՛ըլլան, իսկ եղածն ալ, յոգնած կամ փափկացած՝ շաբաթավերջի զգացողութեամբ: Գործի անցնելու ամենայարմար օրն է: Կազմ ու պատրաստ, երեկոյեան Թանգարանին փակուելէն ժամ մը առաջ ներս կը մտնեմ: Թէեւ ծրագիրս լրիւ պատրաստ է եւ սերտուած, սակայն ներսս աննախատեսուած պատահարի մը վախը կայ միշտ: Առանց ժամանակ կորսնցնելու, ուղղակի կ՛անցնիմ ասորա-բաբելական սրահը, որ հեռու չէ Անահիտի ցուցասրահէն եւ որուն ծայրամասէն քանի մը սանդխամատեր կ՛առաջնորդեն զիս դէպի սիրօ-արամէական փոքր բաժանմունքը: Մէջ մէջի, անլուսամուտ քանի մը սենեակներ են՝ խոնաւ եւ գրեթէ մութ: Մգլոտութեան հոտ մը կը վանէ այցելուները, եւ պահակներն ալ, նկատեր եմ արդէն, կը խուսափին այդ անկիւններէն: Իտէալ վայրն է պահուըտելու համար: Խորքի քարէ դամբարանը իմ փրկութիւնս է: Ծանրանիստ քարէ կափարիչը մէկ երրորդով կոտրած ըլլալով, բաւական լայն անցք մը կը թողու: Արագ կը հանեմ վերարկուս եւ ամայութենէն օգտուելով, արամէական արձաններուն ապշահար նայուածքներուն տակ, կը սողոսկիմ դամբարանէն ներս: Կը պառկիմ կռնակիս վրայ, գլուխս փակ մնացած ծածկին տակ տեղաւորած եւ ոտքերս ալ փորիս վրայ քաշած: Սառն է օդը: Վերարկուս վրաս կը քաշեմ: Տեղաւորման ընթացքին շարժման մէջ դրուած դարաւոր փոշին փռնգտալու ահաւոր փափաք մը կ՛արթնցնէ մէջս: Ռունքներս կը խտխտան. կը տրորեմ զանոնք ուժգին եւ բերնէս երկար շունչ կը քաշեմ: Փորձուած ձեւ է. կը հանդարտիմ: Ուշադիր մտիկ կ՛ընեմ. անմիջական շուրջս լռութիւնն է իշխողը: Հեռուէն սակայն, խուլ արձագանգի պէս կը հասնի յարակից սրահներուն հեւքը: Ֆոսֆորանիշ ժամացոյցս ժամը հինգ ու կէսը ցոյց կու տայ: Ու արդէն կռնակս կը սկսի կոտտալ: Բայց կը զսպեմ ինքզինքս: Վերջապէս փակման զանգերը կը հնչեն: Այս անկիւնէն իսկ կը զգամ Թանգարանին հետզհետէ պարպուիլը: Հատ ու կենտ ոտնաձայներ կը յամենան դեռ: Իսկ քիչ յետոյ, արդէն ամբողջական լռութիւն է: Քրտնած եմ, չափազանց անհանգիստ: Անդամներս կը մրջնոտին կարծէք: Ոտքերս երկարելու այնպիսի՜ փափաք մը ունիմ: Բայց կը զսպեմ : Կը սպասեմ: Դոյլերու, աւլող-մաքրող մեքենաներու աղմուկ մըն է կը փրթի, կը մօտենայ հետզհետէ: Ամենաճակատագրական պահն է: Գուցէ այս բաժանմունքը ամէն օր չմաքրեն, յոյս կու տամ ինքզինքիս: Բայց արդէն կը լսեմ ծանր քայլերու քսքռտոց մը՝ անմիջական մօտերս: Ապա՝ կանացի խռպոտ մրմռոց մը: Ու կը բանի աւլող մեքենան: Ահաւոր աղմուկէն սիրտս պիտի կենայ կարծէք: Աղմուկը պարբերաբար քանի մը անգամ կը մօտենայ ու կը հեռանայ: Մինչ այդ, ես օգտուելով պատեհ առիթէն, ամենայն ապահովութեամբ կ՛երկարեմ ոտքերս եւ կը հանգստանամ վերջապէս: Արդէն աղմուկն ալ կը մարի եւ մաքրող կինը կը մեկնի: Կատարեալ լռութիւն է դարձեալ: Կը փորձուիմ թաքստոցէս դուրս ելլել, երբ այս անգամ ալ կը լսուի համաչափ քայլերու մօտեցող դոփիւնը: Ժամը ճիշդ ութը հինգ կ՛անցնի: Պահակներուն հերթական շրջանցքն է: Ե՞րբ կրնայ ըլլալ յաջորդը: Մէկ թէ երկո՞ւ ժամէն: Պարտաւոր եմ սպասել՝ ստուգելու համար: Եւ իսկապէս, ճիշդ երկու ժամէն կրկին կ՛անցնի նոյն համաչափ դոփիւնը: Հոյակա՛պ՝ մինչեւ յաջորդը, երկու ժամեր ունիմ տրամադրութեանս տակ, յաջողցնելու համար ծրագիրս: Ոտքի եմ արդէն: Վերարկուիս գրպաններէն կը վերցնեմ «զինամթերք»ս՝ համայնաբացը, կեռերը, պտուտակ քակող ձողիկներըս, տուփ մը զօրաւոր խէժ եւ ձեռնալուսարձակ մը: Զգոյշ ստուգումէ ետք, կը սահիմ սենեակէն դուրս: Հագած եմ անաղմուկ թենիս կօշիկ մը, որով աղմուկի վտանգ չկայ: Ինքնավստահ ու պաղարիւն՝ կ՛անցնիմ քանի մը սենեակներ եւ կը հասնիմ Անահիտի կիսանդրիին առջեւ: Անյապաղ գործի կ՛անցնիմ: Նախ կը վերցնեմ ծուռ վիզով կեռը, կը մտցնեմ կեպընկալէ տուփին ետեւի անցքէն ներս եւ ոյժ տալով կը դարձնեմ: Ներքին մետաղեայ գօտիին պրկումը կը թուլնայ, տեղի կու տայ: Տուփը ա՛լ ազատ է: Թէեւ ստուգած եմ եւ հաստատած ահազանգային դրութեան չգոյութիւնը, սակայն դարձեալ մէջս վախ մը կը յամենայ. գաղտնի մնացած ելեկտրական սարք մը յանկարծ չի բանի: Կարճ պահ մը կը վարանիմ կափարիչին դպնալու: Պաղ քրտինք մը պատած է ճակատս: Ձեռքերս կը դողան: Այդ պահուն սակայն աչքերս կը հանդիպին Անահիտին ինքնավստահ ժպիտին: Ոյժ կ՛առնեմ անկից: Արագ կը վերցնեմ կափարիչը: Ո՛չ մէկ ծպտուն: Կ՛ուզեմ նաեւ վերցնել կիսանդրին ալ, բայց ան տեղէն չի շարժիր: Անմիջապէս կ՛անդրադառնամ որ տեղէ մը ագուցուած, ամրացած է: Տեսանելի հետք մը չկայ: Ուրեմն միակ անտեսանելի կողմը տակի մասն է է: Կը շօշափեմ: Արդարեւ վարէն պտուտակուած է: Ակնթարթի մը մէջ պտուտակադարձը կ՛ազատագրէ կապանքը եւ Անահիտը ազատ՝ ձեռքերուս մէջն է: Սկիհ բարձրացնող կրօնաւորի մը պէս կը բարձրացնեմ կիսանդրին եւ վերացած կը տանիմ շրթներուս՝ ի համբոյր սրբութեան: Գերբնական ոյժի հոսք մըն է որ կը ներհոսի երակներէս ներս: Անմիջապէս, կիսանդրին գրկած, պէտք է հասնիմ յուշանուէրներու տաղաւարին, որ Թանգարանի ներքնամասէն դուրս, ֆուայէին մէջ կը գտնուի: Վստահ եմ որ կարելի չէ գործածել կամ բանալ փորձել գլխաւոր մուտքի դուռը: Անպայման ան ապահովուած է ելեկտրական սարքաւորումով մը, որ կը հնազանդի ապահովական սենեակի մը հրահանքին միայն: Ըստայնմ, նախապատրաստուած եմ. Ասորա-բաբելական սրահներէն դէպի եգիպտական բաժանմունքը տանող նրբանցքի մը խորը, նկատած եւ ստուգած եմ գոյութիւնը փոքր դուռի մը, որուն ճակատին արձանագրուած է՝ «միայն պաշտօնէութեան համար վերապահուած » : Հոս է որ գործ պիտի բռնէ համայնաբացս: Ու՝ «շռա՛խկ... բացուի՛ր Սէզա՛մ... հրաշալի, համբուրելի գործիք է ագռաւուկս: Սպասման սրահի ճեմիշներն են: Անկից, սպասման սրահն է՝ լուսաւորուած: Իսկ կողմնակի՝ յուշանուէրներու տաղաւարն է: Բայց չար բախտ՝ հեռուն, պահակ մը նստած է, կռնակը ինծի դարձուցած: Չեմ կրնար որոշել՝ քնացա՞ծ է թէ արթուն: Հասած եմ կէտի մը, ուրկից նահանջել անկարելի է: Հազար զգուշութեամբ, կը մօտենամ տաղաւարի ապակեայ դռան: Գործի կը լծեմ համայնաբացը, բայց կը վախնամ բանալիի ծակին մէջ դարձնել գործիքը: Ինչքան ալ զգուշութիւն ի գործ դնեմ, աղմուկ անպայման պիտի ելլէ: Իսկ եթէ պահակը արթուն է՝ խայտառակութի՛ւն... կարելի չէ այդքան մեծ ռիսկ առնել: Մոռցեր եմ սակայն, որ Անահիտին տեւական նեցուկը ունիմ: Ճիշդ այդ պահուն, դուրսի պողոտայէն անցնող բեռնատար ինքնաշարժի մը հռնթոցը օգնութեան կը հասնի եւ ես կը դարձնեմ համայնաբացը: Ես իսկ չեմ լսեր շռխկոցը բացուող դռան: Տաղաւարին մէջն եմ արդէն: Անկից, շեղակի կ՛երեւայ պահակին կիսադէմքը. մարդը խոր քունի մէջ է. կարծէք կը խռմբացնէ ալ: Ա՛լ դիւրին է գործս. ցուցափեղկէն վար կ՛առնեմ Անահիտի կիսանդրիին կրկնօրինակը: Բաւական ծանր է, մաքուր պրոնզ: Քովիկը կը դնեմ հարազատը. ճիշդ ու ճիշդ նոյն չափի ու գոյնի են երկուքը: Խղճամիտ գործ: Ես ալ խղճամտօրէն կրկնօրինակին վրայէն կը հանեմ գինի եւ բացատրականի պիտակները, զանոնք կը տեղաւորեմ հարազատ օրինակին վրայ եւ զայն, հարազատ կիսաննդրին, կը զետեղեմ կրկնօրինակին տեղը՝ ցուցափեղկին մէջ: Վերադարձը դէպի ներքնասրահ կ՛ըլլայ հեզասահ: Քանի մը վայրկեանէն, կրկնօրինակը առօք-փառօք կը զետեղուի պարապ մնացած պատուանդանին վրայ ՝ կափարիչն ալ գլխուն անցուած: Ուրիշ ընելիք չի մնար ինծի, բացի դէպի դամբարան թաքստոցիս վերադարձէն: Կէս գիշերին կէս ժամ կայ տակաւին: Դարձեալ կը սպրդիմ դամբարանէն ներս եւ կը սպասեմ: Երկար ժամանակ ունիմ մինչեւ Թանգարանի դուռներուն բացուիլը:
- Է -
Կը սթափիմ թեթեւ աղմուկէ մը: Կը փորձեմ արագ շտկուիլ: Գլուխս կը բախի դամբարանի կափարիչին: Ցաւիս մէջ կը վերագտնեմ ամբողջական գիտակցութիւնս: Թանգարանը արդէն մտած է իր առօրեայէն ներս: Ժամանակն է դուրս գալու: Կը սրեմ լսողութիւնս. ո՛չ, հեռաւոր սրահներուն արձագանգ աղմուկը չէ այս մէկը. կարծէք, մօտերը, երկու հոգի բաներ մը կը շշնջան իրարու: Նոյնիսկ կը զատորոշեմ գերմաներէն բառերու հնչիւններ: Տղու եւ աղջկայ մեղմ խօսակցութիւն է: Աղջիկը կը քրքջայ: Աւելի կը լարեմ լսողութիւնս ու կը ժպտիմ. համբոյրներու շշունջն է: Սիրահարներ են կ՛երեւի, որ ինծի պէս ապահով գտեր են այս սենեակը: Միայն թէ չերկարեն: Պահիկ մը ետք կրկին լռութիւն է շուրջս: Զգուշութեամբ կը սողոսկիմ դամբարանէն դուրս: Կը հագուիմ վերարկուս, վրայ գլուխս կը շտկրտեմ եւ որպէս սովորական այցելու, հանդարտ քայլերով կը մտնեմ միւս բաւական բազմամարդ սենեակները:
Քիչ ետք տաղաւարին առջեւն եմ: Առաջին ակնարկով իսկ կը հանգստանամ, կ՛ապահովուիմ. Անահիտը ցուցափեղկին մէջ, իր տեղն է: Մատով ցոյց տալով կիսանդրին, վաճառորդուհիէն կը խնդրեմ. - Կրնա՞մ տեսնել: Աղջիկը, միշտ շարունակելով շաղակրատանքը, անտարբեր՝ սեղանին կը դնէ կիսանդրին: Պահ մը զննելէ ետք, - Փաթթեցէք, խնդրեմ,- կ՛ըսեմ: Ու կը համրեմ դրամը: Ստուարաթուղթով եւ Բրիտանական Թանգարանին վկայագիր պիտակով պարուրուած, կիսանդրին կը յանձնուի ինծի: Ո՜ւֆ... ծրարը թեւիս տակ, առանց աճապարելու, անգլիացի ճենթլմէնի մը ծանրախոհ քայլերով դուրս կ՛ելլեմ Թանգարանէն: Հազարամեակէ մը աւելի երկար ժամանակով կորուստէ եւ գերեվարութենէ ետք, ահա՛, կ՛ազատագրեմ պապերուս մեծ դիցուհի աստուածուհին, Անահի՛տը մայրախնամ: Մինչ այդ, կարեւոր խնդրանք մը. փակենք մեր բերանները եւ բացարձակօրէն լուռ մնանք այս մասին: Չտարածենք փրկութեան աւետիսը: Թող Բրիտանական Թանգարանն ու ամբողջ աշխարհը շարունակեն հաւատալ, թէ Անահիտի հարազատ կիսանդրին իր նոյն տեղն է միշտ, Բրիտանական Թանգարանին մէկ աննշան անկիւնին մէջ, կերպընկալէ տուփին տակ: Քմծիծաղելու հերթը հիմա մերն է: Բարին ընդ ձեզ:
Արդի Հեքիաթ
Headline text
- 1 -
Կար ու չկար, հեռո՜ւ հեռուն, ձիւնասպիտակ լեռներէն ու մեծ ովկիանոսէն անդին, արձակ դաշտերու եւ հեքիաթային եղեւիներու մէջ կորսուած գիւղ մը կար, անունը՝ Կրինվիլէյճ: Աշուն ձմեռ, ձիւնը կը նստէր հոն կուտակ-կուտակ, իսկ գարնան, խելահեղ կանաչ մը կը փրփրէր ամէն կողմ: Ամառը բարիքի ծով կը դառնար Կրինվիլէյճը: Ջուրը առատ, օդը մաքուր՝ դրախտի պէս բան մը: Այս բոլոր բարիքներու կողքին ուրիշ կարեւոր երախտիք մ'ալ ունէր գիւղը: Ան հոգեմաշութենէ փրկեց Նազար Աղբարը: Վերջ տուաւ անոր դժբախտութեան: Հանդիպեցան իրարու եւ ամէն բան փոխուեցաւ: Հրաշքի պէս բան մը եղաւ:- Օրը վաղահաս գարուն էր, բնութեան տօնահանէս: Շուրջը սպիտակ որմերով փոքր ու համեստ առանձնատուներ էին, համատարած կանաչութեան մէջ կարմիրներով հրդեհուած երդիքներով: Ներկայ էր նոյնիսկ արծաթ գօտիով առուակը օձագալար: Հաւատալու բան չէր: Նազար Աղբարին շունչը պիտի բռնուէր խայտանքէն: Ամէրիկայի մէջ այսպիսի հրաշալիք չէր տեսած բնա'ւ: Իր այս բնական գեղեցկութեամբ, կարծես մէկ պատճենն էր հայրենի իր գիւղին՝ Կարմրէին, որմէ բռնահանուեր էր Մեծ Եղեռնին: Ուրիշներուն հետ բաղդատած, Ամերիկա իր հասնիլը ինք բարիք մը կը սեպէր: Սկզբնական օրերուն սակայն միայն ինք գիտէր իր քաշածը: Ոչ լեզուն գիտէր եւ ոչ ալ արհեստ մը ունէր ձեռքը: Պարզապէս առողջ ու կարշնեղ ըլլալուն, կրցեր էր բեռնակիրի գործ մը ապահովել Շիքակոյի սպանդանոցին մէջ: Ուշիմութիւնը օգներ էր որպէսզի շուտով սորվէր մսագործի արհեստը եւ ազատուէր բեռնակրութենէն: Տարիներով, տոլար առ տոլար մէկտեղած խնայողութեան հետ ձեռք ձգեր էր նաեւ որոշ փորձառութիւն՝ միսի եւ արջառի առուծախին մէջ: Հետեւաբար, լրջօրէն կը մտածէր սեփական գործ սկսելու մասին: Այդ որոնումին մէջն էր երբ հանդիպեցաւ Կրինվիլէյճին: Տեսնելն ու որոշելը մէկ եղաւ: Սիրահարութեան պէս բան մը: Ունեցած կոկիկ գումարին միացուցած դրամատան յատկացուցած վարկը՝ ան գնեց համեստ տուն մը գիւղէն եւ բացաւ միսի, երշիկեղէնի, կաթ ու պանիրեղէնի խանութ մը հայուէյին եզերքը ամփոփուած շուկային վրայ: Ըսել թէ այս բոլոր գործընթացը կարօտի հարց էր միայն, հին յուշերու ետեւէն վազք մը խենթ՝ արդար պիտի չըլլա'ր: Որոշ բաժին մ'ալ ունէր մեծ քաղաքին մուրն ու ծուխին, աղմուկ-խռնութեան եւ կեղտոտ բարքերուն հանդէպ Նազար Աղբարին սնուցած անվերջ պժգանքն ալ: Հիմնականը սակայն իր մէկ հատիկ մանչուն՝ Գարեգինին համար իր տածած անհուն, անսահման սէրն էր. որոշեր էր մարդավայել, առողջ ու առաքինի կեանք մը ապահովել տղուն: Անոր մատղաշ հոգիին մէջ արթնցնել բնութեան սէրը, եւ անով կամրջել իր հայրենի գիւղին, Կարմրէին հետ: Այս հեռանկարով, տան մէջ ան սկսաւ խօսիլ Կարմրէին բարբառով, տեղի-անտեղի հոլովելով Կարմրէին անունը: Հեքիաթի քաղցրութեամբ գովերգեց Կարմրէն, վերացումով պատմեց անոր դաշտերուն, պարտէզներուն ու աղբիւրներուն հրաշագեղ կախարդանքի մասին, վառ գոյներով վերակենդանացուց տօնախմբութիւնները, համով հոտով տոհմիկ բարքերն ու ուխտագնացութիւնները: Նոյնիսկ երեւակայութեան ոյժ տալով, տղուն ձեռքէն բռնած, փողոց առ փողոց պտուտցուց Կարմրէին տեսարժան վայրերը: Քմծիծաղելու բնաւ կարիքը չկայ: Ինք ալ շատ լաւ գիտէր թէ լեռ ու ձոր տարբերութիւն կար իր գիւղին եւ Կրինվիլէյճին միջեւ. այո', հոս, աղօթարանին, աքլորը «Առաւօտ Լուսոյ» չէր կանչեր, ուր պատերուն ծեփը թրիքէ չէր եւ ոչ ալ ծխնելոյզներէն բարձրացող ծուխը լաւաշի անմահական բոյրը կը բերէր: Չկար մանաւանդ հայ ժամուն կոչնակն ու անոր ղօղանջը հոգեպարար: Այս բոլորը չկային եւ իր գիւղը Կրինվիլէյճին քով անհամեմատօրէն աղքատ ու հետամնաց պիտի մնար: Բայց անոնք, երկուքն ալ ունէին նոյն համեստ իրավիճակն ու ոգիի պարզութիւնը, որ բնութեան նոյն շքեղութեամբ կը դրսեւորուէր, մարդկային ջերմութեամբ եւ պարզունակ կեանքով կը նոյնանային: Կրինվիլէյճը ունէ'ր այս յատկութիւնները: Առաւել՝ հակառակ փոքր ըլլալուն, բանուկ էր՝ երկու հայուվէյներու խաչմերուկին վրայ տեղաւորուած կոկիկ իր շուկայով: Շուկայէն անդին ագարակներն էին, պարտէզներն ու բանջարանոցները՝ սպիտակ ներկուած կոկիկ ցանկապատերով: Երբ փոխադրուեցան, Գարեգին տասը տարեկան հազիւ կար: Դեռ խօսք չուներ տան որոշումներուն մէջ: Բայց Զարուկ Մաման բնաւ գոհ չմնաց. գիւղին մէջ հայ չկար, ու դրացիներն ալ անծանօթ մարդիկ՝ որոնց ո'չ լեզուն կը հասկնար եւ ոչ ալ նիստ ու կացէն կ՛ախորժէր: Հակառակ այս բոլորին, գեղջուկի աղջիկ ըլլալուն, համակերպեցաւ,եւ կապուեցաւ նոր տան պայմաններուն, սէրն ու գորովը անպակաս ըրաւ իր օճախէն: Աղօթեց որ տղան ծլի-ծաղկի անվտանգ եւ բացուի կեանքին: Այդպէս ալ եղաւ.Գարեգին խելացի եւ ջանասէր տղայ մը դուրս եկաւ: Յաջողութեամբ աւարտեց գիւղի դպրոցն ու շրջանի երկրորդականը եւ ընդունուեցաւ Միլուոքիի համալսարանը, դեղագործ դառնալու առաջադրանքով: Դեղագործութիւնը Նազար Աղբարին սրտովը չէր: ինք պիտի ուսէր տղան գիւղատնտես տեսնել, պարտէզ-ագարակ կամ արտ ղեկավարելու համար: Զարուկ Մաման գոհ մնաց սակայն. հիւանդներուն դեղ ու բալասան տալն ալ արդար մարդու գործ էր, շահն ալ դիւրին եւ ապահով: Նազար Աղբար մխիթարուեցաւ այն մտածումով որ Գարեգին շուտով ատակ պիտի ըլլար իր շահոյթով փրկել զինք երկարաձգուող պարտքերէն: Այն ատեն ինք պիտի գնէր տան քովի պարապ հողամասն ալ եւ զայն վերածէր բանջարանոցի: Ծերութեան օրերը պիտի անցընէր լոլիկ, կաղամբ ու բողկ աճեցնելով: Մանաւանդ՝ թոռնիկ սիրելով: Բայց այդ երազն ալ չ'իրականացաւ.Գարեգին դեղագործի վկայականը երբ տուն բերաւ, Նազար Աղբար արդէն անկողին ինկած էր. անպիտան հիւանդութիւն մը հովի պէս արագ եկաւ ու տարաւ խեղճ մարդուն: Մայր ու տղայ ա'լ չ'ուզեցին գիւղը մնալ: Նազար Աղբարին մահը խորթ դարձուցեր էր գիւղը: Ծախեցին տունն ու խանութը եւ փոխադրուեցան Շիքակօ: Գարեգին հաւաքուած դրամով բացաւ իր առաջին դեղատունը: Գործերուն զարգացումով, յետագային, այլ թաղամասերուն մէջ ան տիրացաւ երկրորդ եւ երրորդ դեղատուներու ալ: Յաջողութիւնը մեծ բան չփոխեց իրենց կեանքէն: Անոնք, լռիկ-մնջիկ շարունակեցին իրենց պարզունակ ու մեկուսի կեանքը: Գարեգին, անխափան ճշգրտութեամբ, ամէն գիշեր, գործէն ետք տուն փութաց, վայելելու համար մօր գուրգուրալից ու ջերմիկ մթնոլորտը: Համեղ ընթրիքէն ետք, ան հաճոյքով կը թաղուէր թերթերուն եւ գիրքերուն մէջ կամ կը դասաւորէր դրոշմաթուղթերու հաւաքածոն: Մինչ Զարուկ Մաման, կը տարուէր իր ապագայ թոռնիկներուն անվերջանալի գուլպաները հիւսելով եւ մերթ ընդ մերթ ալ կը նայէր ողորմած ամուսինի պատէն կախուած նկարին ու կը հառաչէր մրմնջելով. Պեմուրազ գացիր ա'յ մարդ…հարս ու թոռնիկ չտեսած ո՞ւր գացիր... Ճիշդ էր, խօսքը ուղղուած կ՛ըլլար լուսահոգիին, բայց անհանգստացողը Գարեգինը կ՛ըլլար: Ակնարկը յստակ էր. տոհմը փրկե'լ կորուստէ: Բայց Ամերիկայի չարլսթոն աղջիկներով ի՜նչ հարս, ի՜նչ տոհմ փրկել…գիտէր մօրը ուզածը ի'նչ էր. միւռոնը ճակտին, հալալ-հարազատ հայ աղջիկ մը պէտք էր որ ըլլար հարսը, որ իր արդար կաթով աւիշ տար ծնելիք թոռնիկին, անոր հետ խօսէր հայոց սուրբ լեզուով եւ մանաւանդ՝ ամուսին եւ կեսուր մեծարել գիտնար: Գարեգին ուրկի՞ց ճարէր այդպիսի հրաշալիք մը: Անցան տարիները համրիչի քարերուն պէս մէկ առ մէկ, իրարանման եւ աննկատելի եւ անպտո'ւղ: Զարուկ Մաման ալ ծերացաւ: Տկարացաւ ու անկողին ինկաւ: Վերջին գիշերը քովը կանչեց տղան: Աչքերուն մէջ սէր ու լուսաւոր շող մը կար, երբ գրեթէ փսփսաց տղուն. -Երթաս Պէյրութ, հալալ աղջիկ բերես հարս: Ուրիշ խնդիրք չունիմ, տղա՜ս…: Գարեգին մօրը ձեռքերը համբուրելով, արտասուալից խոստացաւ անպայման գործադրել մօրը կտակը: Ու բարի, երախտապարտ ժպիտը դէմքին, մեկնեցաւ մայրը: Գարեգին յարգեց իր խոստումը: Ամառը երկու ամիսով Պէյրութ մեկնեցաւ: Տարին 1970-ն էր:
- 2 -
Ամառը, որպէս ուսուցիչ, երեք ամիս արձակուրդ ունէի: Բնաւ չէի սիրեր արձակուրդի այդ օրերը: Պարզ է, պատճառը նիւթականն էր: Մեզի տրուած ամսական վճարումը հազիւ կը բաւէր սնունդին եւ տան վարձքին: Հագուստ կապուստի եւ ուրիշ աննախատեսելի ծախքերը պէտք էր գոհացուէին պարտք վերցնելով կամ հրաշքով: Բայց պարտաւորուիլ չէի սիրեր եւ հրաշքներու ալ չէի հաւատար: Այնպէս որ միակ ելքը բարեկամս, Կարոն էր, ըսել կ՛ուզեմ Ֆոթօ Կարոն: Ան գուշակելով անցուկ կացութիւնս, առաջարկեր էր կէսօրէ ետքերը իր Համրա փողոցին վրայ հաստատած լուսանկարչատուն գալով, իրեն օգնել, անշուշտ փոքր վճարումի մը փոխարէն: Ընդունեցի առաջարկը, համոզուած, որ իսկապէս պէտք ունէր ան օգնականնի մը, երբ ժամերով մութ սենեակին մէջ առանձնանալու հարկադրանքին տակ էր: Խանութը առանց հսկողութեան կարելի չէր ձգել: Այդպէս, հո'ն է որ հանդիպեցայ Գարեգինին: Հազիւ խանութէն ներս մտած, տեսայ զինք, լուռ ու մունջ՝ իմ աթոռիս նստած: Կարոն ալ լուռ էր, եւ կարծես թէ շուարած: Իմ մուտքս ան ընդունեց փրկութեան մը պէս: Անմիջապէս ներկայացուց մեզ իրարու: - Զաւէն, ներկայացնեմ հայրենակիցս,- դիմեց ան ինծի երկդիմի ժպիտով մը:- Պարոն Գարեգին Դերձակեա'ն, Ամերիկայէն եկած է, դեղագործ է: -Ապա դառնալով Գարեգինին,- Իսկ Զաւէնը մօտիկ ընկերս է, եւ՝ ուսուցի'չ: Ձեռնուեցանք: Ան քաղաքավարի ժպտեցաւ: Ես ալ նոյնպէս: Տիպական ամերիկացի մը ըլլալը անմիջապէս հաստատեցի: Քաղաքացիի տարազով մարինզ մէն էր կարծես, կարճ, ալապրոս կտրուած մազերով եւ շեշտուած, պիրկ ու լայն կզակով: Երեսունի մօտ ըլլալու էր, բայց անկնճիռ դէմքն ու պճլտուն աչքերը կը մատնէին յամեցող մանկութիւն մը: Հագուեր էր վառ գոյներով նաշխուն շապիկ մը, որուն կարճ թեւերէն դուրս կը ցուցադրուէին մարզիկի դնդերներ: - Հայերէն կը խօսի՞ք…-ըսի բան մը հարցուցած ըլլալու համար: -Կը Խօսամ, կը խօսամ ամմա իմ խօսածը էրկրի հայրէնն է: Մամս եւ պապս միայն այդ սորվեցուցեր են ընծի: Խնդուքս չկրցայ զսպել: Մեր գաւառաբարբառը հայ տարեցի մը բերնին մէջ այնքան հիւթեղ եւ բնական՝ այս ամերիկեան Ճի Այ-ի կերպարանքով տղուն շրթներուն կը դառնար ծիծաղելի, խեղկատակ բան մը: Բարեբախտաբար, Գարեգին ինք ալ կը խնդար անմիջականութեամբ: - Ուէլլ,- անգլերէնի փոխեց ան,- իմ գիտցած հայերէնը այս է: Իսկ դոք անգլերէն կը հասկնա՞ք: - Ձեր խօսած հայերէնին չափ ալ ես անգլերէն կը հասկնամ,- կատակեցի ես:- Կրնաք խօսիլ ձեր նախընտրած լեզուով: երկուքն ալ հասկնալի են ինծի համար: Ազատ զգացէք: - Ուէլլ, կը խօսամ կէս-կէս, Էրկուքիս ալ լաւ կ՛ըլլի: Ես իմբրուվ կ'ենեմ հայրէնը, դուք ալ անգլերէնը: Եղա՞ւ: - Հոյակա՜պ:- Կը յարեմ ես,- առաջին անգա՞մն է որ Պէյրութ կ'այցելէք: Ե'ս, առջին անգամ: Որպէս թուրի՞սթ թէ գործով եկած էք: Ոչ սփեսիֆիքլի… Ըսէ', Գարեգին, մի' քաշուիր,- Կը միջամտէ Կարոն,- Զաւէնը ճիշդ ու ճիշդ փնտռած մարդդ է. ձեռքին տակ անհամար վարժուհիներ կան: Ըսէ ինչու եկած ես: - Չեմ քաշուիր: Ուէլլ, կարգուիլ կ՛ուզիմ, կ՛ուզիմ աս տեղէն հայ աղջիկ հարս տանիմ: Ա'լ բարեկիրթ ժպիտը չէ որ պիտի փրկէ կացութիւնը, երբ զաւեշտը բարբառային կատակերգութենէն կը վերածուի կենցաղային խեղկատակութեան: Ուրեմն ծիծաղս կը փրթի անկաշկանդ: -Մամիս սուրբ կտակն է, Խօսք տուեր եմ ու տի տանիմ,- կը պնդէ Գարեգին արդարանալով: Տղուն համար պարզ է. խօսք տուեր է, ուրեմն պիտի տանի: Ամերիկացիի գոռոզ անձնապաստանութիւնն է խօսողը, գործնապաշտ ոգիին միացած՝ միամտութեան հովն ալ վրան: - Իսկ պատահի որ մեր աղջիկներէն ոչ ոք ուզէ հետդ հարս երթալ,- կը կճեմ ես: -Ինչո՞ւ տի չուզէ.. Էս ոչ քոր եմ ոչ ալ թոփալ, էրէք հատ տրէկսթոր ունիմ, տուն ու տեղի ալ տէր եմ… պենքն ալ լեցուն տալեր… ինչո՞ւ տի չուզէ.. - Օ՜, եթէ կարգը տոլարին հասաւ…
- Զաւէ'ն, -կը միջամտէ Կարոն,- սխալ մի մեկներ հարցը: Գարեգին պատուական տղայ է, ուղով ծուծով հայ: Զինք մի շփոթեր մեր հին տոլարճի փեսացուներուն հետ: Եթէ կրնաս, օգտակար եղիր, ազգասիրական բարիք կատարած կ՛ըլլաս: Գարեգին արժանի է ատոր:
Շուարած կը նայիմ Գարեգինին: Առանց վրդովումի ան կը ժպտի երանութեամբ: Զիս զինաթափ կ՛ընէ այդ ժպիտով: Իրաւացի է Կարոն. այս տղան չի կրնար ի նոցանէ ըլլալ. ոչ զառամած մըն է եւ ոչ ալ կծծի սենթեր հաւաքած խլեակ մը՝ որ ափ մը տոլարի խայծով կ՛ուզէ գայթակղեցնել պարմանուհի մը: Ընդհակառակը, ան առողջ, ներկայանալի, ուսումի եւ դիրքի տէր՝ կրնար շատ դիւրաւ ուզած աղջիկը ընտրել Ամերիկայի մէջ: Բայց քառապատիկը ծախսելով եկեր է հոս, հայախօս եւ հայադրոշմ աղջկայ մը հետ իր բախտը կապելու: -Վրաս մեծ յոյսեր մի դնէք,- կը համակեպիմ վերջապէս,- աղջիկտեսի մէջ կատարեալ համբակ մըն եմ: Եթէ վարպետ ըլլայի, ամուրի չէի մնար. այնպէս որ… - Այն ատեն էրկու աղջիկ կը գտնենք, մէկը ընծի, միւսը քեզի եւ մէկ պսակով գործը ֆինիշ կ՛ենենք,- կը ճառագայթէ Գարեգին: - Կնքահայրութիւնն ալ ինձմէ: Մէկի տեղ երկու խաչ կը բռնեմ ձեր գլուխներուն վրայ,- կ՛եզրականացնէ Կարօ: Ու ես , այսպէ'ս, ակամայ կը դառնամ նոր տեսակի «միջնորդ տէր պապա»:
- 3 -
Սակայն եւ այնպէս, դո'ւն, Գարեգի'ն, բնաւ դիւրահաւան չեղա'ր: Զաւէնն ու Կարոն զարմացուցիր խստապահանջութեամբդ: Միշտ չհաւնեցար ներկայացուած օրիորդները, հակառակ անոր, որ ներկայանալի պարմանուհիներ էին անոնք, մեծ մասամբ վարժուհիներ: Նոյնիսկ գեղեցիկներ տեսար, բայց սիրտդ ոչ մէկին տաքցաւ: Ի՞նչ կար մտքիդ մէջ՝ ոչ ոք հասկցաւ: Ոչ ոք կռահեց, թէ քու երեւութական պարզութեանդ եւ միամտութեանդ տակ, հարուստ ներաշխարհ մը կար թագնուած՝ տեսլականի մը հետ: Եւ նոր չէր որ ձեւաւորուեր էր այդ տեսիլքը, այլ, մանկութեան եւ պատնեկութեան առաձնութեանդ մէջ, երեւակայութեան թռիչքներով մարմնաւորուեր էր հետզհետէ, հիմնաւորուեր՝ երիտասարդական յոյզերովդ եւ երազներովդ: Ինչպէս բացատրէիր մարդոց, թէ արդէն ունէիր մտատիպար մը աղջկայ՝ որ պատանի օրերէդ մարմնաւորուեր էր գիծ առ գիծ, ժպիտ առ ժպիտ ու հմայիչ երազի մը քաղցրութեամբ համակեր էութիւնդ: Կեանքիդ մեծագոյն գաղտնիքն էր այդ պատկերը եւ նաեւ՝ միակ ապաւէնը, խենթութի'ւնը: Ուրիշ սրտակից չունէիր, եւ ոչ ալ ուրիշ թռիչք: Քիչ է ըսել՝ կը սիրէիր: Մարդ կը սիրէ ուրիշ մը: Իսկ ան ուրիշ չէր: Այլ՝ մաս մը էութենէդ, ինչպէս աչքերդ, ձեռքերդ, սիրտդ կամ տրոփը սրտիդ: Միշտ միաասին էիք, անբաժա'ն, շունչ շունչի՝ յարատեւօրէն զրոյցի նստած: Հոգ չէ թէ յաճախ զբաղուած ըլլայիր դասերով ու գործով կամ ալ խօսքի բռնուած՝ ընկերոջ մը կամ յաճախորդի մը հետ, եւ ի՜նչ փոյթ թէ գտնուէիր եռուն, աղմկոտ վայրի մը կամ հեւ ի հեւ վազքի մէջ, միեւնոյնն էր՝ հաստատ գիտէիր թէ ան միշտ ներկայ էր ներսդ, ուշադի'ր՝ ամէն մի քայլիդ, պատրաստ՝ ամէն կարիքիդ: Վստահ էիր, համոզուած՝ թէ երբ օրերը ըլլային անհամ ու դաժան, երբ մարդոցմէ յուսահատ՝ պատճառներ ունենայիր տրտմելու, պիտի անպայման կարենայիր խոյս տալ բոլորէն ու արտորանքով սուզուիլ ներաշխարհէդ ներս, գտնելու համար ջերմութիւնը անոր սփոփարար ժպիտին: Այդ ներսուզումի պահերէն վերադարձիդ, վերածնածի պէս կ՛ըլլայիր: Հոգիդ խաղաղած, միտքդ հաշտուած եւ նայուածքդ պայծառ: Դուն ալ գիտէիր թէ անոր լոյսէ կերպարը ձեւաւորուեր էր տարերայնօրէն, մասնիկ առ մասնիկ, շող առ շող՝ շարժանկարի պաստառներուն վրայ այն ծփանուտ, աղօտ նկարներուն հետզհետէ յստակացող շարահիւսքին նման: Ամենագրաւիչը դուն կը գտնէիր անոր ժպիտը, զոր գաղտնօրէն գողցեր էիր մօրդ աղջկական մէկ դիմանկարէն ու զետեղեր էիր հոն, հոգենկարիդ շրթունքներուն անկիւնը: Իսկ եղնիկի այդ նշաձեւ աչքերը դուն առաջին անգամ տեսեր էիր գիշեր մը, երբ հայրդ պատմեր էր Թագաւորին Պզտիկ Աղջկան հեքիաթը: Հապա գիշերի պէս սեւ ու ջրվէժի պէս յորդագեղ անոր մետաքս մազերը, կը յիշե՞ս ուրկից յափշտակեցիր: Գալէճի առաջին արձակուրդին, դասընկերներուդ հետ դէպի Լոս Անճելըս պտոյտին էր, չէ՞: Առաջին անգամ դուն հոն ճանչցար կինը: Մեքսիքացի աղջիկ մըն էր դեռատի աղիճը, ածուխի պէս սեւ աչքերով եւ մետաքսափայլ մազերով: Միսէն աւելի քեզ կախարդողը այդ յորդահոս մազերը եղան: Ճիշդ է, ետքէն, ամօթահար խուճապ մը կար փախչող քայլերուդ մէջ, բայց կոպերուդ տակ քեզի հետ տարիր այդ սեւ փողփողումը: Հիմա ինչպէ՞ս բացատրես այս ամէնքը միւսներուն: Ինչպէ՞ս հասկցնես Զաւէնին ու Կարոյին հաւատարմութեան լուռ երդումդ զոր տուեր ես հոգենկարիդ: Ուրեմն, եկուր կապանք դիր լեզուիդ եւ լռէ՝ չբարդացնելու համար կացութիւնը: Բայց յոյսդ մի' կտրեր. շարունակէ' փտռել: Նախազգացումդ չի կրնար քեզ խաբած ըլլալ: Աանպայման գտնաս պիտի բնատիպարը հոգենկարիդ: Մինչ այդ սակայն, հարկադրաբար, քեզի հետ պիտի չարչարես սա Զաւէն տղան, որ իր կարելին ըրաւ քեզի հաւնեցնելու համար իր ներկայացուցած աղջիկներէն գոնէ մէկն ու մէկը: Ու ամէն անգամ ալ, չհաւանութեանդ դէմ, փափկանկատութեամբ ձեւ մը գտաւ, քեզ եւ աղջիկը անախորժ կացութենէն փրկելու համար: Ու անտաշը դո'ւն եղար միշտ. առաջին վայրկեանին իսկ, բացայայտեցիր չհաւնիլդ: Փնտռածդ չէր: Իսկապէս որ կը ցաւէիր դէմդ նստած աղջկան համար: Ա'լ որոշուած էր, վճռուած. յաջորդ հանդիպումը վերջինը պիտի ըլլար: Այդպէս խոստացած էիր Զաւէնին: Ա'յս ալ՝ եւ վ'երջ: Հանդիպումը տեղի պիտի ունենար Այնճարի հայկական գիւղին մէջ: Զաւէնին հեռաւոր ազգականուհին էր այս մէկը՝ կէս զարգացած եւ կէս գիւղացի, բայց ըստ ըսուածին՝ դեռատի եւ գեղեցիկ: Այս անգամ, երբ թաքսի նստած կը բարձրանայիք Լեռնալիբանանի ոլորաններէն, իսկապէս լարուած վիճակ մը ունէիր. ներքին անհանգստութիւն մը կը պրկէր կոկորդդ: Գրեթէ անհաղորդ մնացիր գեղատեսիլ բնանկարներուն հանդէպ: Նոյնիսկ, չլսեցիր Զաւէնին կսմիթները, նախորդ հանդիպումներուն ցուցաբերած չհաւանութիւններդ ծաղրող: Բայց, երբ նախ նստաք Այնճարի գետահայեաց սրճարան-ճաշարանը, բացառութեան կարգով խմեցիր երեք գաւաթ օղի, քաջութիւն ներարկելու համար երակներուդ: Ուզեցիր որ օղին պղտորէ ուղեղդ, մշուշապատէ աչքերդ, որպէսզի այս անգամ չկարենաս զգաստ բաղդատական մը ընելու: Որպէս թէ, չծրագրուած, պատահական այցելութիւն մը տուիք աղջկան տունը: -Ամերիկացի բարեկամիս ուզեցի հայկական գիւղ մը ցոյց տալ: Սիրեց գիւղը, սրճարանն ալ եւ պատուական գտաւ հրամցուած ձուկը: Մատուռն ալ հաւնեցաւ: Ես ալ, այս առիթէն օգտուելով, ըսի, Թորոսին բարեւ մը տամ,- ըսաւ Զաւէն իր ազգական Թորոսին: - Բարեւը, մենք այսպէս, անցողակի չենք ընդունիր,- բողոքեց աղջկան հայրը:- Ճաշի ինչո՞ւ հոս չեկաք. վախցաք որ ուտելի՞ք չէք գտներ հոս:
Եւ դեռ ասանկ բանե՜ր...:
Նստեր էիք բակը, ընկուզենիի մը շուքին տակ: Երեկոյեան թեթեւ հով մը կը խաղար թուփերուն հետ: Զո'վ էր: Բայց դուն կը քրտնէիր: Պարզ ու համարձակ եկաւ Հերմինէն, ձեռնուեցաւ երկուքիդ հետ, կատակեց Զաւէնին հետ եւ բնականօրէն նստաւ ճիշդ դիմացդ: Խօսք չկար, գեղեցիկ էր ան, վայրի ծաղիկի մը պէս բնական աճած: Ո'չ շպար ունէր եւ ոչ ալ որեւէ արդուզարդ: Կ՛երեւի օղին քիչ խմած էիր. բնա'ւ չազդեց: Ու դարձեալ, դուն ըրիր քու անխուսափելի բաղդատականդ. հոգենկարդ դարձեալ յաղթական դուրս եկաւ. եւ դուն դարձեալ ցաւեցար գիւղի խոնարհ աղջկան համար: Շեշտակի չկրցար նայիլ Զաւէնին քեզ հարցաքննող աչքերուն: Վերադարձը եղաւ յուղարկաւորութեան մը պէս տխուր: Երբ Պէյրութ հասաք, ողոքելու համար Զաւէնին սիրտը, առաջարկեցիր կապելայ մը մտնել: Զաւէն մերժեց: Յուսահատ ու յոգնած՝ ան թափահարեց թեւերը: -Ա'յս ալ չեղաւ,- եզրակացուց կշտամբանքով: Դուն ծպտուն չհանեցիր: Ա'լ յանցաւոր զգացիր իսկապէ'ս: Քալեցիք ամայացած փողոցներէն: - Ինձմէ ա'լ փաս,- պոռթկած Զաւէն մէկէն:- Կարծեմ կարելիիս առաւելագոյնը ըրի: Ա'լ չես կրնար այպանել զիս չկամութեան համար: Գլխուդ ճարը փնտռէ ուրիշ տեղ: Բայց հարցում մը փուշի պէս խրուեր է կոկորդիս. աղբա'րս, ըսէ'. ուզածդ, փնտռածդ ի՞նչ է: Ըսէ' որ մենք ալ բան հասկնանք, ըսէ'... Մէկէն փոխուեցար: Յոգնութիւնդ անցաւ: Տխրութիւնդ փարատեցաւ: Աչքերէդ փայլ մը անցաւ: Ու երազուն ժպտեցար: Արդէն սուզուեր էիր ներսըդիդ: Կոպերուդ տակ վերագտար հոգենկարդ: Ա'լ ուժով էիր: Շեշտակի նայեցար Զաւէնին ու անձնապաստան հպարտութեամբ ըէիր. - Հելպէթ տէ գիտե'մ ուզածս: Հո'ս, կուրծքիս տակն է միշ անոր պատկերը: Եւ գիտցի'ր, տի գտնա'մ զինք... տի գտնամ:
- 4 -
Եւ գտա'ր: Գտար՝ երբ սպառեր էր յոյսդ եւ կը պատրաստուէիր տուն դարձիդ: Գտար՝ առանձինդ, առանց միջնորդի, առանց ծրագրուած հանդիպումի: Գտար հրաշքով, հեքիաթի վայել ձեւով: Գացեր էիր ամերիկեան դեսպանատուն, Զաւէնին զբօսաշրջիկի անցագիր մը կարգադրելու: Ի վերջոյ, տղան այնքան յոգներ էր ու չարչարուեր քեզի համար: Որոշեր էիր, զինք ամիսով մը , ամբողջական քու ծասովդ զինք Ամերիկա հրաւիրել: Սպասման սրահը նստած կը սպասէիր հերթիդ, հիւպատոսին քով մտնելու համար: Տխուր էիր, յոգնած ու մտացիր: Ի՜նչ յոյսերով եկեր էիր Պէյրութ ու հիմա պիտի վերադառնայիր ձեռնունայն, յուսախաբ: Ի՞նչ պիտի ըսէիր մօրդ գերեզմանին, ի՞նչ սրտով պիտի նայէիր տանդ պատէն կախուած անոր նկարին: Իրաւունք չունէիր մեռելներն ալ յուսախաբ ընելու: Ի'նչ կ՛ըլլար եթէ անոնց սիրոյն, ապսպրուածին համաձայն, այս տեղէն ընտրէիր համեստ ու խոնարհ աղջիկ մը եւ յետ մահու գոնէ, ուրախացնէիր ծնողքդ: Ի'նչ կ՛ըլլար. Բայց պարոնս երա՜զ ունէր, հոգենկա՜ր մը՝ որուն չէր կրնար դաւաճանել: Պարզ բառերով՝ պատրանք մը, խաբկա՜նք մը: Պատրա՞նք... ի՜նչ պատրանք կամ խաբկանք... Որովհետեւ , երբ բացուեցաւ հիւպատոսին դուռը, անկից դուրս եկաւ ի'նքը, հրա'շքը: Այո', հրաշք աղջի'կը. ճիշդ ու ճիշդ հոգենկա՜րդ: Պարմանուհին թուխ էր, երկայնահասակ, նուրբ ու սիրուն: Հագեր էր օդանաւի հիւրընկալուհիի նարնջագոյն տարազը, որ կարծես արեւով կ՛ողողէր անոր համակ էութիւնը: Անսքող հաճոյքով ան կը զննէր ձեռքի բաց անձագիրը: Անմիջապէս, դուն ճանչցար զինք: Վեր ցատկեցիր տեղէդ, ապշած ու դողահար: Առաջին հեղ, բռնեցիր ժպիտը՝ ճիշդ ու ճիշդ մօրդ աղջկական նկարէն կարծես դուրս եկած: Իսկ աչքերը հեքիաթի թագաւորին փոքր աղջկան եղնիկի աչքերն էին որ շուարած քեզի կը նայէին, որովհետեւ, դուն մոռցած ամէն պատշաճութիւն, մահակի հասակդ ցցեր էիր անոր դէմ ու փակեր ճամբան: Բայց զարմանքին ու շուարումին մէջն իսկ ան կին մնաց եւ եւ վերէն վար զննեց, կշռեց քեզ: Ապա, ներողամիտ ժպիտ մը շնորհելով , հեզասահ անցաւ քովէդ ու ելաւ դուրս: Իսկ դուն կախարդուած, պահ մը անշարժ մնացիր եւ միայն տեսար անոր մազե՜րը՝ արեւի կտոր գլխարկին տակէն ջրվէժուող փողփողումը գալարուն: Ռունքերդ գինովցած բոյրով, աչքերդ շլացած լոյսով, վազեցիր դուրս անոր ետեւէն: Դուրսը, ծովեզերեայ ճեմուղին էր իր լայն մայթերով ու երկաթեայ բազրիքով: Պարմանուհին անոնց յենած՝ պասին կը սպասէր: Դուն ալ գացիր եւ քովը կեցար՝ որպէս թէ հանրակառքին սպասող: Ոչ իսկ անտարբեր կամ թերթ կարդալ ձեւացուցիր: Այլ, հանգամանօրէն սկսար աղջիկը զննել: Մինչ այդ, եկաւ հանրակառքը: Դուն ալ բարձրացար: Չէիր գիտեր թէ ո՞ր ուղղութեամբ կ՛երթար կառքը: Բայց ինքնավստահ գացիր ու նստար աղջկան ճիշդ ետեւի նստարանը: Նստար՝ եւ նոր անդրադաձար անհեթեթ կացութեան: Ո'ւր կ՛երթայիր այս անծանօթ քաղաքին մէջ: Ո՞վ էր այս անծանոթ գեղուհին, արաբուհի մը կամ այլադաւան օտարական մը... Այն ատեն... ի՞նչ դուրս կու գար... Խուճապ մը քեզ հանեց ոտքի: Կ՛ուզէիր վար վազել կառքէն: Բայց կառքը կը սուրար արդէն: Ծիծաղելի ապիկար մը չերեւալու համար տեղդ ետ նստար, յաջորդ կանգառին իջնելու հաստատ որոշումով: Բայց ահա վրայ հասաւ երկրորդ վտանգը. տոմսավաճառը, որ կը մօտենար աղջկան: -Տաուրա,- ըսաւ աղջիկը եւ երկարեց դրամը:
Տորա՜ն էր, իրեն արդէն ծանօթ հայկական թաղամասը: Աննման, աներեւակայելի գիւտ մը եղաւ այդ Տորան:
-Տորա' , - պոռացիր դուն, յաղթական ժպիտով մը , որ զարմացուց քեզի մօտեցող տոմսավաճառը: Անոր ափերուն մէջ երբ թխեցիր հինգ լիրանոցը եւ մերժեցիր ստանալ վրադիրը՝ մարդուկը անել կացութեան մատնեցիր: Ան բնաւ չհասկցաւ իմաստը այս աննախադէպ շռայլութեան: Ինչպէ՞ս կրնար ան հասկնալ տրամաբանական այն եզրակացութիւնը, որ բռնկեցուցեր էր մեծ ուրախութիւնդ Տորայի յայտնաբերմամբ. - թաղամասը հայաբնակ ըլլալով, հոն ուղղուող անձն ալ հա'յ կրնար ըլլալ: Ալ չսպասեցիր: Ձեռքդ թեթեւօրէն դրիր աղջկան ուսին եւ հայերէնով ըսիր, առանց քաշուելու. - Օրիորդ, քիչիկ մը կրնամ քովդ նստիլ... Աղջիկը երբ զարմանքով ետ դարձաւ, ակներեւօրէն բարկացած էր: Բայց ի տես անմեղ, պարզունակ ժպիտիդ եւ աղերսող աչքերուդ, զինաթափ եղաւ: -Խնդրե'մ, եթէ այդպէս կը փափաքիք, նստեցէք: - Պատասխանեց ան նոյնպէս հայերէնով: Ինչպիսի արտորանքով գրեթէ խուժեցիր ու նստար քովիկը: Ա'լ վստահ էիր թէ նախազգացումդ պիտի իրագործուէր: Նախասահմանուծ է'ր: Եւ ասիկա պատահականութիւն չէ'ր կրնար եղած ըլլալ: Ա'լ վարանելու ժամանակը չէր: - Ես Ամերկայէն էկած եմ,- ըսիր անմիջապէս: Աղջիկը ժպտեցաւ վերջապէս: - Յայտնի է :
- Կ՛ուզեմ կարգուիմ,-շարունակեցիր դուն նոյն թափով:
Լա'ւ գաղափար է,- զուաճացաւ ան: - Գաղափար չէ, նպատա'կ է,- սրբագրեցիր դուն:
- Լա'ւ, գովելի նպատակ է, - խնդաց ան: Երես առած մանչուկի մը պէս քաջալերուած, անցար վերջին գրոհիդ. - Կ՛ուզեմ քեզի հետ կարգուիմ: Կ՛առնե՞ս ընծի...
Աղջիկը չշփոթեցաւ: Ոչ ալ վրդոված թուեցաւ: Հանդարտ դարձաւ քեզի, անգամ մըն ալ զննեց քեզ վերէն վար: Յայտնի էր որ իր արհեստին բերումով, ան արդէն վարժ էր այսպիսի առաջարկներու: Ուստի բացայայտ ծաղր կար իր հարցումին մէջ: -Այնքան դիւրի՞ն է ամուսնանալը ձեր Ամերիկային մէջ... -Եթէ դիւրին ըլլար մինչեւ հոս գալու պէտք պիտի չունենայի,-ըսիր դուն: -Այն ատեն, անմիջապէս ըսեմ որ, մեր մօտ, անհամ կատակները չեն սիրուիր եւ նոյնիսկ վիրաւորական կը նկատուին,- լրջացաւ աղջիկը : -Ես կատակ չեմ ըներ, օրիո'րդ: Ես քեզ շատ հաւնայ եւ իրաւ կ՛ուզեմ կարգուիմ քեզի հետ,- կրկնեցիր դուն համոզումով եւ իւրայատուկ անմեղ ժպիտովդ -Կատակ չէ ի՞նչ է, - վրդովուեցաւ ան: - Մէկ տեսնելով ամուսնութիւն չեն առաջարկեր, այն ալ՝ հանրակառքին մէջ: Զիրար ճանչնալ՝ գիտէ՞ք թէ ի'նչ կը նշանակէ: -Այո', գիտեմ, բայց ժամանակս կարճ է օրիո'րդ: Յետոյ, ո՞վ ըսաւ քի ես քեզ չեմ ճանչնար: հելպէթ տէ կը ճանչնամ, դուն միշտ հոս, ինծի հետ եղեր ես:- Ու որպէս ապացոյց ափդ դրիր կուրծքիդ վրայ: Չարաճճի փայլ մը խաղաց աղջկան աչքերուն մէջ: Անշուշտ ան մտածեց թէ փախուկ մըն էիր դուն, կամ՝ մանկամիտ տհաս մը: Ուզեցիր բողոքել, տալ հակափաստը այդպիսին չըլլալուդ: -Եթէ ուզես, ես քեզի կ՛ըսեմ իմին ով ըլլալս. - ըսիր - Իմ անունս Գարեգին է: Դեղագործ եմ եւ Շիքակօ էրէք դեղատուներ ունիմ: Դիրք, տուն ու տեղ ունիմ: Շիքակօ աղջիկներ շատ կան, բայց ես էտոնց չեմ հաւնիր . երեսնին մեռոն չունին, սկրթած են: Լուսահոգի պապիս ու մամիս խոսք տուեր եմ, Պէյրութ գալ եւ նամուսով հայ աղջիկ հարս բերել: Շենքով-շնորհքով տղայ եմ, հասակս տեղը, խելքը գլուխը եւ առո'ղջ: Գրպանն ալ ՝ լեցուն: Ինչո՞ւ չառնես ինծի: Հիմակ դուն ալ կ՛ըսես քու մասիդ եւ ճանչցած կ՛ըլլանք իրարու: Կը հաճի՞ս ինծի ըսել անունդ: Աղջիկը լուռ մտիկ ըրած էր եւ ա'լ ծաղր չկար շրթներուն: Կարծես թէ տպաւորուած կը մտածէր: Ապա մեղմօրէն դժգոհանքը յայտնեց. -Զիս անակնկալի բերիք. դեռ չեմ ճանչնար ձեզ, թէեւ կը յարգեմ ձեր զգացումները: Բայց ես դեռ չեմ մտածած ամուսնութեան մասին, դեռ պատրաստ չեմ: Իսկ, կը կրկնեմ, ամուսնութիւն առաջարկելու ձեւն ու տեղը չէ այս: Դուն անախորժ չգտար աղջկան այս սաստն ու խրատականը: Ընդհակառակը, ըմբոշխնեցիր իւրաքանչիւր բառը, որ թէ յոյս կը ներշնչէր եւ թէ ալ կ՛ապացուցէր աղջկան խելացի եւ պարկեշտ ըլլալը: Այնպէս որ ա'լ գորով կար ձայնիդ մէջ երբ դարձեալ խնդրեցիր. Արժանի չե՞ս գտներ ընծի անունդ ըսելու: Երկար նայեցաւ քեզի, ժպտաց ալ: Զգացիր որ դիմադրութեան վերջին դիրքերը տեղի կու տային: Արդարեւ, ան վճռական շեշտով ուզեց եզրակացնել. -Տեսէ'ք - սկսաւ ան,- յաջորդ կայանին ես պիտի իջնեմ: Շատ կը խնդրեմ որ ինծի չհետեւիք: Եթէ խօսք տաք չհետեւիլ, կ՛ընդունիմ մտածել ձեր առաջարկի մասին: Վաղը առտու թռիչք մը ունիմ: Ինչպէս կը տեսնէք, հոսթէս եմ: Կը վերադառնամ յաջորդ օրը: Իսկ միւս առտուն կը հեռաձայնեմ որոշումս: Եղա՞ւ: Հիմա տուէք հեռաձայնի ձեր թիւը եւ խոստացէք չհետեւիլ ինծի: Արտորանքով տուիր այցետոմսդ: Եւ քանի որ կառքն ալ հասեր էր կանգառին, ոտք ելար եւ իսկական ճենթըլմէնի մը պէս խոնարհելով ճամբայ բացիր աղջկան: Ու ան հեզասահ, անցաւ քովէդ եւ գողտրիկ , գոհունակ ժպիտ մը կաշառք ձգեց քեզի: Ու հանրակառքը քեզ եւ հրավառուած ուրախութիւնդ առաւ տարաւ ետ:
- 5 -
Արաքսի իջաւ պասէն, ու վտանգէ փախչողի մը պէս քալեց խուճապահար: Թէեւ, ամէն քայլափոխին, տղան անգամ մըն ալ տեսնելու փափաքին խլրտիլը կը զգար իր մէջ, բայց զսպեց ինզինք ու ետ չդարձաւ նայելու: Վախը, ա'լ տղուն հետ նոր հանդիպումը չէր, այլ այն՝ որ կրնար պատահածը լոկ երազ մը կամ խաբկանք մը ըլլալ: Ու խուսափելու համար ստուգման հարկադրանքէն, վճռական քայլերով մտաւ Մար Եուսուֆ խճողուն թաղամասէն ներս եւ անմիջապէս շեղեցաւ դէպի ձախ, ուրկից ա'լ կարելի չէր տեսնել Տորայի անցուդարձերը: Իսկ Գարեգին յարգած էր իր խոստումը: Գարեգի՞ն… ինք ալ զարմացաւ այսքան բնականօրէն տղուն անունը, նոյնիսկ մտովի, արտասանած ըլլալուն: Կարծես հին մտերիմ մը ըլլար: Այլայլած, կանգ առաւ նորաձեւութեան վաճառատան մը առջեւ: Ցուցափեղկը կը դիտէր առանց բան մը նշմարելու: Պարզ պատրուակ մը՝ շնչառութիւնը տեղը բերելու եւ մտածմունքը վերադասաւորելու համար: Շնչահատութեան պատճառը անշուշտ արագ քալած ըլլալը չէր. մարզիկ աղջիկ էր, քալելն ու վազքը սիրող: Այն ատեն ինչո՞ւ այս յուզումն ու իրարանցումը… միթէ ազդուեր էր տղուն ձախաւեր հետապնդումէն, երբ գործին բերումով արդէն վարժուած էր սառնասրտօրէն դիմակալելու նոյնիսկ վարպետորդի ցանցապատմուները: Գուցէ, տղուն ձախաւեր վերաբերմո՞ւնքն էր որ հիմա սրտառուչ կը թուէր: Չէ՞ որ սէրը կոյր է կ՛ըսեն, որ կրնայ յանկարծ բռնկիլ մէկ աննշան կայծով իսկ: Եւ նաեւ՝ իսկականը ե՞րբ չէ եղեր անճառակ ու շփոթ: Այդ պահուն, ան նշմարեց որ ցուցափեղկին ցոլացնող աղջիկը ներողամիտ իրեն կը ժպտէր: Յանցանքի մէջ բռնուածի բնազդով անմիջապէս հեռացաւ ու քալեց, նախ արագ քայլերով եւ ապա, հանդարտած՝ ճեմողի շորորուն քայլերուն յանձնելով իր նոր տրամադրութիւնը: Երբ հասաւ իրենց տան սեմին, զգաց թէ յոգնած էր եւ անտրամադիր. սովորական առօրեան էր որ ներսը իրէն կը սպասէր:- Մայրը խոհանոցէն գալով, պիտի սրբէր թաց ձեռքերը գոգնոցով եւ պիտի տագնապէր գուշակելու համար աղջկան տրամադրութիւնն ու հոգեվիճակը: Հայրը, ըստ սովորութեան, ինքզինք պատած թերթերով, սուրճի գաւթներով եւ ծխախոտի ամպհովանիով, պիտի հազիւ նշմարէր իր գալուստը, իսկ հարսը, - եղբօր կինը,- նստած սրահին միւս անկիւնը, պատուհանին քով, յղի կնոջ պաղ աչքերով պիտի յամառօրէն նայէր իրեն: Ի դէպ, Աննիկ ինչո՞ւ միշտ իր անկենդան նայուածքով կը հալածէր զինք: Ինք որքան պիտի ուզէր որ իրենց միջեւ կռիւ ու նախանձ ըլլար, տեւական բախում՝ տան դիրքերու վերադասաւորման համար: Տրամաբանական պիտի ըլլար, որ Աննիկ փորձէր առաջ անցնիլ: Բայց բնաւ չփորձեց. առաջին օրէն ընդունեց իր գերագահութիւնը: Ուղղակի անտանելի էր զգալ անոր արջառային նայուածքը իր վրայ: Պատճառ մը՝ որ ան ախորժակ չունենար տուն մտնելու: Բայց այսօր իսկապէս յոգնած էր ու վաղը ճամբորդէր պիտի: Ուստի մտաւ վերելակէն ներս, անմիջապէս իր սենեակը քաշուելու հաստատ որոշումով: Նախատեսուած առօրեան գործադրուեցաւ անփոփոխ. թաց ձեռքերով մայրը, ծխապատ հայրը եւ արջառային նայուածքը կրկնուեցան նոյնութեամբ: Իսկ ինք գլխու ցաւ պատրուակելով առանձնացաւ եւ առանց հանուելու փլաւ անկողինին վրայ: Հազիւ երկնցած՝ արդէն մտապաստառին վրայ Գարեգինն էր, իր տարօրինակ յանդգնութեամբ եւ պարզունակ, գրեթէ գեղջկական խօսելակերպով: Առաջին հեղ ունկերուն կրկին հնչեցին . «Շիքակօ էրէք դեղատուն ունիմ»ը: Ու հարցումը խայթեց զինք. տղուն հարստութի՞ւնն էր զինք շահագրգռողը: Ընդվզումով նստաւ, պիրկ կծիկ դարձաւ անկողինին մէջ: Ո'չ, արդար չէր ինքնիր հանդէպ: Ինք բնաւ դրամը ոչ նպատակ եւ ոչ ալ չափանիշ էր դարձուցած: Լաւ կը շահէր եւ լաւ ալ կը ծախսէր: Միայն այդքա'ն: Վերահանդարտած, կրկին երկնցաւ անկողնին վրայ: Այս անգամ փակեց աչքերը: Ու՝ «իմ սիրտ մի կոյրեր, աղո'ւոր աղջիկ» թախանձեց Գարեգինի փափկացած ձայնը: Այս անգամ՝ աւելի հիմնաւորուած. «կու գամ, կարգով-կանոնով հարս կ՛ուզեմ քեզի» պնդեց անիկա: Ու բոլոր Գարեգինները միաբերան արձագանգեցին. «Յոյս մը տու'ր, դուռ մը բա'ց ձգէ…»: Դարձեալ շտկուեցաւ, նստաւ: Սիրտը կը բաբախէր արագ. ուրախութեան մը արագութիւնն էր: Գրկեց ծունկերը եւ գլուխը անոնց հանգչեցուցած, ժպիտ մը ունեցաւ: Արդէն ձիւնհա՞լն էր ներքին դիմադրականութեան: Ըլլալով հարցասէր եւ պրպտող՝ ան ուզեց գիտնալ թէ ինչո՞ւ: Ու միտքը լարուած՝ դեգերեցաւ բոլոր յատկութիւններուն եւ կարելիութիւններուն վրայ: Ամենէն վերջը եկաւ, կանգ առաւ անմիջական պարզութեան եւ մանկունակ թուացող միամտութեան վրայ, որուն գումարը անկեղծութիւնն էր: Գտաւ որ, Գարեգինին աչքերը աւելի խօսուն էին քան բառերը: Անոնք վճիտ էին առաւօտուն նոր բացուած երկինքի մը պէս: Ու ինք արդէն կը հաւատար այդ աչքերուն: Կը վերյիշէր անոնց մէջ շողավառումը յոյսին, երբ կ՛ըսէր. «կ՛ուզեմ կարգուիմ քեզի հետ…կ՛առնե՞ս ընծի…» Հարցումին արձագանգը տակաւին ներսըդին էր: Ու ինք գոհ էր. ունէր գիտակցութիւնը, թէ քիչ թիւով կիներ կրնային արժանանալ այս շնորհին, որ ոչ ծեգծեգանք եւ ոչ ալ վերամբարձ շղարշ ունէր եւ ոչ իսկ՜պոռոտ բառակոյտ: Այլ՝ պարզ ու վճիտ սիրտէ մը բխող խնդրանք մէն էր, իսկական սիրոյ մը պարունակով: «Կ՛առնե՞ս ընծի…» խռովող եւ սրտառուչ՝ որ միայն ուզել մը չէր, այլ եւ մանաւանդ՝ տա'լ մը, մատուցում մը: Քանի ա'լ սկսաւ յստակացնել մտածումներն ու որոշումը, թո'ղ այս խոստովանութիւնն ալ ի'նք ընէ. առաջին այն րոպէին իսկ, հարցումը իրեն տրուած պահին իսկ, երբ անակնկալի եկած դարձեր էր ինք դէպի տղան եւ տեսեր անոր վճիտ, ամէն ինչ արտայայտող աչքերը՝ հաւատացէ'ք, արդէն ներքնապէս տուեր էր իր «այո'» պատասխանը: Մի' հարցնէք թէ ինչո՞ւ: Այդ պահին ինք ալ տակաւին պատասխան չունէր: Նախ զարմացած էր, յետոյ շուարած, նոյնիսկ վախցած ու ընդվզած՝ բայց եւ այնպէս՝ յանձնուած ու գրաւուած: Խառնաշփոթ շեղջակոյտ մը ապրումներու, որոնց պարզաբանումն ու բացատրութիւնը, վստահ էր, վերջէն պիտի գար: Իսկ հիմա որ առանձինն էր, ա'լ սիրտ չունէր այդ չափել-ձեւելներուն համր: Ունէր միայն զղջումը. ինչո՞ւ քաջութիւնը չունեցաւ այն ատեն իսկ ըսելու Գարեգինին թէ յօժար էր: Ինչո՞ւ չըսաւ…
- 6 -
Եւ երկինքէն ինկան... Փորձութիւնը հեզասահ այն զառիթափն է, որ կախարդականօրէ քեզ կը քաշէ երկինքէն թաւալգլոր ինկող երեք կարմիր խնձորներուն ետեւէն: Բայց ինչպէ՞ս բաժնես զանոնք առնց որեւէ մէկը վշտացնելու: Գիտէք արդէն, առաջին խնձորը պատմողին անառարկելի իրաւունքն է: Ի հարկէ երկրորդը կ՛երթայ հարսին իսկ երորդն ալ անպայման՝ փեսային: Հապա միւսներո՞ւն... Զաւէնին, Կարոյին բաժինները՞... եւ մանաւանդ ձե'ր բաժինը, սիրելի՜ ընթերցողներ՝ պիտի ըսէք. ո՞ւր մնաց: Բնա'ւ հոգ մի ընէք. Գարեգին մտածած է նաեւ այդ մասին եւ նոյնիսկ չէ մոռցած յաւիտեանս անտեսուած ուսոցիչ-ուսուցչուհիներն ալ: Չէ՞ որ ան պարտական մնաց նաեւ կարգ մը ուսուցչուհիներու հանդէպ, զանոնք եւս յոսախաբ ձգելով: Յետոյ, միս մինակ հարսնիքի չերթցուիր, չէ՞... Ուդեմն, Գարեգին Զաւէնէն խնդրեց որ հրաւիրէ հայ դպրոցներուն բոլոր դաստիարակները: Ու ահա', Քարլթոն շքեղ պանդոկի ընդարձակ սրահին մէջ հարսանեկան մեծ տօնախմբութիւն է՝ շքեղ եւ աղմկալից: Շամփանյը եւ Ուիսքին կը փրփրին ու կը հոսին առատօրէն եւ համադամներու սեղանները կը վերանորոգուին բազմիցս: Գարեգին, ափին մէջ ամուր սեղմած Արքսիին փափկասուն ձեռքը, անոր հետ կը շրջի սեղանէ սեղան եւ գաւաթ կը զարնեն բոլորին գաւաթներուն հետ: Ու հեռո'ւ-հեռո՜ւն, ձիւնասպիտակ լեռներէն ու մեծ ովկիանոսէն անդին, բազմամարդ եւ բազմաժխոր քաղաքի մը մէկ տան պատէն կախուած երկու նկարներ կը ժպտին իրարու. Նազար Աղբարին եւ Զարուկ մամային լոյսէ ժպիտներն են, վերջապէ'ս:
ՏԱԳՆԱՊԸ
Headline text
- Ա -
Փախուստը տկարութիւն է, չըսելու համար՝ դասալքութի՛ւն: Պարզ է, թէ ոչ ոք պիտի ուզէր ցուցադրել իր այդ տկարութիւնը: Ամէն պարագայի, իւրաքանչիւրս պիտի գոնէ փորձուէինք բացատրել, արդարացնել կամ մեղմացնել մեր թոյլ տուած տկար այդ արարքը: Արդարացումի այդպիսի փորձ մըն է ուրեմն, այս գրութիւնն ալ: Թէեւ, իմ պարագայիս, հեշտ պիտի ըլլար ապաւինիլ Պէյրութի 1958-ի արիւնալի դէպքերու արդարացումին. միջքաղաքացիական կռիւ էր, անգործութեան եւ անապահովութեան հետ, հայկական թաղերէն ներս, կա՛ր նաեւ եղբայրասպանութեան ահաւոր մոլուցքը, որ անկարելի կը դարձնէր բնականոն կեանքի մը նուազագոյն շարունակութիւնն իսկ: Իսկապէս որ ընդունելի արդարացումներ էին ասոնք, բայց ես պիտի չդիմեմ այդ չքմեղացումին: Նպատակս ինքնարդարացում չէ բնաւ: Անկեղծօրէն, նստեր եմ ես ինծի հետ, հաշուետուութեա՛ն. կը գտնուիմ կեանքիս նոր հանգրուանի սեմին եւ առ այդ կ՛ուզեմ նորը սկսիլ մաքուր մեկնակէտէ, հին սխալներէս դաս առած եւ հին բարդոյթներս հովին տուած: Այս բոլորը՝ ըսելու համար, թէ փախուստիս բուն պատճառը ո՛չ այս էր եւ ոչ ալ ուրիշ բան, այլ՝ միայն ու միայն ահաւոր այն պարա՛պը, որ կը սողոսկի հոգիիդ մէջ , երբ երիտասարդական ամբողջ կեանքդ գունազարդած շքեղ երազներդ ու իտէալական ըմբռնումներդ յանկարծ փուլ կու գան: Գիտեմ, վերացական ընդհանրացում մըն ալ այս մէկը եղաւ: Կը ներէք, արդէն ա՛յս էր իմ հիւանդութիւնս. վերացականութիւն եւ ընդհանրացո՛ւմ: Կեանքը, մարդիկը, շրջապատը, դեպքերն ու կիրքերը, փառասիրութիւններն ու նախանձը, բոլո՛րը՝ կը դիտուէին ու կը դատուէին վերացական ընդհանրացումով՝ վարդագոյն երազներուդ պրիսմակին ընդմէջէն: Թէեւ, զարմանալիօրէն, այն միջավայրը որկից կու գայիր դուն, շատ հեռու էր վերացական ընդհանրացում ըլլալէն: Ընդհակառակը՝ բիրտ ու շօշափելի, կարծր իրակաութիւնն էր, որ կը կոչուէր Պուրճ Համուտ: Այն օրերու դաժան Պուրճ Համուտը, ուր կեանքը պարզ ու խոնարհ ըլլալով հանդերձ, անվերջ մաքառում մըն էր կարիքին, կեղտ ու ցեխին, թրքախօս տգիտութեան եւ անհանդուրժողութեան դէմ: Այս տարապայման միջավայրին մէջ, հասունցող պատանիիս համար, բնականը այն պիտի ըլլար, որ ան ըլլար գործնապա՛շտ, առարկայակ՛ան: Կարիքին ճիրաններէն ճողոպրելու համար, կամ արհեստ մը պէտք էր սորվիլ եւ կամ ճիրանաւորուած՝ շուկայ նետուիլ: Բայց, չես գիտեր ուրկից ուր, հակադրուելով շրջապատիս տգիտութեան, գիրքի տարօրինակ սէր մը առեր էր զիս իր յորձանքին մէջ: Օրն ի բուն, կը կարդայի ինչ գիրք որ ձեռքս անցնէր: Կը կարդայի յափշտակութեամբ, կլանուած, վերացած, մոռցած ամէն ինչ: Ա՛լ նոյն անձը չէի. կը ձուլուէի, կը նոյնանայի գրքերու հերոսներուն հետ, ձեւով մը վերապրելով անոնց կեանքն ու ներաշխարհը: Տեսակ մը փախուստ էր ասիկա մեր թաղերուն կեղտէն ու թշուառութենէն: Գուցէ առաջին դիւրին առկայծո՞ւմը՝ գեղեցիկ կեանքի մը երազին: Գիրքեր կային, որ սակայն կը զլանային այդ երազն իսկ: Կարծր գիրքեր էին, Էմիլ Զոլայի «Ժերմինալ»ին, կամ Ճէգ Լոնտոնի «Երկաթեայ Կրունկ»ին դաժանութեամբ: Անհանգստացնող գիրքեր՝ որոնք կը խռովէին երազնանքներս հարցադրումներու նոր կծիկով եւ կը մղէին մտածելու: Ասիկա պատճառ հանդիսացաւ, որ փնտռեմ նաեւ ուրիշներուն կարծիքը: Իսկ փնտռել կը նշանակէր գտնել: Անշուշտ՝ իմ նմաններս: Շուտով, մեր թաղերուն մէջ, չորս-հինգ տղոց խմբակ մէ եղանք՝ գրեթէ նոյն հոգեվիճակով եւ նոյն մտածողութեամբ: Զարմանալիօրէն, որպէս արտաքին բնորոշիչ, բոլորս ալ ակնոց կը կրէինք, եւ մեր մազերը, ճիշդ մէջտեղէն, ճշգրիտ խազով մը կ՛երկփեղկուէին: Միշտ միասին էինք, փոթորկուն եւ աղմկալից՝ անվերջ վիճաբանութիւններով: Խմբային շփումը նոր հորիզոններ բացաւ մեր առջեւ: Ընթերցանութիւնը դարձաւ գրականութիւն եւ բանաստեղծութիւն: Գեղեցիկի սուր զգացողութիւն, բարիի եւ վսեմի տեսլական: Հայ դատ, տենչ արդարութեան, վրէժի կրակ, ինքնագիտակցութիւն եւ հպարտութիւն՝ հոգեկան մեր ուժանիւթն էին արդէն: Անոնց կողքին՝ նոր հետաքրքրութիւններ ալ. երաժշտութիւն, թատրոն, շարժանկար եւ նկարչութիւն: Մանաւանդ՝ գլխագիր Սէր: Յորդող, վարարող սէրը անսպառ, որ անպայման տուեալ աղջկայ մը կերպարանքը կրնար չունենալ, այլ, սիրոյ սէ՛րը՝ բիւրեղի պէս ջինջ ու աղբիւրի պէս զուլալ: Կապոյտ ապակին էր ան մեր ակնոցներուն, որով կը դիտէինք կեանքն ու մարդիկը, միշտ կապոյտ վերացականութեամբ. «Բարի, անո՜յշ հին օրեր » էին, մեր պաշտած Վազգէն Շուշանեանի հետեւողութեամբ, եւ ի՜նչ փոյթ թէ՝ կիսամաշ հագուստներով ու ծակ գրպաններով: Հրաշքի համազօր էր մեր համալսարան հասնիլը. մի հարցնէք թէ ի՛նչ գնով: Անշուշտ մեր ծնողներուն անհուն զոհողութիւնը նկատի ունիմ եւ անասելի նուաստացումներով ձեռք բերուած ազգային թոշակ նպաստը: Ամերիկեան Համալսարան մտանք, շալկած մեր անկարելի երազներն ու յոյսերը, հաւատալով որ մեր անհատական եւ հաւաքական կարիքներուն եւ հարցադրումներուն լուծումները հոն պատրաստի պիտի գտնէինք: Անշուշտ, յուսախաբութիւնը չուշացաւ. շուտով անդրադարձանք մեր սխալին: Ինկած էինք սխալ միջավայրի մէջ. մեր տեղը չէր այդ համալսարանը. Մերձաւոր ԱՐեւէլքէն եւ նոյնիսկ Ափրիկէէն հոն հաւաքուեր էին հարուստի շփացած զաւակները: Անտանելին սակայն անոնք չէին: Անոնց հետ գրեթէ շփում չունէինք: Այլ՝ մերիննե՛րը, տեղացի ունեւոր հայերուն լակոտները, որոնք չկրցան մարսել մեր ուսումնական առաւելութիւնն ու ուշիմութիւնը իրենց փլէյ պոյ ի ծանծաղամտութեան վրայ: - Դուք աղտոտ նահարցիներդ ի՞նչ գործ ունիք հոս,- օր մը պոռթկաց անոնցմէ մէկը, դէմքը զզուանքով ծամածռելով,- մեր անունը օտարներուն առջեւ սեւցնե՞լ է, անօթի փնթինե՛ր… Ի՜նչ խօսք որ մենք իրապէս տարբեր էինք անոնցմէ. Իրենք լաւ կը հագուէին, սեփական ինքնաշարժներ ունէին եւ արդէն սիրուհիներ կը պահէին: Իսկ մենք, մաշած, ժամանցուած հագուստներով, անճրկած ու շուարուն, կէս օրուայ սանտուիչը հաշիւով կ՛ուտէինք, մինչ անոնք հպարտօրէն բազմած կ՛ըլլային դիմացի Անգլ Սէմի շքեղ ճաշարանը: Սիկարէթը, եթէ կարենայինք հատով գնել, այն ալ աժաննոց Թաթլը Սերթ տեսակէն՝ մեր միակ զեխութիւնը կը սեպուէր, մինչ անոնք Լաքի Սթրայք կամ Տանհիլ կը ցուցադրէին իրենց թափանցիկ շապիկներու գրպաններէն: Ասոնք պատճառներ, որ դառնացած եւ նուաստացած՝ մեկուսացած մնայինք որոշ ժամանակ: Բայց յետոյ, ուրիշներ, տեղացի արաբ տղաք, մօտեցան մեզի եւ անզգալաբար առին մեզ իրենց ցանցին մէջ: Անմիջական, ջերմ տղաք էին, միշտ սիրալիր եւ որեւէ օգնութեան համար պատրաստակամ: Վերջէն անդրադարձանք, թէ ձախակողմեան տղաք էին, ուսանողական շարժումին զինուորագրեալներ, մեզի մօտեցած՝ յատուկ առաքելութեամբ: Համակրեցանք անոնց շարժումին եւ գործունէութեան, բայց չկրցանք ամբողջովին մերուիլ: Մեր վիպային խառնուածքը չկրցաւ համակերպիլ անոնց կարգապահական խստութեան: Հոն ալ մնացինք լուսանցքի մէջ: Մեզ ձգողը, ընկերային, քաղաքական գործնական պայքարէն աւելի Գաղափարին տեսլականը եղաւ: Ըմբոստ շարժումէն աւելի, ընդվզումի գաղափա՛րը: Հմայուեցանք Շարժումին յարած մեծ գրողներով եւ արուեստագէտնեով: Արակոն, Էլիւար, Ներուտա, Փիքասօ՝ մեր կուրքերը եղան: Բայց բնաւ չսիրեցինք ինքզինքնին ղեկավար դասած ճարպիկներուն ճոռոմ ճառերն ու վարմունք-կենցաղը: Արդիւնքը՝ դարձե՛ալ մեկուսացում: Կասկածները արդէն սկսեր էին կրծել մեր հոգին: Իսկ երբ մեր հասողութեան հասան շշուկները կարմիր մաքրագործման եւ սպանդի մասին, արդէն շարժումէն դուրս էինք, առանց նոյնիսկ «այլախոհ»ի դափնեպսակը ունենալու: Պարզապէս, մենք հիասթափուածներ էինք: Չարաշահուած ըլլալու սուր ցաւն էր մեզ խռովողը, ներքին մեծ պարապի մը դէմ յանդիման: Հազիւ համալսարանէն վկայուած, դուրսը ուղեկորոյսներ էինք արդէն: Շուկան իր գիշատիչ ընչաքաղցութեամբ բզքտեց երազներու մեր վերջին ծուէնն ալ: Ինկած էինք յորձանքի մը մէջ, որուն դէմ պատրաստուած չէինք: Քշուեցանք՝ ցիրուցա՛ն: Դատապարտուած՝ թիավարելու շուկայի կատաղի ջուրերն ի վար, ոմանք կրցան բախտով կամ կամքով ափ հասնիլ: Ես չկրցա՛յ: Քշուելով, գացի ինկայ Պէյրութի քաղաքապետարանի անշուք մէկ բաժինը՝ որպէս հասարակ Ճարտարապետ-երկրաչափ: Եւ որովետեւ հայ էի եւ առանց պաշտպան-հովանաւորի, վրաս բեռցուցին բոլոր գծագրումի սեւ աշխատանքը: Խոնաւ եւ անլուսամուտ սենեակի մը մէջ, որն ի բուն գիծեր քաշելով, փթացած՝ մոռցայ գիրքերու երազային աշխարհը: Հոգիս խռոված, զզուեցայ շրջապատէն ու նոյնիսկ կեանքէն: Չէին բաւեր կարծէք այս ամէնքը, երբ վրայ հասան 1958-ի միջհամայնքային կռիւները: Դժբախտաբար, հայկական թաղերը անմասն չմնացին. ցեղին նոյն հին կոճղէն ու արմատներէն սերած հայ տղաք, զինուած օտարին ձեռքով ու զէնքով, սկսան անխնայ զիրար յօշոտել, չես գիտեր յանուն ի՞նչի: Հնչակ-Դաշնակի նոյն ատելավառ կիրքն էր՝ այս անգամ երկրին անիշխանականութենէն թափ ստացած: Հաւաքական այդ յիմարութեան մէջ, հարկադրանքին տակ գտնուեցայ դիրք ճշդելու: Կամ այս կողմին հետ եւ կամ մի՛ւս: Այլընտրանք չկա՛ր: Բայց ես չուզեցի ո՛չ մէկ ընտրանք: Ես նախընտրեցի փախչիլ: Ու փախայ: Ուրիշ ելք չկար:
- Բ -
Փրկութեան լաստս Ափրիկէն եղաւ: Պատահմամբ լսեր էի թէ Ղանային համար երկրաչափներ կ՛ուզուէր: Դիմեցի առանց մեծ յոյսեր ունենալու ու բախտս այս անգամ բանեցաւ: Պայմաններուն մասին երկար բարակ չմտածեցի: Լուծարքի ենթարկեցի Պէյրութի անցեալս ու ներկաս եւ առի Աքռա մեկնող առաջին օդանաւը: Հասայ քայքայուած ջիղերով: Դէմս օտար, նոր քաղաք մըն էր, որուն անունն իսկ չէի լսած նախապէս: Ո՛չ մէկ ծանօթ ունէի: Անփորձ ու միշտ անգործնական՝ ժամանումիս թուականն ու ժամն իսկ չէի իմացուցած գործատէր ընկերութեան: Պահ մը, շուարած, խուճապի մատնուեցայ օդակայանին մէջ եւ դէպի ետ, օդանաւին վերադառնալու շարժում մը ունեցայ: Օդակայանէն ներս ու դուրս սեւ մարդոց բազմութիւնը անտեղի վախի տհաճութիւնը արթնցուց մէջս: Գիշերը, պանդոկի սենեակիս դուռը ամուր կղպած, անհանգիստ քուն մը ունեցայ: Նրբանցքէն հասնող ամէն ոտնաձայնի հետ սիրտս թունդ կ՛ելլէր: Գիտէի թէ ծիծաղելի եւ անհեթեթ վիճակ էր, անվայել՝ անցեալիս եւ «մարդասիրական» գաղափարներուս: Առաւօտեան սակայն, ճռուողիւններու համանուագէն արթնցած երբ բացի պատուհանիս փեղկերը, արեւը շլացուցիչ ցնծութեամբ խուժեց սենեակէս ներս եւ սրբեց, տարաւ ամէն անախորժութիւն եւ վախ: Ափրիկէին հետ շփումս նոր կը սկսէր: Հագուեցայ եւ շտապեցի դուրս: Պանդոկէս արդէն բացատրեր էին, թէ ընկերութեանս գրասենեակը կը գտնուէր Նքրումա գլխաւոր պողոտային վրայ, քանի մը փողոց անդին: Պանդոկէն մինչեւ այդ փողոցները հարկ եղաւ անցնիլ արեւադարձային հսկայ ծառերով եզերուած բացատէ մը, որ մարգագետինի մը ծաղրանկարը ըլլալ կը թուէր: Տակաւին առաւօտ էր, բայց տաք օդի ալիք մը կը խանձէր դէմքս: Երբ հասայ առաջին փողոցը, արդէն արիւն քրտինքի մէջ էի: Մոռցած որ գործ ունիմ ափրիկեան կիզիչ արեւին հետ, բաճկոն- փողկապով հագուած ու շքուած, մարզիկի առոյգ քայլերով քալեր էի: Ձեռքիս, փոքրիկ պայուսակն իսկ կը ծանրանար: Պարզ էր որ երեւոյթս անյարիր էր շրջապատին, ուր կը վխտային կիսամերկ սեւուլիկ մանուկներու բազմութիւններ, փոշիի ամպհովանի մը բարձրացուցած: Վիճակս երեւի անկարելիին մօտեցեր էր այնքան, որ շուրջս կազմուեր էր սեւերու զուարճացած ու զարմացած խումբ մը: Սրտնեղած, արագացուցի քայլերս: Ճիշդ այդ պահուն, ահաւոր ճռնչիւնով քովս կանգ առաւ ինքնաշարժ մը: Եւրոպացիի կերպարանքով շէկ երիտասարդ մըն էր վարիչը: - Հելլօ՛,-ըսաւ ան ծամածռուած ժպիտով: - Հելլօ, -պատասխանեցի ես, զարմացած: - Նորե՞կ էք կ՛երեւի: - Այո՛, առաջին օրս է: - Յայտնի է: Գիտէ՞ք թէ ճիշդ ու պատշաճ ընթացքի մէջ չէք: - Այսի՞նքն...- արդէն ջղային դիմադարձեցի ես: - Այս փողոցներէն պէտք չէ բնաւ քալելով անցնիլ: - Ինչո՞ւ... վտանգաւո՞ր է: Մարդը խնդաց. - Այդպիսի բան չկայ հոս: Պարզապէս սպիտակներուս վարկը կը ցածցնէք սեւերու աչքին: Գիտցէ՛ք, մենք հոս միշտ «մասթըր» ենք դեռ: Պէտք է կամ թաքսի վերցնէք, կամ սեփական ինքնաշարժ ունենաք: Ելէք հիմա քովս, ձեզի տեղ հասցնեմ: Կացութիւնը պարզ էր. Անկլօ-Սաքսոն ցեղապաշտութեան մէկ բացայայտո՛ւմն էր: Ու փորձութեան սատանան արթնցեր էր մէջս. Շնորհակալ եմ ուշադրութեան համար: Բայց կարծեմ սխալ դուռ զարկիք. արտաքին երեւոյթէս մի դատէք. ներսս մասմաքուր սեւ է: Բանամ, ցոյց տա՞մ: Նոյն ճռինչով մարդը փախաւ, հայհոյութիւն մը մռլտալով: Գոհունակութեան ժպիտս առանձինն չմնաց: Արդէն շուրջս հաւաքուած սեւերուն սպիտակափայլ ատամնաշարերը լայնօրէն մեղսակից էին անոր:
- Գ -
Պանդխտութիւնը մարտահրաւէրի պէս է. վերընձիւղումի ոյժ կու տայ, կեանքդ զէրոյէն վերսկսելու առիթ կը ստեղծէ հարկադրաբար: Ա՛լ կը կառչիս միայն սեփական ուժերուդ, աշխատանքի՛դ: Ուրիշ ելք չունի՛ս: Վերջին լա՛ստն է փրկութեան: Նաեւ՝ միակ կռուանդ մոռացութեան: Ուրիշներ եկած էին ծրագրուած՝ յստակ հեռանկարով. դրամ դիզել որքան կարելի է շուտ: Նուազագոյնը տալով՝ առաւելագոյնը կորզելու համար: Իսկ ես եկեր էի ձախորդ անցեալ մը մոռնալու համար: Գտնելու հաւասարակշռութիւնս եւ հոգեկան անդորրս, որոնց համար պատրաստ էի տալու ամէն ինչ, այսինքն ժամանակ, ոյժ եւ եռանդ՝ առանց հաշիւի եւ ակընկալութեան: Կատաղի մոլուցք մը կար աշխատանքին փարումիս մէջ. ցերեկները խուսափելով գրասենեակի հանգստաւէտ միջավայրէն, կը նախընտրէի երթալ կառոյցներու վայրը, մօտէն հետեւելու բանուորներու աշխատանքին, իսկ գիշերները, մտածումներուս չարչարանքին հետ չմնալու համար, տուն կը տանէի գծագրումները եւ կառոյցի նոր հարցադրումներուն դէմ կը տգնէի նոր լուծումներ գտնել: Միւս երկրաչափ-ճարտարապետները զիս ապուշի տեղ կը դնէին: Չէին կրնար ըմբռնել ու մարսել չափազանցեալ եռանդս, քանի յաւելեալ վճարում չկար անոնց դէմ: Ոմանք, նոյնիսկ չարամտօրէն դիտաւորեալ կը նկատէին աշխատասիրութիւնս, իրենց բացայայտ ծուլութեան վրայ, որպէս թէ սեւերու իշխանութեան ուշադրութիւնը հրաւիրելու միտումով,: Առ այդ, մեկուսացուցեր էին զիս: Գործէն դուրս, ո՛չ մէկ յարաբերութիւն կը մշակէին հետս: Իմ փոյթս չէր սակայն, քանի որ խիստ նախանձախնդրութեամբ կը հսկէի առանձնութեանս պահպանման վրայ: Բայց միթէ՞ առանձին էի՝ երբ ունէի անցեալիս յաճախանքը մտալլկող: Հին հարցադրումներն ու յուշերը կրկին վերարծարծելու, մանրազննին զանոնք քննարկելու նոր կիրք մը արթնցեր էր մէջս: Տարօրինակ իրավիճակ էր. թողուցեր, փախեր էի Պէյրութէն, ձերբազատուելու համար անցեալէս, մոռնալու համար անոր վրիպանքը: Բայց ահա՛ այդ անցեալը, հազարաւոր մղոն հեռու այս մենարանիս մէջ, լպրծուն հինգոտաննիի իր թեւերով եկեր, պլլուեր էր հոգիիս, քուն ու դադար չէր տար, չէր թոյլատրեր, որ բացուէի նոր կեանքին, մուծուէի նոր շրջապատիս: Ներքին այս կռիւը նոր կենսաձեւ մը դարձեր էր փաստօրէն: Նշմարեցի որ սկսեր էի համ առնել անկից: Մասոշիստական ինքնաչարչարման հաճոյքը ստանալ: Այդ գիտակցութիւնը վախցուց եւ փրկե՛ց զիս: Զգաստացա՛յ: Դուրս եկայ հոգեախտավարակման այդ վիճակէն: Որոշումներ կայացնելու կամքի ոյժ ունէի տակաւին: Հոգիս խաղաղեցաւ. ձերբազատուեր էի մանաւանդ փախուստիս հաշւոյն ծնած յանցաւորի բարդոյթէն ալ: Ի՜նչ յանցանք, երբ ալ պարզ էր, թէ զոհը ես էի. վարպետորդի մարդիկ, խայծելով վիպապաշտ խառնուածքս եւ արդարութեան ծարաւս, շահագործեր էին զիս, վասն իրենց փառասիրութեան: Իսկական պարապը նոր էր որ զգացի եւ ա՛լ չտոկացի առանձնութեան: Դուրսի աշխարհը, նոր քաշողականութեամբ սկսաւ առինքնել զիս: Մարդու կարօտը ունէի: Ու ելայ դուրս:
- Դ -
Առաջին անձը որուն հանդիպեցայ՝ Մոնիքը եղաւ: Ես բնաւ պատրաստ չէի առանձին մնալու գեղանի օրիորդին հետ, ոչ ալ ատակ՝ զինք զբաղեցնելու: Բայց պատահականութիւնը այլապէս դասաւորեց.այնպէս որ, երբ Ապասատոր պանդոկի մուտքին հասայ, չեմ գիտեր ինչո՞ւ, հիւրերը ընդունող մեր Գլխաւոր Ճարտարապետը զիս դիմաւորեց անսովոր ջերմութեամբ եւ գոհունակութեան բացայայտ ժպիտ մը ունեցաւ. - Ճիշդ ատենին եւ ճիշդ անձը եղաք,- ըսաւ ան թեւս մտնելով,- զիս պիտի փրկէք մտահոգութենէ մը. աղջիկս առանձին սկսաւ ձանձրանալ: Եկէք ծանօթացնեմ, եւ ընկերակից եղէք անոր: Ընդունելութիւնը կու տար ինքը, Գլխաւոր Ճարտարապետը, ի պատիւ Աքռայի պետական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններուն: Ես ընդուներ էի հրաւէրը պատշաճութեան նկատումներով եւ մտահոգ էի՝ առանձին մնալու վախը սրտիս: Պաշօնակիցներուս հետ յարաբերութիւնս տակաւին չէր տաքցած: Ուրեմն լաւ զուգադիպութիւն մը եղաւ աղջկան այս «ընկերակցելու» հրաւէրը: Հայրը մեզ երկու նախադասութեամբ իրարու ծանօթացուց եւ գնաց պաշտօնին: Իսկ ես մատնուեցայ դժուար կացութեան: Օրիորդ Մոնիք իսկապէս որ գեղեցիկ էր: Առաւել պատճառ մը, որպէսզի աւելի անճրկիմ: Երկարատեւ առանձնութեանս մէջ, կ՛երեւի վայրենացած էի: Թէեւ, առաջ ալ փայլուն չէի կնամեծարութեան մէջ: Այնպէս որ, ձախաւեր խօսք մը կամ վարմունք մը ունենալու վախը կաշկանդեր էր զիս: Պարագայական խօսակցութիւն մ՛իսկ սկսելու անկարող էի: Բարեբախտաբար, օրիորդը ինք սկսաւ. - Երկա՞ր ժամանակ է կ՛աշխատիք հօրս հետ,- հարցուց ան: - Հինգ տարի կ՛ընէ արդէն: - Հինգ տարի՞…- զարմացաւ ան,- եւ նո՞ր է որ, իրարու կը հանդիպինք այս փոքր քաղաքին մէջ: Տարօրինակ է, չէ՞: - Չեմ կարծեր,- ըսի, արդէն ինքնավստահութիւնս գտած,- շատ բնական է, քանի որ առաջին անգամ է որ կ՛ընդառաջեմ այսպիսի ընկերային հաւաքոյթի մը: - Ինչո՞ւ, չէ՞ք սիրեր հաւաքոյթները: - Կը խուսափիմ: Հաճոյախօսութիւնն ու բամբասանքը ժամավաճառութիւն կը նկատեմ: - Ինչպէս ա՛յս պահուս, ինծի՛ հե՞տ… Պչրանք եւ քմծիծաղ կար Մոնիքի շրթներուն եւ զուաճացած փայլ մը՝ ծաւի աչքերուն մէջ: Ես արդէն խուճապի մատնուած էի: Առեր էի այնքան վախցած ձախաւեր քայլս: Սկսայ թոթովել. - Ի՜նչ կ՛ըսէք օրիորդ…խնդրե՜մ… ներեցէ՜ք… ես բնա՛ւ այդ ըսել չուզեցի…ես ընդհանրապէս ըսի… - Ինչո՞ւ կը փորձէք արդարանալ: Ճիշդ ըսիք եւ ես ալ ճիշդ ձեւով հասկցայ: Ուրախ եմ որ ինծի պէս մտածող մը գտայ այս փոքր քաղաքին մէջ: Ես ալ չեմ սիրեր այս անշահ հաւաքոյթները: Այսօր, բացառաբար կը գտնուիմ հոս. մայրս անհանգիստ ըլլալով՝ ի պաշտօնէ կը փոխարինեմ զինք անշնորհաբար: Չուզեցինք հայրս առանձին ձգել: - Ուրեմն երկու հականերս, հրաշքով գտանք զիրար,- ըսի ոյժ առած, կատակելով: Համամտածողութեան քաշողական ոյժին շնորհիւ,- եզրակացուց ան: Արդէն մօտեցեր էինք պառին: Մէկական գաւաթ ճին թոնիք վերցնելով քաշուեցանք յարաբերաբար խաղաղ անկիւն մը: Օդը, մօտեցող ամրան արձակուրդները եւ սաֆարին կատարելապէս փրկեցին կացութիւնը: Ա՛լ կը զրուցէինք անկաշկանդ: Երկրորդ գաւաթէս յետոյ զգացի, թէ դարձեր էի շատախօ՛ս: Շրթներս կը գեղգեղէին մեքենականօրէն, առանց որ մտածումս զբաղէր անոնցմով: Մտածումս ուրիշ պաշտօնի անցեր էր. մանրազննին կը քննէր Մոնիքը, անշուշտ աննկատելի փափկանկատութեանբ: -Կատարեալ գեղեցկուհի մըն էր ան, խարտեաշ մազերով ու թովիչ, ծաւի աչքերով: Դիմագծերը՝ նուրբ ու համաչափ, օծուած էին տեւական, հազիւ նշմարելի շողի նշոյլով մը, որ կարծես աչքերէն կուգար: Լուրջ էր շարժուձեւերուն մէջ, հաւասարակշռուած՝ համոզումի ներքին ուժականութեամբ մը զօրաւոր անհատականութիւն մը մատնող: Ըստ այնմ, հարկադրուեցայ սանձել շաղակրատանքս եւ անցնիլ լուրջ խօսակցութեան: Դարձեալ կաշկանդուածութիւն մը զգացի: Արդէն ներսը, ծուխին ու աղմուկին հետ դարձեր էր հեղձուցիչ: Դուրս, պարտէզ ելլենք, -առաջարկեցի: Կարծեմ լաւ կ՛ըլլայ, -համակերպեցաւ ան ու պարզ բնականութեամբ թեւս մտաւ: Դուրսը, արեւադարձային ծառերուն եւ երփներանգ լոյսերուն տակ նստարաններ եւ աթոռներ կային: Ընտրեցինք մեկուսի անկիւն մը, նստանք դէմ դոմաց եւ սկսանք անկաշկանդ զիրար դիտել՝ մեր ժպիտներուն հովանիին տակ: Գո՞հ էք ափրիկեան ձեր կեցութենէն, - յանկարծ կը հարցնեմ ես: Մոնիք, ցորենագոյն մազերուն գահավիժումը քնքշօրէն բանտելով ափերուն մէջ եւ ապա ետ տանելով, ունեցաւ պզտիկ պրկում մը: -Լա՛ւ հարցում է: Երկար ատեն է որ ես ալ նոյնը հարցումը կու տամ ինքզինքիս եւ յստակ պատասխան մը չեմ կրնար տալ: Կ՛երեւի փնտռածս չեմ գտած դեռ: Իսկ փնտռածս, պզտիկ բացատրականի մը կը կարօտի. նկարչուհի եմ: Գոնէ այդպէս կը դաւանիմ ինքզինքիս: Միայն նկարչութեան սիրոյն էր որ յանձն առի ծնողքիս ընկերանալ դէպի այս տարաշխարհիկ ափերը: Ձանձրացեր էի Պրիւքլսէլի մշուշէն, գորշ անձրեւոտ օրերէն եւ հեւ ի հեւ վազքերէն: Խորհեցայ, որ Ափրիկէի բարկ արեւը, վայրի բնութիւնը ու նախնական կենցաղը կրնային արուեստիս վերափոխումին նպաստել: - Չիրագործուեցա՞ւ այդ ակնկալութիւնդ: -Նկարչական մարզէն ներս՝ ո՛չ: Սկիզբները սակայն, մեծ էր խանդավառութիւնս: Անմիջապէս տարուեցայ տարաշխարհիկ արտաքին երեւոյթներով: Գոյներս վառ բռնկումներ ունեցան, փոխուեցաւ ոճս, ձեւերս եւ գիծերս դէպի պարզեցում գացին: Բայց նկարներուս խորքը մնաց նոյնը՝ թնճկոտ եւ յոռետես: Փոփոխութիւնը պարզապէս եղեր էր մակերեսային: Ներաշխարհս չէր փոխուած: Նոյն անձկութիւնն էր, առանձնութիւնն ու դժգոհութիւնը: Մինչդեռ ձգտումս լիութեան մատչիլ էր: Կ՛ուզէի կեանքը ընկալել իր անմիջական պարզութեան մէջ, տաք ու բաբախուն: Բայց կ՛երեւի կը ձանձրացնեմ ձեզ . այս խօսակցութիւնը կը հետաքրքէ՞ ձեզ… - Եւ ինչպէ՜ս… նկարչութիւնը գրականութենէն ետք երկրորդ սէրս է: Թէեւ բնաւ չեմ փորձած նկարել: - Ըսիք՝ գրականութենէն ետք. գիրքերու հետ բարեկամ էք ուրեմն: - Անցեալին, բանաստեղծութիւններ մրոտած եմ: - Իսկ հիմա՞յ… - Ժամանակ եւ սիրտ չունիմ: - Մե՜ղք: Ժամանակը կը հասկնամ, բայց սիրտ չունիմը չսիրեցի: Զղջացի Մոնիքին այնքան հաճելի զրոյցը ընդհատած ըլլալուս համար: Ի՞նչ պէտք ունէի անձս առաջ քաշելու: Հիմա ի՞նչ կրնայի պատասխանել: Պատմե՞լ բոլոր յուսախաբութիւններս, թուե՞լ կրած դառնութիւններս եւ խոստովանի՞լ վրիպանքս՝ ամենեւի՛ն: - Գոհ չէի գրածներէս,- փորձեցի ճողոպրիլ հարցաքննութենէն: - Բայց դժգոհութիւնը լա՛ւ բան է, - աւելի խանդավառուեցաւ ան:- Ըսել է կատարեալին, գեղեցկագոյնին ձգտումը ունիք: Անպայման պէտք է շարունակէք: Գիտեմ, տառապանք եւ զոհողութիւն կ՛ենթադրէ այդ: Բայ արդիւնքը անպայման կ՛ըլլայ հոգին ազնուացնող ու հարստացնող: Մի վախնաք տառապելէ: Չկրցայ դառն ժպիտ մը զսպել. - Տառապանքն ու ներքին կռիւը անծանօթ բաներ չեն ինծի համար: Բայց կողմնացոյցս կորսնցուցած եմ,- խոստովանեցայ: Ծանր լռութիւն է ա՛լ: Թէեւ կը յամառիմ ժպիտս պահել, բայց կը զգամ, որ արուեստական է ան: Մոնիք պահ մը, կը փախցնէ ակնարկը եւ անիմաստ կը նայի երփնալուսուած ծառերուն: Իմ հաշուոյս ինք յանցաւոր կը զգայ կարծես: Ապա, առանց նախաբանի՝ - Կը ներէք միջամտութեանս համար. տկարութիւնս է. արուեստի հարցերու պարագային կը դառնամ անզիջող: - Ճիշդ կեցուածքը, ա՛յդ է: Բայց չեմ հասկնար ձեզ. թէ ա՛յս կ՛ըսէք, թէ՝ ա՛յն: Ո՞րն է ճշմարիտը: երկու՛քն ալ: - Կը ներէք, ինծի համար մնացիք առեղծուած: Իրաւունք չունիմ միջամուխ ըլլալու ձեր անձնական ապրումներուն, բայց , կարծեմ անհաշտ երկուութիւն մը կայ հոն, գուցէ ներքին կռի՞ւ մը… ինչ որ է, գուցէ լաւ կ՛ըլլայ որ խօսակցութեան նի՞ւթը փոխենք… - Ո՛չ, շարունակենք նոյն ուղղութեամբ: - Չէ՞ք վշտացած ինձմէ: - Ընդհակառակը, շա՜տ գոհ եմ: Այսպիսի զրոյցի մը կաօտը ունէի: - Ես ալ: Ահա կէտ մը՝ որուն շուրջ համակարծիք ենք: Պատճառ մը եւս՝ որպէսզի մեր այս հանդիպումը վերջինը չըլլայ: - Անպայմա՛ն. համաձայն եմ: - Շատ լաւ. վաղն իսկ հանդիպինք: Կիրակի է, ազատ ըլլալու էք: Կէսօրին կու գաք մեզի ճաշի: Կը տեսնէք գործերս եւ կու տաք ձեր անկեղծ կարծիքը: Գուցէ դուք կողմնորոշէք զիս: Հայրս կը պնդէ, թէ ա՛լ ժամանակն է ցուցահանդէս մը կազմակերպելու: Իսկ ես վարանումի մէջ եմ տեւապէս: Արագ, առարկութիւն չվերցնող շեշտով ան արտասանեց իր խօսքերը եւ ոտքի ելաւ, հրաժեշտի համար ձեռքը երկարած: Իրեն համար յստակ ու պարզ էր ամէն բան. ո՛չ մէկ բարթոյթ, ո՛չ մէկ յետին նպատակ: Բայց ես, անակնկալի եկած, շուարած, պատասխանելու իսկ առիթ չունեցայ:Մինչ այդ, հայրը մօտեցեր էր մեզի: Ան մեզ տակաւին միասին տեսնելով ակնյայտօրէն զարմացաւ. - Կը տեսնեմ որ ,օրիորդս ձանձրանալու առիթ չունեցաւ այս գիշեր, եւ Պարոն Ժորժը, լաւապէս կատարեց իր ընկերակիցի պաշտօնը: - Եւ ինչպէ՜ս… երեւակայէ բաբա , Պարոն Ժորժը միանգամայն բանաստեղծ եւ նկարչասէր մէկը դուրս եկաւ: Իսկ դուն ալ տարիներէ ի վեր այսպիսի անձ մը ինձմէ գաղտնի պահեր ես,- որպէս թէ սրդողեցաւ Մոնիք: - Ե՞ս պահեր եմ… - ընդվզեցաւ ծերունի ճարտարապետը,- Ի՛նք պահեր է ինքզինք. ես ալ, այս պահուս միայն կ՛իմանամ այդ բարեմասնութիւնները: - Ապա յարգալից ան դարձաւ ինծի ու երկարեց ձեռքը. - Շա՛տ շնորհակալ եմ, Պարոն Ժորժ, որ այսքան ձեռնահասօրէն զբաղցուցիք դժուարահաճ աղջիկս: Իսկ քաւելու համար չունեցած մեղքս, թոյլ տուէք , որ օր մը ձեզ մեզի հրաւիրեմ, իսկական ծանօթացումի համար: - Բաբա, ես արդէն Պարոն Ժորժը վաղուայ համար ճաշի հրաւիրեցի: Պիտի գայ եւ գործերս տեսնէ: - Ուրեմն ամէն բան կարգին է: Հոյակա՛պ: Կը տեսնուինք վա՛ղը: Ու հայր ու աղջիկ, թեւ թեւի մտած՝ մեկնեցան: Իսկ ես, զարմանալիօրէն չուզեցի վերադառնալ մենակեացի խուցիս:
- Ե -
Երեք ամիսէն ամուսնացանք: Մեր սէրը, Օգոստոսին յանկարծ բռնկող անտառի հրդեհի պէս եղաւ: Ես՝ հինգ տարիներու մենակեացի առանձնութենէս դուրս ելած, ինք՝ իր ափրիկեան ակնկալութիւններէն պատրապաթափ, երբ զիրար գտանք, ես՝ ամբողջութեամբ մոռցայ հոգեկան տագնապներս ու բարդոյթներս, իսկ Մոնիք, ծալլեց, մէկ կողմ դրաւ հիւսիսի աղջկայ իր անձկութիւններն ու դժգոհութիւնները: Սիրեցինք զիրար բուռն սիրով: Սիրոյ լազուր աչքերով դիտած՝ կեանքը դարձաւ գոյնի, թոյրի եւ մեղեդիի հրաշալի համադրութիւն մը: Երանութեան մէջ զգայազիրկ՝ ո՛չ մէկ հարցադրում եկաւ պղտորելու հոգիս: Թէ, հա՞շտ էր այս ամուսնութիւնը հայութեանս, անցեալիս, ըմբռնումներուս եւ համոզումներուս հետ՝ բնաւ չմտածեցի: Բայց դրուեցան այդ հարցադրումները՝ երբ սիրոյ սաւառնումներէն վերջապէս մեր ոտքերը վերադարձան կեանքի հողին, առօրեային: Առաջին անձը որուն զարմացումով հանդիպեցայ, անձս եղաւ: Հակառակ անձնապաստան ըլլալուս, անդրադարձայ եւ ընդունեցի, որ բնաւ չէի ճանչցած սեփական անձս: Պարզ էր. բաղդատութեան կարելիութիւն չէի ունեցած առաջ. դիմացս, միշտ ես եղած էի եւ իմ, ինծի նմանող ընկերներուս կերպարները: Իսկ հիմա, յայտնութիւնը կ՛ընէի Մոնիքին, այնքա՜ն տարբեր՝ մեր բոլորէն: Ինծի համար նորութիւն մը ամբողջովին: Նոր՝ անոր կեանքի ըմբռնումը, նոր՝ մօտեցումն ու վարուելակերպը, նոյնիսկ նոր՝ կենցաղն ու սովորութիւնները: Ճիշդ է, երկուքս ալ կեանքէն երջանկութիւն կ՛ակնկալէինք: Բայց բոլորովին տարբեր բաներ կը հասկնայինք: Ինծի համար երջանկութիւնը միշտ եղեր էր անանձնական, վերամբարձ ըմբռնում մը, նոյնիսկ՝ անհասելի ձգտում մը, զոր փնտռեր էի կեանքի առօրեայէն դուրս, մեծ երեւոյթներու մէջ միայն, ընդհանրականի բնոյթով: Տակաւին՝ համոզուեր էի, թէ ան կը տրուէր տառապանքի ուղիներով միայն: Մոնիքին համար այլ էր հարցը. բնական ու պարզ էր երջանկութիւնը՝ ծառէն պտուղ քաղելու չափ դիւրին: Ամէն բանէ առաջ, հոգեկան լիութիւն եւ խաղաղութիւն էր ան՝ ներքին հաւասարակշռութեամբ ապահովուած: Բայց նաեւ՝ երկուքով ըլլալը, մտերմիկ զրոյց մը,ջերմ համբոյր մը, թեւ թեւի՝պտոյտ մը բնութեան մէջ, գեղեցիկ վերջալոյս մը դիտելը, տեղին հաճոյախօսութիւն մը, ցանկապատէն դուրս վիզը երկարած ծաղիկ մը, եւ ինչո՞ւ չէ, նոյնիսկ կարկանդակի յաջող պատրաստութի՛ւնը: Այս տարբերութիւններէն իսկ, բնականօրէն ծայր առին մեր առաջին պզտիկ բախումները: Մոնիքին վճիտ, թափանցիկ հոգին չէր կրնար ըմբռնել իմինիս կնճռոտ գալարումները: Ես, արդէն դժգոհ ինքզինքէս,- չես գիտեր ինչո՞ւ,- չէի կրնար հաշտուիլ ու գոհանալ կեանքի մանրուքներով բաւարարուող մոնիքեան երջանկութեան հետ: Յետոյ, տակաւին կար միւս կարեւորագոյն հարցադրումն ալ. Հինգ տարիներու ընդարմացումէն ետք, ամուսնացումով յանկարծ կ՛արթննար հայութեան զգացողութիւնս, խղճի խայթով: Պէյրութէն փախուստէս ետք, երկրորդ պարտութիւնս սեպեցի օտար ամուսնութիւնս: Մեր տարբերութիւնը սուր ձեւով զգացի մանաւանդ սիրոյ մեր մտերմական պահերուն մէջ: Կասկած չունէի բնա՛ւ. կը սիրէի կինս: Բայց փաղաքշանքի, գուրգուրանքի բառերը զորս կը մրմնջէի իր գրկին մէջ, արուեստակեալ կը թուէին ու կեղծ, զգացումներուս բոլորովին անհամապատասխան՝ ֆրանսերէն ըլլալնուն համար: Հայերէնով սիրելու կարօտը կ՛արթննար հետզհետէ: Ու օր մըն ալ, յաղթանակե՛ց ան: Մէկ կողմ շպրտած շերին ու մոն փըթի շուն, սկսայ հայերէն փաղաքշաբառեր գործածել: Մոնիք մոռցած ինքնամոռաց իր մատուցումը, խրտչեցաւ մէկէն եւ ուզեց անպայման հասկնալ իմաստը գործածած բառերուս: Բարեբախտաբար սիրեց ճանիկս-ը ու աննմանս-ը, հոգեակս-ը եւ հրեշտակս-ը, իսկ սիրոյ գերագոյն արտայայտութիւն որակեց մեռնիմ քեզին: Հայութեան հետ իր այս առաջին շփումը եղաւ բարիք մը ինծի համար: Եւ Մոնիք չբաւականացաւ այդքանով: Օր ընդ մէջ, իր հարցումներն ու հետաքրքրութիւնները կ՛աճէին: Եւ վերջապէս ուզեց տեղեկանալ Հայոց Պատմութեան: Փարիզէն բերել տուի Ռընէ Կրուսէի հոյակապ «Հայոց Պատմութիւն»ը եւ այլ հրատարակութիւններ: Ընթերցումներուն առընթեր, գիշերները երկարեցան մեր զրոյցներով: Սկիզբները կը խորհէի, թէ Մոնիքին հայկական հետաքրքրութիւնները արուեստակեալ էին, ինծի հաճելի թուելու միտումով: Ու երբ օր մը, տեսնելով իր տքնաջան լարուածութիւնն ու անպայման հասկնալու դժուարին ճիգը, հովանաւորող ժպիտով մը ըսի, թէ ինծի համար, այդքան չափազանցելու կարիք չունէր: Մոնիք սաստիկ վիրաւորուեցաւ: - Ի՞նչ, լրջօրէն կը խորհիս, թէ այսքան չարչարանք յանձն կ՛առնեմ, պարոնիս հաճելի երեւելո՞ւ համար: - Հապա ինչու կ՛ընես,- հարցուցի յիմարաբար: - Գոռոզ եւ անձնապաստան արեւելքցին մնացեր ես, - շպրտեց ան երեսիս ու գնաց առանձնանալ ննջասենեակին մէջ: Ժամեր ետք, երբ հազար ու մէկ հնարքներով ու գորովով ամոքեցի իր սրդողութիւնը, ան վարձատրեց զիս անոյշ ժպիտով մը: - Քեզ, խենթուկս, աւելի լաւ ճանչնալու համար է որ սկսայ հետաքրքրուիլ հայութեամբ,- խոստովանեցաւ ան,- Առաջին մէկ օրէն անդրադարձեր էի իւրայատկութեանդ, զոր չէի կրնար բացատրել ու ըմբռնել: Գիտէի որ հոգիդ շատ մը փակ ու բարդ ծալքեր ունի: Ի զուր կը չարչարուէի գտնելու համար հաղորդակցութեան բանալին: Սիրոյ հայերէն առաջին բառերդ բացին աչքերս: Հայութի՛ւնդ էր առանձնայատկութիւնդ: Ահա թէ ինչու հետաքրքրուած եմ անով: Ես ալ, եսասէր եւրոպացիս, քեզ լաւ ճանչնալով, կ՛ապահովեմ երջանկութիւնս: Հիմա հասկցա՞ր, թէ որուն համար կը չարչարուիմ: - Ուրեմն ա՛լ կը յաւակնիս զիս լաւապէս ճանչցա՞ծ ըլլալ: - Անշուշտ, այս ափերու՛ս պէս: -Կը սխալիս, անուշիկս, կը սխալի՜ս. ես դեռ շատ ու շատ չբացայայտուած երեսներ ունիմ ներսդիս: Պարծենկոտ եւ շփացած մանչուկի մը հովերը առած, ոտքի էի արդէն, բեմական ծիծաղելի կեցուածքով. - Կը սխալի՛ս. քու ճանչցածդ Ժո՛րժն է միայն: Իսկ բուն Գէորգը, այնքա՜ն տարբեր է՝ բարդ եւ հակասութիւններով կնճռոտ: -Եւ ինձմէ ծածո՞ւկ պահեր ես զինք:- Արդէն ոտքի ելած եւ համակ ժպտուն յանդիմանութիւն դարձած, ան շարունակեց միշտ ժպտուն յարձակողականը: -Ըսէ՛, ինչպէ՞ս կրնամ յայտնաբերել այդ քու քօղածածուկ Գէորգը: Այդ նենգամիտը, այդ դաւաճա՛նը, որ մտեր է իմ բարի Ժորժիս մէջը եւ չուզեր դուրս գալ: Քաշքշուքը ծիծաղաշարժ էր եւ մասամբ մըն ալ լուրջ: Այս այն պահն էր, որուն ղեկը ա՛լ ձեռքդ չէ: Հոսանք մըն է, որ կ՛առնէ կը տանի, չես գիտեր ուր: Եւ բնաւ կարեւոր չէ, թէ ինչ որ կ՛ըսես, կրնայ ճոռոմ կամ վերամբարձ թուիլ եւ սխալ ձեւով մեկնաբանուիլ: Կարեւորը այն կը թուի, որ ժամանակն է որ ըսուին անոնք: Ու կ՛ըսե՛մ: - Մոնիք, սիրելիս, կարծեմ կ՛աճապարես քիչ մը եւ կ՛ուզես հասկնալ անըմբռնելին: Բայց գիտցիր. ամէն հայ, առեղծուած է ձեւով մը: Տեսակ մը հանելուկ՝ որ ոչ մէկ տրամաբանութեան կ՛ենթարկուի: Օրինակ, մենք զմեզ շոյելու համար, անհամեստաբար կը հպարտանանք ըսելով, թէ ամէն հայու հոգիին մէջ Արարատ մը կայ: Եւ ասիկա փոխաբերական պատկեր մը չէ միայն, այլ՝ լեռ մը կարօ՛տ, յաւերժութեան բուռն բաղձանք եւ դեռ ուրիշ շատ մը բաներ: Այս բոլորը ինչպէ՞ս բացատրեմ քեզի: Եւ տակաւին՝ այս թուածներուս ճիշդ հակառակն ալ գոյութիւն ունի: Չի բացառուիր որ հայը նաեւ ըլլայ փոքրոգի, եսապաշտ ու շահամոլ՝ իր ներքին Արարատն իսկ սակարկութեան դնելու: - Մի չափազանցեր, Ժորժ: Իտէալական հաւաքականութիւն չի կրնար ըլլալ: Սեւն ու ճերմակը օրինաչափ են քով քովի: Կարեւորը, սեւի կողքին, անպայման ներկայութիւնն է սպիտակին, թռիչքի՛ն, ոգեկան լիցքին: Քու այդ Արարատի պատկերդ հոյակապ փաստ է, որ ժողովուրդդ սքանչելի հաւաքականութիւն մըն է: Ըստ իս, սքանչելի բան է բնութեան այդ խորհրդաշատ պաշտամունքը. լե՛ռը՝ հոգիին մէջ: Սա արդէն սոսկ լեռ չէ, այլ զանգուածեղ ոգեղինացում, տիեզերականութեան հետ հաղորդակցում: Ահա՛, թէ ի՛նչ կը նշանակէ դարաւոր, հին ժողովուրդ ըլլալ: բնաւ չէի տեսած այսքան յափշտակուած: Ու իմ ժպիտս իսկական ուրախութեան եւ հպարտութեան արդիւնք էր: Բայց սխալ մեկնեց ան ու ծաղր կարծեց տեսնել: -Լուրջ եմ, Ժո՛րժ. կը զարմանամ, թէ ինչպէ՞ս չէք անդրադառնար, որ պահուած գանձերու շտեմարան մը ունիք դուք: -Մե՞նք չենք գիտակցիր… դուն իմ լռելուս մի նայիր. երբ քով քովի գանք, դուն պիտի տեսնես, թէ ինչպիսի ինքնագովութեան արշաւ մը կը սկսինք:- Մեր երկիրը դրախտավա՜յրն է, աշխարհի առաջին քրիստոնեայ պետութիւնը մե՛նք եղած ենք, աշխարհին մե՛նք ճարտարապետութիւն տուած ենք եւ դեռ այսպիսի շատ ու շատ հովեր… Մոնիք շուարած կը թուէր: Յաջողեր էի թափը կտրել: Մտածկոտ աչքերը ինծի յառած, մոտեցաւ: -Կը տեսնեմ, որ իսկապէս բարդ ժողովուրդ էք: Հետզհետէ կը համոզուիմ, որ ձեզ լաւապէս ճանչնալու համար, պէտք է նախ ճանչնալ Հայաստանը՝ իր լեռներով, հողով ու ջուրով եւ մանաւանդ՝ անոնց մէջ դարերով ծրարուած խորհուրդով: Մարդը, կ՛ըսեն, իր ֆիզիքականով եւ հոգեկանով ծնունդն է իր հողին, բնութեան: Արդ, կարծեմ ինծի չափ դուն ալ պէտք ունիս այդ ինքնաճանաչման: Քանի տակաւին չես տեսած հայրենիքդ: Ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ, եթէ մեր արձակուրդը այս տարի անցընենք Հայաստանի մէջ: Կը կարծեմ, թէ լաւ եւ ճիշդ գաղափար է: Ի՞նչ կ՛ըսես, Ժո՛րժ, հետաքրքրական այս գաղափարիս… երթա՞նք…երկուքիս համար ալ արդիւնաւէտ կ՛ըլլայ: Դուն շփուելով ակունքներուդ, կը ձերբազատուիս երազային պատկերացումներէդ, իսկ ես … ես ալ … ըսենք՝ քեզ եւ երկիրդ աւելի սերտօրէն կը ճանչնամ: Գուցէ, գոնէ կիսով, նաեւ հա՞յ դառնամ… վստահ եմ, որպէս նկարիչ ալ, կրնամ բաներ մը սորվիլ սարեանական արեւապաշտութենէն: Ի՞նչ ըսիր…երթա՞նք… Ի՞նչ ըսէի, ի'նչ կրնայի ըսել բացի յորդող ուրախութենէս: Իրապէս իրատես, բանական ու գործնական էր օտարուհի տիկինս: Իր այս առաջարկով, շատ աւելի կը մերձենար, հարզատ կը դառնար ան, քանդելով մեր միջեւ տակաւին յապաղող այլութեան վերջին պատուարն ալ: Եւ ինչպիսի՜ դիւրութեամբ լուծել կը փորձէր տարիներու իմ կնճռոտ հարցադրումներս: Իրեն համար պարզ ու բնական էր դեղատոմսը: Դարձ՝ դէպի ակունքներն ու արմատները: Ա՛լ ի՞նչ ըսէի, բացի օտարուհի կինս կործքիս ամուր սեղմելէ, համբուրելէ եւ մրմնջելէ. -Իմ աննման Մոնիքս… բնաւ, բնա՛ւ պիտի չմոռնամ ինծի պարգեւած այս պահդ… Ա՛լ թեթեւ էի օդի պէս՝ առագաստներս հովերուն պարզած: Տագնապս ցնդեր, չքացեր էր:
Պէյրութ, 1974
ՎԵՐԳԻՆԷ
Headline text
Այն տեղ, ի սկզբանէ, ճախճախուտներն էին՝ երբ պատահեցաւ հրդեհը: Ո՛չ ճախճախուտներունը: Կրակ առնողը Հայկական Թիթեղաւանն էր, Պէյրութի ծովեզերեայ այն մգլոտած, խառնափնթոր ու խճողուած Քարանթինա հիւղաւանը, ուր, եղեռնապուրծ, գաղթական մեր հայրերը կայք էին հաստատեր: Այդպէ՛ս, «յանկարծ», մէկ գիշերուայ մէջ, հրոյ ճարակ դարձաւ ամբողջ թիթեղաւանը: Հայու դառն ճակատագի՞րն էր պատճառը հրդեհին, թէ ֆրանսական «հոգատա՜ր» իշխանութեան մէկ նոր սադրանքը՝ ոչ ոք կրցաւ ստուգել. կրակը մոխրացուց ամէն հետք ու փաստ: Ու ծխացող մոխիրներուն դիմաց, անօգնական, անճրկած՝ մխաց բազմութիւնը հայ մնացորդացին: Որպէս թէ չարիքը ծնաւ բարիք: Փրկութիւնը ճախճախուտներէն եկաւ: Թէեւ, Պէյրութի Գետաբերանի լեռնահայեաց կողմը տարածուող, գարշահոտութեան եւ մժեղներու այդ բուծարանը բնակութեան յարմար վայր մը չէր բնաւ, բայց ֆրանասական իշխանութիւնները գործնապաշտ ծրագրումով պարտադրեցին աժան գինի խայծով, գրեթէ ձրի, քաղաքը ազատել գարշահոտութեան այդ գոտիէն, հայու արիւնին, քրտինքին եւ ձեռներէցութեան ապաւինելով: «Ազնիւ հոգատարութեա՜մբ», ջնջին մասնավճարներով, անոնք բաժնեցին այդ ճահճահողերը արկածեալ հայերուն եւ ըսին. ա՛նդ շինիր քո բոյնը: Հայը ուրիշ ելք ու ճար չուներ: Տէր Զօրի աւազներուն վրայ թրծուած եւ կոփուած իր չարքաշ ոգին գործի լծուեցաւ, սոթտեց թեւերը ու մտաւ ճախճախուտ: Դոյլ առ դոյլ պարպեց լպրծուն ջուրը, հոսքի անցքեր բանալով: Յետոյ վառեց սէզերն ու եղեգները եւ վերջապէս հասաւ հողին: Մածուցիկ ցեխ էր, փորելը հեշտ: Երբ հողը կարծրացաւ, բնական տեսք ստացաւ, ցիցեր խրեց անոր մէջ, վրան զարկաւ եւ ընտանիքը հոն փոխադրեց: Ա՛լ առանձին չէր. ինք հիմերը փորեց, իսկ կինն ու երեխաները փորուած հողը դուրս կրեցին: Ինք քար ու աղիւս շարեց, կինը շաղախ հասցուց: Ու պատերը բարձրացան հասակ առ հասակ: Երդիքները ծածկ ունեցան՝ ամո՛ւր, տոկուն ու ապահով: Դուռ-պատուհանի հարցը դանդաղեցաւ սակայն: Անոնց համար վարկ չկար: Իսկ ատաղձը սուղ էր: Բայց Աստուած մե՛ծ էր. օր մը այդ ալ կ՛իրագործուէր: Մինչ այդ, օրը գարուն էր, դէմը ամառ: Առանց պատուհանի ներսը հով կը խաղար, զով կ՛ըլլար: Դուռն ալ աւելորդ զարդ էր: Գողի վտանգ չկար, քանի ներսը գողցուելիք բան չկար: Յոյս կար, որ մինչեւ ձմեռ, անոր ալ ճար մը կը գտնուէր: Ճարը թաղիքի եւ ժանգոտած թիթեղի կտորները եղան: Առաջին տարին էր, ձեւով մը տոկացին: Յետոյ, կամաց կամաց աներեւութացան անոնք: Շինուեցան դուռներն ու պատուհաններն ալ: Նոյնիսկ՝ ներկուեցան այլազան գոյներով, ըստ ճաշակի եւ կարողութեան: Այսպէս կամ այնպէս, ձեւաւորուեցան թաղամասերը, ուրոյն դիմագիծ ստացան: Ինչ փոյթ, թէ շատ անգամ, տխեղծ էր այդ դիմագիծը, անկարգ ու թափթփած: Կը բաւէր որ կայք էր ապահով: Ու կեանքն ալ եռացող խառնիճաղանճ մը դարձաւ հոն: Ով ինչպէս որ ուզէր կ՛աղմկէր ու կը շարժէր: Ապրելու բնազդն էր տիրականը: Որքան աղմուկ ու շարժում՝ այնքան կենդանութիւն եւ գոյութեան փա՛ստ: Նոր տեսակի գոյամարտ մը: Ուրիշ ի՞նչ ձեւ կրնար ըլլալ՝ երբ, կորսնցուցած երկրիդ, հող ու տունիդ այրող կարօտը կուրծքիդ տակ կը մխար անդադար, երբ հարազատներուդ անթաղ մնացած ոսկորներուն անդոհանքը յաճախանքն էր գիշերներուդ եւ տակաւին, երբ ամէն վայրկեան, դէմքիդ շպրտուող օտարականի սա անարգանքի մուրը կար: Ա՛լ ինչպէ՞ս տոկաս եւ կոկորդիդ ամբողջ թափովը չգոռաս գարշանքն ու ատելութիւնդ քեզի հանդէպ տնօրինուած դառն ճակատագրին դէմ անարդար: Անշուշտ թէ, պիտի ճնկես քանի մը գաւաթ օղի ու հնամաշ բաճկոնդ ոլորած եւ ուսիդ նետած, անցնիս պիտի թաղիդ գռիհներէն եւ պոռաս ցաւդ մխացող: Ցաւդ տանիմ, այս բոլորը՝ ըսելու համար, թէ կեանքը կը հոսէր պղտոր, բայց վարար ջուրերու պէս, ծնծղայ եւ թմբուկ զարնելով: Ու դուրսէն, անտեղեակ տեսնողը պիտի կարծէր, թէ հոն տեւական խնճոյք էր ու հարսանիք: Սակայն այդ կեղե՛ւն էր, խաբուսիկ արտաքին երեւոյթը: Իսկ ներսի՞նը... կ՛ուզէ՞ք բանանք կեղեւը...
Ծա՛լք մը գոնէ:
- 1 -
Բացի կիրակիէն, ամէն օր, ճիշդ կէսօրին, ան կ՛անցնէր թաղի գլխաւոր փողոցէն: Վերգինէն էր. կ՛անցնէր թեթեւ՝ հովի պէս, նազուկ-հեզուկ շորորալէն, ուռենի հասակը շնորհալի ձիգ պահած: Չէր քալէր, կը սահէ՜ր, երկար ծամերը հովին տուած: Կ՛անցնէր աննիւթական, երազի մը պէս, ծիծեռնակի թեւ յօնքերուն տակ նշաձեւ աչքերը խոնարհած ու այտերը շառագունած՝ ներքին այն խռովքէն, որ պայթեր, պտղաւորուեր էր կուրծքին՝ թփրտացող զոյգ մը լորերու նման: Երբ ան այսպէս կ՛անցնէր, շուրջի եռուզեռը շունչ կը բռնէր, կ՛անշարժանար: Խանութպանները կը մոռնային իրենց գործն ու յաճախորդները: Անցորդները, յափշտակուած, մէկ կողմ քաշուելով ճամբայ կու տային: - Աղջիկ չէ, լոյսի կտոր է Ներսոյին աղջիկը,- տեղին կը ձեւակերպէր սանտր շինող ծերուկ Սանդուր Աղան, նստած տեղէն գլուխը երերցնելով եւ աւելցնելով.- Աստուած չար աչքերէ, փորձանքներէ հեռու պահէ: - Ներսոն, այս մախսումը բացերը պէտք չէ ձգէ,՝ կ՛եզրակացնէր հնակարկատ Համբարը: Երկուքն ալ իրաւունք ունէին: Բայց ի՞նչ կրնար ընել Ներսոն. տունը բանտարկու՞ած պահէր աղջիկը, կամ ալ տաճիկի լաչա՞կ հագցնէր եւ պատիժի՞ վերածէր Աստծոյ շնորհած անոր գեղեցկութիւնը: Հեռո՛ւ իրմէն այդ մտածումները: Ինք աղջիկը պաշտելու չափ կը սիրէր եւ մեծ վստահութիւն ունէր անոր առաքինութեան վրայ: Յետոյ ի՞նչ ըրած ունէր աղջիկը. պարզապէս, ամէն կէսօրին, հօր ճաշը կը տանէր խանութ, թաղին նշանաւոր «Tailleur Cilicie»ին, եւ հոն, քանի մը ժամ ալ օղակ-կոճակի գործին կ՛օգնէր: Եղածը ա՛յս էր: Ասոր համար կ՛արժէ՞ր աղմուկ բարձրացնել: Ուրիշ հարց որ, Ներսոն միշտ անհամբերութեամբ կը սպասէր աղջկան գալուստին: Կնոջ մահէն ետք, ներսըդին նստած առանձնութիւն պարապը միայն Վերգինէին ներկայութեամբ կը թեթեւնար: Խանութի մթնոլորտը կը փոխուէր, կեանք կ՛առնէր: Կարի մեքենային միապաղաղ հռնդիւնն իսկ կ՛աշխուժանար: Առաջինը, դրացի տարեց ոսկերիչը ներս կը մտնէր, ձեռքի թերթը յուզումնահար շարժելով: -Ներսոյ, ես այս լուրը չեմ հաւնիր. կարծես պատերազմի հոտեր կան: Այդ շան ախորժակը կ՛աւելնայ կոր օրէ օր: Չի բաւեր կլլեց Աւստրիան, հիմակ ալ աչքը տնկեր է Չեխերուն վրայ: Ինչ գիտնամ եղբա՛յր, կարող է կը սխալիմ կամ ալ սխալ կարդամ կոր... թող մէկ մը օրիորդը կարդայ որ բան հասկնանք: Ներսոն ներողամիտ ժպիտով թերթը կու տայ աղջկան, որ հազիւ տեղաւորուեր է սեղանին ետեւ: - Կարդա՛, աղջիկս, բարիք մըն է, ծովը նետէ: Կը տեսնես վաղը, վարպետ Սուքիասը նշանտուքի մատանիդ նուէր կ՛ընէ քեզի: - Ինչու չէ, ինչու չէ, թող բախտը բացուի՝ մատանին ալ ինձմէ նուէր: Վերգինէ որպէս թէ ոչինչ լսած ըլլայ, կը վերցնէ թերթը եւ կը հարցնէ. -Ո ՞ր մասը կ՛ուզէք որ կարդամ: Ընթերցանութեան աւարտին, վրայ կը հասնի միւս դրացին՝ սափրիչ Յովսէփը: Աջ ձեռքով սրճաման մը բռնած է, ձախով ալ՝ ափսէ մը, սուրճի գաւաթներով: - Դրա՛ցի, աշխատիլը հերիք չեղա՞ւ... սուրճ մը հախլամիշ չըրի՞նք... Ծեքծեքուն շարժումներ սեղանին կը շարեն գաւաթները եւ լարուած խնամք մը կը լեցնէ փրփրալից սուրճը: Գաւաթները կը բաժնուին բոլորին: Էն ետքը կեղծ վարանում մը կը դիմէ Վերգինէին. -Նազուկ օրիորդիս ալ կրնա՞մ սուրճ հրամցնել: Վերգինէ որ ձեռք առած է օղակ-կոճակի գործը, կը ժպտի շնորհալի: -Շնորհակալ եմ, սուրճ չեմ գործածեր: -Կը վախնաս որ կը սեւնա՞ս... Սափրիչին հազիւ սկսած քրքիչը կը սառի մէկէն. կը զսպուի շանթահարող զոյգ մը աչքերու կողմէ: Դէմը, կարի մեքենային ետեւէն Յարութն է, կմախք ու աշտարակ Յարութը, որուն ափերուն մէջ, վտանգաւոր սպառնալիքըվ կը կափկափեն սուրճի պնակն ու գաւաթը: Թերթն ու սրճամանը, փեշերնին հաւաքած, կը ծլկեն խուճապահար: Ներսոն չախորժիր անհամ այս ձեւի կատակներէն: Բայց «Աշտարակ»ին ալ անկոչ տիրութիւնը աւելի կը ջղայնացնէ զինք: Իր աղջկան պաշտպանութեան համար ոչ ոքի կարիքը ունի ինք. ոյժն ալ տեղն է, լեզուն ալ: Ինչպէ՞ս հասկցնես այս մէկը Յարութ կոչուածին: Ոչ միայն խօսք չի հասկնար, այլ նաեւ գերզգայո՜ւն է պարոնը: Փոքր ակնարկ մը՝ եւ ահա ան կը քեննայ օրերով: Կրնայ նոյնիսկ գլուխը առած, մեկնիլ աշխատատեղիէն: Բան մը որ անընդունելի է: Պէտք ունի անոր աշխատանքին: Ուրեմն ինքզինքին կը պարտադրէ լռել: Ոյժ կու տայ աշխատանքին: Վերգինէ ինք ալ իրազեկ է պատահարին: Բայց որպէս թէ ոչինչ նշմարած՝ կ՛ելլէ, կը բանայ բազմայարկ ճաշամանը եւ սեղանին կը շարէ երկու պնակ ճաշը, հացն ու բողկը: -Չպաղած, ելէք, կերէք,- կ՛ըսէ որպէս թէ անտարբեր ձայնով մը: Մթնոլորտին լարուածութիւնը թուլցած է արդէն: -Յարո՛ւթ, ե՛լ,- կը ձայնէ Ներսոն ու կը նստի ճաշի: Յարութ սպասցնել չի տար: Լուռ, կը ճաշեն: Վերգինէ ժպիտի մը քովիկը երգ մը կը ծամծմէ եւ կը քաշէ ասեղը: Ասեղին հետ մտածումն է՝ կու գայ կ՛երթայ: Երգը կը վարանի, կը լռէ: Հաճելի մտածում մը չէ յաճախուածը. Յարութին վարմունքը ա՛լ ջիղերուն կը դպի: Բայց հօրը սիրոյն կը լռէ: Վերջի վերջոյ սակայն պէտք է ձեւով մը հասկցնել այդ բութ գլուխին, թէ ինք բնաւ հովանաւորի պէտք չունի: Իսկ անոր բացայայտ ակնկալութիւնները իրեն համար ուղղակի վիրաւորական են եւ նուաստացուցիչ: Ա՛յդ էր պակաս որ Յարութը ըլլար իր թեկնածուն, երբ թաղին բոլոր շնորհքով երիտասարդները ակնդէտ կը սպասէին իր մէկ նշանին, առաջարկելու համար: Բայց չէր տաքնար որեւէ մէկին հանդէպ: Սպասումի մէջ էր: Ի՞նչ բանի՝ ինք ալ չէր գիտեր:
- 2 -
Ո՛չ, կռիւի կամ գզուըտուքի հարայ հրոց չէր, ոչ ալ՝ խուճապ պասճառող աղէտի: Նոր տեսակի իրարանցում մըն էր, որ կը փրթէր թաղի վերի ծայրէն ու թաւալգլոր կը մօտենար անսովոր ճիչերով: Որքան մօտենար, այնքան կը յստականար ինքնաշարժի մը հռնդիւնը: Պարզ էր ուրեմն. թաղ կը մտնէր ինքնաշարժ մը: Տեսարժան այս բացառիկ երեւոյթէն չզրկուելու համար, Վերգինէն ալ հօրը հետ դիրք կը բռնէին խանութին առջեւ: Դուրսը, մանուկներուն թափօրն էր, իր հոսանքին մէջ առած՝ զինուորական վրան բաց ճիփ տեսակի ինքնաշարժ մը, որ ճամբուն փոսերէն ճողոպրելով, նաեւ կը ջանար լաճերուն բոպիկ ոտքերը ճզմելէ խուսափիլ: Շարժավարը, քրտնած ու լարուած, ի զուր կը հնչեցնէր շչակը: Բայց մտիկ ընողը ո՞վ: Այս բոլորը դեռ ոչինչ. ինքնաշարժը կարծէք դիտումնաւոր ձեւով կանգ առաւ " Tailleur Cilicie"-ին առջեւ: Կանգ առաւ, ու շարժավարը աչքերէն վերցնելով հովարգել խոշոր ակնոցը, լայն ժպիտով եւ ձեռքի շարժումով բարեւեց: -Պապա, մարդը քեզի՛ նշան կ՛ընէ. նայի՛ր, ի՞նչ կ՛ուզէ,- իրար անցաւ Վերգինէ: Ներսոն սթափած էր ու փողոց իջած: Զինուոր Աբոն էր, իր վաղեմի յաճախորդը: Մինչ Աբոն զբաղած էր շեշտուած ակնածանքով ինքնաշարժի ետեւի դուռը բանալով: Նախ դուրս ելաւ գեղեցիկ, ազնուականի հովերով, վայելչագեղ տիկին մը: Ապա դուրս եկաւ ֆրանսական բանակի, հազարապետի տարազով սպայ մը: Հիմակ հարկ եղաւ նաեւ հեռացնելու տարեցներուն ալ հրմշտուքը: Աբո՛ն էր. -Ճամբայ բացէք, ա՛յ ժողովուրդ, ճամբայ բացէ՛ք...- ու ապա Ներսոյին դառնալով,- Վարպե՛տ, հիւրերը ներս առաջնորդէ: Վերգինէ արդէն լայն բացեր էր ապակեպատ դուռը: Հիւրերը կրցան ներս ճողոպրիլ: -Յարո՛ւթ, աթոռները: -Յարո՛ւթ , փակէ՛ դուռը: -Յարու՛թ, սեղանը կարգի բեր: Խեղճ Յարութը ամէնէն աւելի անճրկածն էր սակայն. որո՞ւն հասնէր: Բարեբախտաբար Վերգինէն կացութեան տէրն էր. աթոռները բերուեցան եւ դուռը փակուեցաւ հետաքրքրուող ամբոխին դէմ: Լռութեան մոտեցող պահ մը ստեղծուեցաւ: Տիկինն ու սպան ժպտեցան եւ հարցական նայեցան Աբոյին: Աբոյին կարճ հասակը կարեւորութիւն ստացաւ. բացատրեց հարցին էութիւնը: - Քոմանտան Տիւպրուսը Աբոյին մեծաւորն էր, ֆրանսական բանակին ընդհանուր մատակարարն ու պահեստապետը: Իսկ Մատամ Եոլանտը, Քոմանտանին տիկինն էր: Այո՛, այո՛, հայ էր: Ան էր որ ուզած էր անպայման հայու մը յանձնել այս գործը: Մեծ բարիք մը պիտի ըլլար թաղի բնակչութեան համար: Մնացեալը թող Տիկինը բացատրէ: Ու տիկինը սպասցնել չտուաւ: -Վարպետ Ներսէս, մեր Աբրահամը ձեզ յանձնարարեց այս գործին համար: - ըսաւ Տիկինը ծեքծեքուն հայերէնով մը:- Կ՛ուզենք հայութեան անպայման օգտակար ըլլալ: Հարցը շատ պարզ է. պատերազմի սեմին կը գտնուինք. մեր բանակը քօղարկումի համար պէտքը ունի տասնեակ հազարաւոր չուանէ հիւսուած ցանցերու, լայն, ուրկանի ձեւով: Դուք անոր թոր կ՛ըսէք: Նախ կը մտադրէին ուղղակի Ֆրանսայէն բերել տալ: Ես առաջարկեցի հոս, տեղւոյն վրայ շինել. թէ աւելի աժանի կը նստի եւ թէ ալ մեր հայ կիներուն համար օգտակար գործ կ՛ըլլայ: Ընդունեցին: Չուանները մենք պիտի հայթայթենք, աշխատող ձեռքերն ալ դուք: Գործը բաւական դիւրին է: Մենք ձեզի կը սորվեցնենք եւ դուք ալ աշխատող կիներուն: Եղա՞ւ: Ներսոն արդէն հասկցած էր գործին բնոյթն ու ծաւալը. քանի մը հարիւր հոգի հաւաքագրելու պէտք պիտի ըլլար: Ինք ուրկի՞ց գլխուն հաւաքեր այդքան կին: Ահաւոր գլխացաւանք պիտի ունենար: Դիւրին չէր այդքան կիներու հետ գործ բռնել: -Ես, Տիկին, ես դերձակ մարդ եմ եւ փորձառութիւնս այր մարդոց հետ եղած է միշտ... ես կնկայ հետ գործ բռնել չեմ կրնար... իմ կարողութենէս վեր է ատիկա... կը ներէք... Այս վարանումին դիմաց, Տիկինը կորսնցուց իր դիմագծերուն պայծառութիւնը: Ջղային՝ դարձաւ Աբոյին: Այս անճարա՞կն էր անոր յանձնարարած անձը... -Տիկին, կ՛ընդունինք ձեր առաջարկը: Կը կազմակերպենք ամէն ինչ ձեր ուզածին պէս, անպայմա՛ն: - Վերգինէն էր միջամտողը՝ լուրջ, ինքնավստահ եւ վճռական: Տիկինը անակնկալի եկած, արագ ակնարկով մը զննեց աղջիկը զոր ցարդ չէր իսկ նշմարած: Հաւնած էր ինքնավստահութեան անոր շեշտը: վերագտաւ իր պաղարիւնութիւնը եւ նոյնիսկ ճպտաց անոր: -Մօտեցիր աղջիկս, մօտեցիր: Գործաւո՞ր ես հոս: -Ոչ, Տիկին, վարպետ Ներսոյին աղջիկն եմ եւ շատ լաւ հասկցայ ձեր բացատրածը: -Այսպէ՜ս, թէ աղուոր, թէ խելացի եւ ուշիմ կ՛երեւիս... անո՞ւնդ ինչ է: -Վերգինէ: -Անունդ ալ շնորհքով է, ապրի՝ս: Ուրեմն կը խորհիս թէ կրնա՞ք յաջողցնել այս գործը: -Անպայմա՛ն: -Բայց հայրդ ըսաւ թէ ինք չի կրնար: -Հայրս գործի մարդ է, արհեստի բաժինը հիանալի կրնայ կատարել: Իսկ ես կը ստանձնեմ կազմակերպչական բաժինը: Կիները գործի կը լծեմ պէտք եղածին պէս: Անհոգ եղէք այդ մասին: Տիկինը կը ճառագայթէր ա՛լ: Դառնալով ամուսինին կը բացատրէր կացութիւնը եւ կը ներկայացնէր Վերգինէն: - Elle est formidable… une vraie chance pour nous… tu verras…* Հարկ էր մանրամասնօրէն խօսիլ, ծրագրել ու խորհրդակցիլ պայմաններուն մասին: Տիկնոջ շուրջ բոլորը յարուած նայուածքը հասկցուց, թէ խճողուած խանութը յարմար տեղ չէր հանդարտ խորհրդակցութեան համար: -Մեզի երթանք, մօտ է եւ խանգարող չկայ,- արագ վճռեց Վերգինէն: Ու իքնաշարժին մէջն էին նորէն՝ դէպի տուն: Խանութի սեմին շուարած կանգնած՝ Ներսոյ տակաւին չէր հասկցած, թէ այս ի՞նչ հով էր որ եկաւ ու տարաւ Վերգինէն:
- 3 -
-Հէ՜յ միլլէթ... Թաղին մունետիկն էր, կոյր Թադոսը, որ իրիկնադէմին, ուղեցոյց թոռնիկին ձեռքէն բռնած, կը շրջէր փողոցէ փողոց եւ մշոշոտ աչքերը բացխփելով, զիլ ձայնովը կը պոռար իր միակ գիտցած թրքերէն լեզուով. -Հէյ միլլէթ, աչքը լոյս օժիտի կարօտ մեր գեղեցկուհիներուն եւ ձանձրացող խանըմներուն : Դրամ շահելու չտեսնուած առիթ. ով որ կ՛ուզէ ցանցի գործ ընել, վաղը առտու թող երթայ դերձակ Ներսոյին խանութը: Առիթը մի՛ փախցնէք: Այդ մասին կրնար անհոգ մնալ կոյր Թադոսը. ոչ ոք պիտի ուզէր զրկուիլ այդ առիթէն: Յաջորդ առաւօտուն արդէն, արեւածագին իսկ . պարմանուհիներու եւ կիներու բազմութիւն մը կը խռնուէր Ներսոյին խանութին առջեւ: Ամէն ինչ կարգին էր ու պատրաստ. խանութէն անհետացուցեր էին դերձակատան բոլոր տեսակի յատկանիշները եւ զայն վերածեր պահեստային գրասենեակի: Պահեր էին միայն Ներսոյին ձեւագծութեան մեծ սեղանը, որուն վրայ մագլցած «աշտարակ» Յարութը ահա՛ ցուցադրաբար բոլորին կը բացատրէր-սորվեցնէր ցանց հիւսելու «արուեստը»: Եղածը պարզ էր: Այսպէս, կը վերցնես կապոց մը չուան, մէկ ծայրը կ՛ամրացնես մագոգաձեւ փայտէ կտորի մը եւ միւս ծայրն ալ կը կապես պատուհանիդ երկաթէ վանդակին: Այդ մեկնակէտդ է. մագոգդ մէկ ձախ, մէկ աջ, մէկ վեր, մէկ վար բանեցնելով, մէջ ընդ մէջ օղակներ կը հիւսես լայնքին ու երկայնքին: այդպէսով, վերջաւորութեան պատրաստած կ՛ըլլաս խոշոր ցանց մը որ քեզի որպէս զուտ շահ պիտի բերէ մէկ լիբանանեան թղթոսկի: Եղա՞ւ, քոյրս… Անշուշտ թէ պիտի ըլլար՝ երբ Վերգինէն էր կազմակերպողը: Թէեւ բաւական ծանր յանձնառութիւն մը՝ որ սակայն շուտով պիտի արդիւնաւորուէր նիւթական լաւ վարձատրութեամբ: Եւ դրամին հոսքը գլխու պտոյտ տուաւ սկիզբները. մէկ ամսուայ մէջ, հօր այնքան չարչարանքով տարեկան վաստակին համազօր եղաւ իրենց եկամուտը: Վերգինէ բայց մնաց
-(Սքանչելի է...մեզի համար իսկական բախտ մը... պիտի տեսնե՛ս...)
ժուժկալ եւ խոհեմ: Գիտակցեցաւ դրամին ոյժին եւ կարելիութիւններուն: Եւ քանի որ ժամանակաւոր առիթ մըն էր ընծայուածը, ան որոշեց առաւելագոյնը օգտուիլ անկից, նուազագոյնը ծախսելով: Ամբողջ ուշքն ու եռանդը դրաւ գործին մէջ: Գրեթէ ինքնամոռացութեան մէջ էր: Օրն ի բուն, հեւ ի հեւ վազքի մէջ՝ հրահանգ կամ դիտողութիւն կը տնօրինէր, պատիւ ու քծնանք կ՛ընդունէր, մոռնալով իր հին երազներն ու հոգերը: Այս հոգեվիճակին մէջն էր, երբ յայտնուեցաւ Տիկինին եղբայրը՝ Ալպէրը, երեսունի մօտ, նիհար, նուրբ դիմագծերով, վայելչագեղ երիտասարդ մը: Հայերէնը կը խօսէր ծեքծեքուն երաժշտականութեամբ, ընտրովի բառեր գործածելով: Թաղին անտաշ ու կոշտ երիտասարդներէն կը տարբերուէր ամբողջութեամբ: Միշտ քաղաքավար, ուշադիր եւ հաճոյախօս՝ ան կնամեծարութիւնը նրբագոյն արուեստի հասցուցեր էր: Անպայման «ճանս«, կամ «անուշս» մը եւ մերսին ներկայ էին իր բառապաշարին մէջ: Իսկ նայուածքը ունէր զարմանալի, շոյող ջերմութիւն մը, որուն հանդէպ, Վերգինէ անտարբեր մնալ չկրցաւ բնաւ: Ան ներկայացաւ որպէս բազմազբաղ Տիկնոջ օգնականը: Ուրեմն , նաեւ բնականաբար պիտի դառնար Վերգինէին գործակիցը: Ամէն կէսօրէ ետք, ճիշդ ժամը երեքին կը հասնէր ան զինուորական ճիփ մեքենայով, կը խորհրդակցէր Վերգինէին հետ, ծոցատետրին մէջ խնամքով կ՛արձանագրէր օրուայ կարիքները եւ երեկոյան աւարտուած ցանցերու կապոցները մեքենային մէջ տեղաւորած, կը մեկնէր: Վերգինէ վստահ էր որ, յաջորդ առաւօտուն իր բոլոր ապսպրանքները հասած պիտի ըլլային: Այնպէս որ Վերգինէ չափազանց գոհ մնաց այս կարգադրութենէն: Մանաւանդ որ, Ալպէր, կամաւոր ձեւով ստանձնեց նաեւ զինուորական իշխանութիւններէն գանձումներու բարդ եւ տաղտկալի գոծառնութիւնն ալ: Այսպէսով Վերգինէին գործը բաւական կը դիւրանար: Միակ անպատեհութիւնը այն էր, որ լարուած կաշկանդուածութիւն մը կը յամենար իր մօտ. պարզ էր, ինք երիտասարդ եւ գրաւիչ երիտասարդի մօտիկութեան վարժութիւնը չուներ բնաւ: Սխալ քայլի կամ խօսքի մը տեւական վախը կը կաշկանդէր իր ինքնավստահութիւնն ու կեդրոնացումը: Ա՛լ, յաճախ հարց կու տար ինքզինքին. սէ՞րն էր արդէն, ու կը մատնուէր խուճապի: Բայց, ինք ո՞ւր, Ալպէրը՝ ո՛ւր: Ինք, կիսատ ուսումով, խեղճ ու կրակ դերձակի մը անփորձ ու անփայլ աղջիկը, մինչ Ալպէր հարուստ, զարգացած, վայելչագեղ եւ ապրած-տեսած երիտասարդ մը՝ անհասելի երազ մը կը թուէր իրեն: Գուցէ այս մշուշներուն մէջ տարուբերուէր երկար, եթէ «աշտարակ» Յարութը հաւար չփրցներ ու իր աչքերը չբանար:- Վերջերս քիթը կախած էր ան ու դարձած ծայրայեղօրէն ջղային. տեղի անտեղի ձայնը կը բարձրացնէր. դարձեր էր կռուազան: Առտու մըն ալ, Վերգինէի ներկայութեան իսկ ան իր վերջնագիրը տուաւ: -Վարպե՛տ, ա՛լ ես աս քեփազէ գործը չեմ ըներ,- ըսաւ ան վճռական:- կամ դերձակի կանոնաւոր գործ կու տաս ինծի, կամ ալ կը թողում կ՛երթամ ես: -Ծօ Յարո՛ւթ, ի՞նչ եղաւ մէկէն քեզի…- զարմացաւ վարպետ Ներսոն:- Դերձակի գործ հիմա ես ուրկի՞ց ճարեմ քեզի: Իսկ ի՞նչ ունի այս գործը. գէ՞շ եղաւ եթէ աչքերնիս փարա տեսաւ եւ փորերնիս ալ կշտացաւ: Շաբաթական քսան եւ հինգ լիրան դուն երազիդ մէ՞ջ տեսած ունէիր: -Ես թքեր եմ այդ փարային վրայ,- աւելի փրփրեցաւ «աշտարակ»ը,- ես ա՛լ չեմ դիմանար կոր… գլուխս առած երթամ պիտի… -Ինչո՞ւ տղաս, մէկը խաթըրիդ դպա՞ւ, բան մը եղա՞ւ որ ես լուր չունիմ: -իշտէ աչք չունիս դուն, ի՜նչ տեսած ունիս որ… -Ի՞նչը տեսած չունիմ, ա՛յ տղայ… -Կոտոշ տնկելնիս , վարպե՛տ, կոտո՜շ տնկելնիս… Բառերը ինչպէս թռեր էին բերնէն, ինք ալ կը զարմանար: Ոտքի ելած, ապշահար ու դողահար՝ աղերսալից կը նայէր Վերգինէին, որ անտարբեր՝ այնպէս կը ձեւացնէր թէ ոչինչ լսած էր: Փոթորիկը սակայն պայթեցաւ Ներսոյին կողմէն: -Ծօ՛, ատ ի՞նչ խօսքեր են, աւանա՛կ…ինծի՞, ինծի կ՛ըսես այդ խօսքերը… շո՛ւտ դուրս ել ասկից…ապերախտ շո՛ւն, դո՛ւրս… «Աշտարակ»ը արդէն հասեր էր դրան առջեւ, ցուցադրական արհամարհանքով մը աքլորացած: Նոյնիսկ՝ ցուցամատն ալ սպառնական պարզած: -Աւանակը ես չեմ, վարպե՛տ, այլ դո՛ւն՝ որ չես տեսներ այդ զէվզէկ քաղքցիին կերած խալթերը աղջկանդ հետ… Մկրատ էր թէ մոխրաման՝ թռա՛ւ, սուրաց դէպի «աշտարակ»ը, բայց վրիպեցաւ եւ փշրեց ցուցափեղկ դրան ապակիները: "Tailleur Cilicie"ն ա՛լ չկար:
- 4 -
-Անո՛ւշս, եկուր այսօր պզտիկ պտոյտ մը ընենք դէպի ճեպէլները: Տիկին Եոլանտն էր՝ պչրուն ու ժպտուն: Վերգինէ նոր ճամբեր էր աղջիկները եւ կը պատրաստուէր նստիլ՝ հանգստանալու համար: Առտու կանուխէն ոտքի եղած էր, լարուած, անընդհատ շարժումի մէջ: «Աշտարակ»ի մեկնումէն ետք, այս էր կացութիւնը. Նոր աշխատակիցի մը կարիքը մեծապէս զգալի էր, բայց այնքան ալ դիւրին չէր վստահելի նոր մը գտնելը: Ստիպուած՝ ինք կը կատարէր այդ պաշտօնն ալ: Իսկ հիմա, ուրկից ուր, եկեր էր Տիկին Եոլանտը՝ հագուած-շքուած եւ. -Անո՜ւշս… պտո՜յտ… Ու այնքան գորով ու ջերմութիւն կար անոր ձայնին մէջ, ու նայուածքը ծիծղուն էր այնքա՜ն, որ Վիրգինէ ինչպէ՞ս մերժէր: Արդէն զինաթափ եղած, մոռցած յոգնութիւնն ու ներքին բարկութիւնը, ժպտեցաւ անոր համակերպած: -Միայն ինծի տուէք վայրեան մը, վրայ գլուխս շտկեմ եւ հայրս տեղեակ պահեմ: -Եւ ըսէ որ կէսօրուայ ճաշի չսպասէ: Ճաշի այս հրաւէրը անակնկալ մըն էր: Վերգինէ վարանում մը ունեցաւ: -Ահագին դիզուած գործ կայ, Տիկին, ճաշը վախնամ ժամանակ պիտի խլէ: Տիկինը հոգածու քնքշութեամբ գրկեց աղջիկը եւ առարկութիւն չընդունող ժպիտով աւելցուց. -Գործը չի փախչիր. Հաճոյքն ու հանգիստն ալ կարեւոր են: Դուրսը, ինքնաշարժը պատրաստ էր վարիչ զինուորով: Տեղաւորուեցան յետսամասին ու մեկնեցան: Բաւական ժամանակ, ինք լուռ մնաց: Թեթեւ տրտմութիւն մը պարուրեր էր հոգին: Հաճելի թախիծ մը: Կը դիտէր պատուհանէն կարծես սուրացող տուներն ու ծառերը : Այդ սոյրէն, գլխու աննշան պտոյտ մը զգայազիրկ կը դարձնէր զինք: Իրականութենէն վեր, երազային աշխարհի մը մէջ կը թուէր ըլլալ: Ի՞նչ ունէր… սթափեցաւ երբ նշմարեց Տիկնոջ զինք յամառօրէն զննող նայուածքը: Շինծու ժպիտով մը եւ աչքերուն արագ թարթումով ինք ուզեց զգացնել իր տհաճութիւնը: Տիկինը հասկցաւ իր խռովքը: -Վերգինէ, ուղղակի կը նախանձիմ գեղեցկութեանդ ու թարմութեանդ: - Բայց Տիկին, դուք ալ… - Իմս անցաւ… ինչքան շո՛ւտ անցաւ: Ինձմէ քեզի այս խրատը. արժեցուր գեղեցկութիւնդ, անոր տէր կանգնիր, յարգը գիտցիր: - Այսինքն ի՞նչ ընեմ: - Վայելէ: Փախցուց ակնարկը: Զգաց որ այտերը շառագուներ էին: Հաճելի ջերմութիւն մը պատեր էր հոգին: Արդեօք Տիկինը գուշակե՞ր էր իր զգացումները Ալպէրի մասին: Փորձեց ինքզինք զբաղեցնել այլ բանով: Կրկին ապաւինեցաւ պատուհանին: Դուրսը իսկապէս սքանչելի էր բնութիւնը: Շուրջը հիմա շոճիներու շուրջպարն էր եւ անվերջ համերգը ճպուռներուն: Լեռնագնացութեան այս վայրերը առաջին անգամն էր որ կը տեսնէր: Մեղք որ ինքնաշարժը բաժնուեցաւ մայրուղիէն եւ կանգ առաւ զանգուածեղ շինութեան մը առջեւ: Անմիջապէս, համազգեստաւոր բարապան մը փութաց դուռը բանալու: Անցան գորգապատ դահլիճէ մը եւ առաջնորդուեցան պարտէզ յիշեցնող սրահ մը, որ կարծես կախուեր էր ձորին վրայ: Ծաղկած ածուներու արանքին եւ ծառերու ստուերին, սպիտակ, մակուր սբռոցներով սեղաններ կային եւ հիւրընկալ աթոռներ: Հոս ու հոն, արդէն քանի մը զոյգեր տեղաւորուած կը ճաշէին: Ընտրեցին ձորին եզերքը առանձին սեղան մը: Սպիտակ ներկուած երկաթեայ բազրիք մը, բարեբախտաբար կը պաշտպանէր զիրենք, որովհետեւ, երբ Վերգինէ ծռելով վար նայեցաւ, գլխու պտոյտ ունեցաւ. կանաչի եւ ժայռերու գահավիժում մըն էր ձորն ի վար: - Գեղեցիկ տեղ է , չէ՞ …- հարցուց Տիկինը, - հաւնեցա՞ր: -Սքանչելի է, ո՞ւր կը գտնուինք,- հարցուց ինք: - Համտուն ամարանոցն ենք: Բնաւ չե՞ս եկած : Հանրածանօթ Սբլանտիտ ճաշարանն ենք եւ անօթի ենք, չէ՞, ապսպրե՞նք,- քնքշանքով հարցուց Տիկինը եւ առանց պատասխանի սպասելու կանչեց սպասեակը եւ պատուիրեց ուտելիքները: Երբ կրկին առանձին մնացին, որպէս թէ ի միջի այլոց, Տիկինը հարցուց. -Վերգի՛ն, բնաւ մտածե՞ր ես ամուսնութեան մասին: Անակնկալի եկած, ինք շիկնեցաւ պահ մը, բայց շուտով վերագտաւ իր ինքնավստահութիւնը: - Կա՞ աղջիկ մը որ չի մտածեր: -Ապրիս, ճիշդ այդպէ՛ս: Մէկը ունի՞ս մտքիդ մէջ: - Ո՛չ տակաւին: - Այն ատեն ինչի՞ կը սպասես: Տարիքդ առնելու՞դ… - ի՞նչ ընեմ, փեսացուի ետեւէ՞ն վազեմ,- խնդաց Վերգինէ: - Ի հարկին ինչո՞ւ չէ: Հաւնած մէկը ունի՞ս մտքիդ մէջ: - Կարեւորը կարծեմ իմ հաւնուիլս է: - Այդ պարագային գիտեմ մէկը որ արդէն քեզ հաւնած է: Չ՛երկարեմ, մեր Ալպե՛րը: Վերգինէ անշուշտ ներքնապէս անակնկալի չեկաւ: Պտոյտի առաջարկին իսկ կռահեր էր, բայց ձեւացուց, թէ այդպիսի յայտնութեան մը բնա՜ւ չէր սպասեր: ուրիշ հարց թէ, սիրտը թունդ ելած էր: Եւ ուզեց վստահ ըլլալ: - Բայց ինքը լուր ունի՞ ձեր այս առաջարկութենէն: - Միամի՜տ աղջիկ, անշուշտ թէ ունի, եւ իր խնդրանքով է որ ես կ՛առաջարկեմ: Յետոյ, դուն նկատած ըլլալու ես թէ ինչո'ւ ան շատ լաւ պաշտօնը ձգած, ինկեր է ցանցերու այս գործին մէջ, պիտի ըսէի՝ մոլորուեր է սիրոյ ցանցին մէջ: Գիտե՞ս թէ Ալպեր Ֆրանսական Բարձր Գոմիսարութեան մէջ կարեւոր պաշտօն մը ունի: Ապահով ապագայով: Ըստ ինծի կրնաք շատ լաւ զոյգ մը կազմել: Ի՞նչ կ՛ըսես : Լա՛ւ որ սպասեակը բեռնաւորուած մեծ ափսէով վրայ հասաւ եւ Վերգինէ ժամանակ ունեցաւ պատասխանը պատրաստելու: Սպասեակին մեկնումէն ետք Տիկինը կրկնեց իր հարցումը: Իսկ Վերգինէ՝ - Այսպէ՞ս, մէկ անգամէ՞ն… ի՞նչ ըսեմ…-որպէս թէ շուարած կմկմաց ան: - Այս գործերը այսպէս մէկ անգամէն, տաքը տաքին կ՛ըլլան: Յետոյ արդէն լաւապէս ճանչցած ըլլալու ես Ալպէրը: Երկու ամսուայ գործակցութիւն ունիք: Նորէն դուն գիտես: Եթէ մտածելու ժամանակ կ՛ուզես, ազատ զգայ: Բայց, եթէ ես քու տեղդ ըլլայի, րոպէ մ՛իսկ չէի մտածեր: Գիտցիր որ Ալպէրով հետաքրքրուող ուրիշներ ալ կան, որոնք պատրաստ են ոչ մէկ արգելքի առջեւ ընկրկելու: Վերգինէ զգաց, թէ դերասանութիւն խաղալու ժամանակը չէր այլեւս: - Ես համաձայն եմ,- ըսաւ ան մեղմիւ,- բայց կ՛ուզեմ որ պաշտօնական ձեւով հօրս ներկայացնէք առաջարկը: - Անշո՜ւշտ, անպայմա՛ն,- վճռեց Տիկինը: Ան, ա՛լ խայտանքի մէջ էր: Գրկեց եւ համբուրեց Վերգինէին,-շնորհաւոր ըլլայ եւ բախտաւո՜ր ըլլաք,- աւելցուց ան: Ա՛լ դանակ պատառաքաղի աղմուկն էր միայն: Կերան առանց անդրադառնալու կերուածին: Վերգինէ երանութեան մէջ էր, երգի ու լոյսի կարկաչներ ներսըդին: Տարիներու երազն էր որ ահա կ՛իրականանար: Երազներուն ասպետն էր որ կը ներկայանար: - Արդեօք կը խանգարե՞մ ձերին մտերմութիւնը…անկոչ հիւր կ՛ընդունի՞ք ձեր սեղանին: Ալպէրն էր, ծիծղուն, համարձակ եւ խուզարկու միանգամայն: Հագուեր էր ամառնային սպիտակ ու լազուր բաճկոն-տաբատ՝ անթերի վայելչագեղութեամբ: Վերգինէ այս անգամ իսկապէս անակնկալի առջեւ գտնուելով շառագունեցաւ: Մինչ Տիկինը ապշած-զարմացած ձեւացնելով , ճառագայթեց. - Ալպէր, ճիշդ ժամանակին եկար: Կը շնորհաւորեմ. բախտաւոր Պարո՛ն, թոյլ տուր որ ներկայացնեմ նշանածուհիդ: Ալպէր փոթորկեցաւ, ճառագայթեց հազար լոյսերով եւ խլեց Վերգինէին ձեռքերը եւ սկսաւ մէկ առ մէկ համբուրել զանոնք: Անոր խոնարհած գլխուն վրայ, երկու ժպիտ նայուածքներ զիրար կը խաչաձեւէին. մեկը երախտապարտ՝ միւսը յանձնառու:
- 5 -
Թաղը նորէն իրար անցաւ: Այդպիսի հարսանիք, հոն, բնա՛ւ չէր տեսնուած: Երեւակայեցէ՛ք, հարսը տանելու համար եկան տասը ժապաւինազարդ, ճչակասոյլ եւ շքեղ ինքնաշարժերով: Ծաղկեկողովներուն համրանք չկար: Իսկ սիրամարգուած քաղքենի տիկիններուն եւ օրիորդներուն հագուստներուն շքեղանքը ուղղակի շլացուց թաղի կիները: Իսկ Վերգինէն, անկասկած ամենագեղեցիկն էր. Սպիտակ բեհեզներու եւ ժանեակներու վէտվիտումին մէջ՝ իսկական պուպրիկ մը: Մե՜ղք որ պսակի արարողութիւնը թաղի համեստ եկեղեցիին մէջ չկատարուեցաւ: Ան շատ անշուք էր այդպիսի հարսանիքի մը համար: Ուրեմն տարին քաղաք՝ Ս. Նշան: Ու թաղեցիները անշուշտ զրկուեցան հարսենական բուն հանդիսութենէն: Բարեբախտաբար, քանի մը թաղեցի բախտաւորներ, որպէս դուռ դրացի հրաւէրի արժանացան եւ տեղ գտան ինքնաշարժներէն մէկուն մէջ: Յաջորդ օրը, անոնք լորձնաշուրթն պատմեցին ու նկարագրեցին ամէն բան: Թաղը մխիթարուեցաւ իր լսածով: Ասիկա պարզապէս ըսելու ձեւ մը պէտք է նկատել: Որովհետեւ, Վերգինէին մեկնումը թաղին մէջ թողուց զգալի պարապ մը: Փողոցներէն անոր անցնիլը ծէսի պէս բան մըն էր, հաղորդուիլ մը՝ գեղեցկութեան հետ, եւ տեսակ մը փախուստ՝ առօրեայ գորշ տխեղծութիւններէն: Ճիշդ է, թաղի նորազարթ որոշ աղջիկներ ինքնուրոյն պչրանքով փորձեցին գոցել այդ պարապը, բայց չյաջողեցան. Վերգինէն անփոխարինելի էր: Եւ թաղը երկար ատեն չմոռցաւ այդ իրողութիւնը: Ինչպէ՞ս մոռնար, երբ շուտով զարմանալի լուրեր սկսան շրջիլ: Կ՛ըսուէր, թէ պալատի պէս տան մը մէջ կապրէր ան, սպասաւոր-սպասուհիներով սպասարկուած, վարորդով ինքնաշարժ մը միշտ տրամադրութեան տակ ունենալով: Կը պատմուէր որ օրը քանի մը անգամ հագուստ ու արդուզարդ կը փոխէր ան եւ գիշերներն ալ շքեղ ճաշկերոյթներու կամ պարահանդէսներու կ՛երթար: Լոկ զրոյցնե՞ր էին ասոնք, թէ իրականութիւն՝ կարելի չէր ստուգել: Քաղաքը հեռու էր, իրենց հասողութենէն վեր: Միակ ստոյգ կապը Վարպետ Ներսոն էր: Ան, ամէն Կիրակի ,փեսայի պէս հագուած շքուած, աղջկան տեսութեան կ՛երթար: Բայց ո՞վ կը համարձակէր վարպետ Ներսոյէն լուր հարցնել: -Քու ի՞նչ գործդ է Վերգինէն, ա՛յ պոշ մարդ,- կը սաստէր Վարպետը, քթին տակէն խնդալով,- դուն գործիդ գնա եւ սիւրիւ մը ձագերուդ հաց հասցուր: Տակաւին այս սաստը ոչինչ էր. անդին կար «աշտարակ» կոչուած փորձանքը, որ հլու հնազանդ վերադարձեր էր եւ իր նախկին տեղը գրաւեր դերձակատան մէջ: Ան, Վերգինէին անունը լսելուն պէս սպառնալից կ՛ոլորէր աչքերը եւ դողացող ձեռքով կը փնտռէր խոշոր մկրատը, համաձակ մարդուն հաշիւը մաքրելու լուռ սպառնալիքով: Չստուգուած այդ լուրերէն, թաղը կամաց կամաց յոգնեցաւ: Տագնապալից օրեր էին. պատերա՜զմ էր, նորէն համաշխարհային: Ճիշդ է, կռիւները տեղի կ՛ունենային հեռուն, Ռուսաստանին եւ Ափրիկէին մէջ, բայց ճամբաներուն փակ ըլլալունպատճառով, հացի տագնապ յառաջացած էր երկրին մէջ: Քիլօ մը գարիէ սեւ հացի համար, մարդիկ հարկադրուած էին ժամերով հերթի կենալ փուռերուն առջեւ: Յետոյ, բրինձ շաքարն ալ անհետացաւ շուկայէն: Վառելանիւթ քարիւղն ալ անգտանելի դարձաւ: Կեանքը թէեւ առաջ ալ հեշտ չէր, բայց պատերազմին պատճառով աւելի վատթարացաւ: Ուստի, ամէն ոք, մոռցած բամբասանքն ու ըսի-ըսաւները, մինչեւ կոկորդը խրեցաւ օրապահիկի տագնապին մէջ: Որքա՞ն տեւեց այս ընդարմացումը. տարի մը, երկուք, ըսենք մինչեւ բրիտանական եւ Ազատ ֆրանսական զօրքերուն մուտքը Լիբանան, երբ վերջապէս յարաբերական առատութիւն եղաւ եւ մարդոց փորը կշտացաւ: Զրոյցներն ու բամբասանքը կրկին գրաւեցին իրենց պատուոյ տեղը: Ահա այդ օրերուն ալ ռումբի պէս պայթեցաւ լուրը. Վերգինէն վերադարձեր էր թաղ, հօրը տունը: Ո՛չ, ամուսինէն չէր բաժնուած: Պարզապէս ամուսինն ալ բերեր էր հետը: Ըսին թէ Ալպէր ծանր ու գէշ տեսակէն հիւանդացեր էր: Արիւնը ջուրի կը վերածուէր: Հարցը սակայն հիւանդութիւնը չէր, այլ՝ այդ հիւանդութեամբ յայտնաբերուող սադրանքը, զոր գործեր էին Տիկին Եոլանտն ու Ալպէրը, նախապէս, գիտակցօրէն գաղտնի պահելով հիւանդութեան առկայութիւնը: Մինչդեռ, բժիշկները խստիւ արգիլած են եղեր ամուսնութեան որեւէ փորձ: Բայց Տիկին Եոլանտ, անտեսելով բժիշկներուն զգուշացումը, որոշեր եւ դասաւորեր էր այնպէս՝ որպէսզի եղբայրը կարենայ վայելել Վերգինէին թարմատի գեղեցկութիւնը: Զեխ կեանքն ու ամիսներով անկողին իյնալը արդէն սպառեր էր Ալպէրին կոկիկ հարստութիւնը: Ստեղծուեր էր անել կացութիւն: Իսկ Տիկին Եոլանտն ու հազարապետ ամուսինը, Մարաջախտ Փեթենի կողմնակից ըլլալով, մերժեր էին Ազատ Ֆրանսային միանալ եւ մեկներ էին Ֆրանսա: Ճարահատ՝ Վերգինէ հիւանդ ամուսինով ապաստաներ էր հօրը տունը: Հոն, Ալպէր երեք ամիս միայն ապրեցաւ: Վերգինէ, գիշեր ցերեկ, զսպելով իր դառնութեան արցունքները, նուիրումով, անտրտունջ խնամեց հիւանդ ամուսինը: Անկեղծօրէն փորձեց փրկել զինք մահուան ճիրաններէն: Բայց անօգուտ: Ալպէր հալեցաւ մոմի նման եւ շիջեցաւ: Համեստ, հապճեպ թաղում մը ըրին: Սեւեր հագած Վերգինէն իսկապես ողբաց: Լացաւ եղերամայրերուն հետ. ներած էր ամուսինին սադրանքը: Ալպէր իր ցաւ տառապանքով քաւեր էր յանցանքը: Թաղումէն ետք, ա՛լ ոչ ոք տեսաւ Վերգինէն: Տան մէջ փակուած ան տարիներով դուրս չելաւ: Մնաց իր փշրուած բախտին հետ առանձին՝ քենցած՝ մադոցմէն եւ աշխարհէն: Թաղը սակայն չմոռցաւ զինք: Մնաց Վերգինէին հեքեաթը:
Մենք եւ Դուք
Headline text
- Ա -
Շաբաթ մըն է, գործով, Տանիմարքա եմ, Գոբենհակէն: Միակ ծանօթս Միշէլն է, մեր ընկերութեան լիբանանցի մարոնի հաշուապահը, որ ամուսնացած է տանիմարքուհիի մը հետ եւ հաստատուած հոս: Անոյշ, հեզ տղայ մըն է ան, քառասունի մօտ, քիչ մը շատախօս, կատակասէր, տաքարիւն եւ մարդամօտ: Կը տառապի հայրենի Լիբանանի կարօտախտով: Պատճառ մը՝ որ մտերմանայ հետս եւ դառնայ տեւական ներկայութիւն շուրջս: Անվերջ կը խօսի Լիբանանի անել կացութեան մասին եւ ինձմէ հաշիւ պահանջելու պէս բացատրութիւն կը սպասէ: Կարծես ես ըլլամ խառնակութեան եւ քաղաքացիական կռիւներուն պատճառը:
- Դուն ի՞նչ կ՛ըսես այս անհեթեթ իրադրութեան,- կը պնդէ ան, մինչդեռ ինք որպէս մարոնի, ինձմէ շատ աւելի իրազէկ պէտք էըլլայ պատճառներուն:
Ես չեմ ուզեր միջամուխ ըլլալ եւ կողմ բռնել: Չեմ ուզեր հասկցնել, թէ իր պատկանած համայնքը կարեւոր դերակատարութիւն ունի կացութեան վատթարացման մէջ: Կը նախընտրեմ խուսափուկ պատասխաններ տալ եւ թոյլ տալ որ խօսի ու պարպուի:
Միասին կը շրջինք ամբողջ քաղաքը. ինք, լաւ ծանօթ է փողոցներուն, որոնք մաքուր են կոկիկ եւ հանդարտ՝ անհրապոյր ըլլալու աստիճան: Կայ ու չկայ, սա Հետեւակներու փողոցը կայ, որ երկար շուկայ մըն է, այն առաւելութեամբ, ուր ձեռքերդ անհոգ փարտելով կրնաս ազատ քալել, նոյնիսկ ճամբու ճիշդ մէջտեղէն, առանց ինքնաշարժերու անիւներուն տակ ճզմուելու վտանգին ենթարկուելու, պարզ այն պատճառաւ, որ ինքնաշարժներուն մուտքը հոն արգիլուած է: Անմիջապէս քովը, քաղաքապետարանի զանգուածեղ ու գորշ շէնքն է, անպատշգամ եւ ատամնաւոր իր եզերումով բերդ կամ բանտ յիշեցնող: Կ՛երթանք կը տեսնենք նաւահանգիստն ալ՝ որ չունի Միջերկրականի զուարթ կապոյտը եւ արեւելքի նաւամատոյցներուն աղմուկն ու եռուզեռը: Մշուշապատ է ու գորշ: Նոյնիսկ իր նշանաւոր ծովահարսն ալ , ահածովէն կարծես նոր դուրս ելած, ժայռերու սա փոքր հրուանդանին վրայ կը սրսփայ ցուրտէն:
Միակ կենդանի, հետաքրքրական վայրը պէտք է ըլլայ զբօսավայր Թիվոլին, բայց ան ալ, չար բախտէս փակ է մինչեւ Մայիս մէկ: Իսկ հիմա Մարտի սկիզբն ենք միայն:
Միշէլ նշմարելով յուսախաբութիւնս, կը փորձէ արդարացնել իր քաղաքը:
- Եղբայր ի՞նչ ընեմ, ո՛ւշ եկար. Գոբենհակէնի մեռած շրջանն է: Երեք չորս տարի առաջ որ եկած ըլլայիր, ուզածիդ չափ լայվ-շօու կրնայիր դիտել, իսկական տեսակէն: Սեռային ազատութեան դրախտն էր այս քաղաքը: Ունէինք բոռնօի անհամար կրպակներ, զարմանազան սթրիփ թիզներ եւ սիրոյ ճեմավայրեր: Բայց ամօթխածութեան հով մը փչեց յանկարծ եւ ամէն ինչ արգիլուեցաւ ու փակուեցաւ: Ցոյց տալիք բան չմնաց:
Տղան կարծես լուրջ է. իսկապէս կը ցաւի որ չի կրնար իր այդ բոլոր թուածները ցոյց տալ ինծի: Ես կը խնդամ քթիս տակէն եւ կ՛ըսեմ, թէ այդ բոլորը արդէն կարելի է տեսնել եւրոպական «բարեկիրթ» երկիրներուն մէջ: Իսկ իմ տեսնել ուզածը միայն տիպականօրէն դանիականն է, տեսարժան վայր կամ մշակութային վկայութիւն, բաներ՝ զորս կարելի չէ տեսնել այլ տեղ:
Միշէլ աւելի կը շուարի. անկեղծօրէն կ՛ընդունի, թէ արուեստ-մշակոյթէ հեռու է ինք. թատրոն -օբէրայի տեղն իսկ չի գիտեր: Բայց, կեցի՛ր, կրնայ զիս տանիլ Էլզենոր եւ ցոյց տալ «խենթ» Համլէթին դղեակը:
Ես բոլորովին մոռցեր էի Համլէթը: Տանմարքա գալ եւ չյիշե՞լ Համլէթը... չէ՞ որ «նեխած բան մը կար Դանիոյ թագաւորութեան մէջ...»: Չէ՛, անպայմա՛ն պէտք էր տեսնել Համլէթին դղեակը եւ անգամի մը համար, հարազատ իր բնակավայրին մէջ արտասանել սեփական « լինե՞լ թէ չլինել»ը:
Ուրեմն Կիրակի առտուն իսկ, փառաւորապէս բազմած շքեղ փուլմանի մը մէջ, ես եւ Միշէլ, ամերիկացի տարեց եւ ճափոնացի երիտասարդ զբօսաշրջիկներով, կ՛երթանք Էլզենոր, «խենթ» Համլէթին դղեակը տեսնելու:
Մինչ Միշէլ կը զբաղուի ճաբոնուհիներով, ես յափշտաուած կը դիտեմ դուդսի ձիւնածածկ տարածութիւնները, որոնքզարմանալիօրէն բնաւ միապաղաղ չեն. հոս ծառ մը, հոն տուն մը, անդինսառած լճակ մը՛ իրենց առանձնայատկութիւններով կը գրաւեն ուշադրութիւնս: Մարգագետիններէն ետք, անտառներն են, պեխ-մօրուք ճերմկցուցած տօնածառ եղեւիններով: Իսկ անոնց մէջ, երբեմն, Անտերսընի հեքեաթներէն նոր դուրս ելած առանձնատուներ՝ ծխացող բուխերիկներով: Եւ ամէն ինչ մաքուր, կըկիկ, սպիտակ ու խաղաղ: Փուլմանին եղեամ կապած ապակիներուն ընդմէջէն ամէն ինչ կը թուի աննիւթական ու երազային:
Տհաճութեամբ կ՛իմանամ, թէ կը մօտենանք Էլզէնորի մատոյցներուն:-Այնքա՜ն հաճելի էր բուն ճամբորդութիւնն իսկ:
Դղեակը շատ լաւ պահպանուած, միջնադարեան ոճով, պայծառ գոյներով, երկու յարկանի բերդ մըն է,առանց սովորական դաժան տեսքի, այլ զուարթացուած՝ արուեստական լիճով մը եգ հելեաթային կամուրջ- իր մուտքով: Ըսել կ՛ուզեմ, համլէթեան անձկութենէն ոչինչ պահած: Սրահները որմնագորգերով զարդարուած են եւ պատուհաններէն կ՛երեւի Պալփիկ ծովուն պարանոցը, իսկ հեչուն արդէն Շուէտն է: Բազմաթիւ ճեմանաւեր կու գան ու կ՛երթան: Իսկ մենք կրկին Փուլմանին մէջ տեղաւաորուած, վերադարձի կը պատրաստուինք: - Ինչպէ՞ս գտար մեր Էլզենորը, հաւնեցա՞ր ...- կը հարցնէ Միշէլ: Իր ինքնագոհ շեշտէն կը զգամ, թէ ան դրական պատասխան մը կը սպասէ: Ա՛լ ինչո՞ւ յուսախաբ ընել տղան. - հիանալի՛ էր ,- կ՛ըսեմ ես,- անպայման պէտք էր որ տեսնէի, քանի որ շատ կը սիրեմ Համլէթին տիպարը: Բայց երանի որ չըսէի: Մեր ազնուափաձլ ուղեցոյց տիկինը, յանկարծ պաղ ջուր թափեց մեր լաւ տրամադրութըան վրայ: - Ճշդում մը ունիմ աւելցնելիք.-յայտարարեց ան.- Թէեւ Շեքսպիր իր Համլեթը բնակեցուցած է աես Էլզենոր պալատ ամրոցին մէջ, բայց պարտք կը զգամ ձեր ուշադրութեան յանձնելու այն իրողութիւնը, թէ իսկական Համլէթ իշխանը ապրած է իններորդ դարուն, մինչ այս դղեակը կառուցուած է միայն տասնըերկրորդ դարուն: Բոլորս ալ ուրեմն զոհն ենք շեքսպիրեան երեւակայութեան ու քմայքին: Ինձմէ առաջ Միշէլն է ընդվզողը. - Պէտք էր առաջ ընէիք այդ ճշդումը, Տիկի՛ն,- պոռաց ան: Ուրեմն կարկտանի պէս բան մը դուրս եկաւ Համլէթին այս պատմութիւնն ալ: - Հոգ չէ, Միշէլ, հոգ չէ,- փորձեցի մխիթարել զինք,- գոնէ հաճելի պտոյտ մը ունեցանք հաճելի վայրի մէջ, երբ մանաւանդ դուն ալ, հաճելի առիթը ունեցար ճաբոնուհիներու հետ ծանօթանալու:
- Բ -
Երեկոյեան ժամը ութն էր երբ հասանք Գոբենհակէն: Յոգնած էի եւ կը պատրաստուէի պանդոկս երթալ: Բայց Միշէլ թէ՝ - Ի՞նչ պիտի ընես պանդոկիդ չորս պատերուն մէջ: Քալէ՛, փապ մը մտնենք , ծարաւ եմ, սառն գարեջուր մը առնենք: - Առնենք,- համակերպեցայ ճարահատ: Մտանք ծուխ ու աղմուկի մէջ: Սովորական խմարան մըն էր: Պարըծայրէ ծայր գրաւուած էր: Ազատ սեղան ալ չկար: Միայն, էն ետեւը, մենաւոր անձ մը գրաւեր էր չորս հոգինոց սեղան մը: Միշել, առանց այլեւայլի, համարձակ մօտեցաւ մարդուն եւ դանիերէնով խօսեցաւ անոր հետ: Մարդը ձեռքի շարժումով հրաւիրեց մեզ գրաւելու իր դիմացի պարապ երկու աթոռները: Տեղաւորուեցանք: Ինքնասպասարկման դրութիւն էր. Միշել երկու հսկայ բաժակներով գարեջուր բերաւ: Իսկապէս ծարաւ էինք եւ սառն գարեջուրը լա՜ւ գնաց: Մեր զրոյցը գնաց-եկաւ, դարձեալ կեդրոնացաւ լիբանանեան դէպքերուն եւ կացութեան վրայ: Անխուսափելի յաճախանք էր. չէինք վիճեր, պարզապէս զիրար կ՛ամբողջացնէինք: Եւ հետզհետէ, գարեջուրի պարապ շիշերը սկսան բազմանալով շարք բռնել սեղանին վրայ: Յանկարծ անդրադարձանք որ մեզ հիւրընկալող մարդը ուշի ուշով կը հետեւէր մեր խօսակցութեան, որ արաբերէն ըլլալով որեւէ կաշկանդում չունէր: Ոտքով կը դրդեմ Միշէլը եւ աչքի քթթումով ցոյց կու տամ մարդը: Միշէլէն առաջ սակայն մարդը կ՛անդրադառնայ նշանիս եւ մաքուր անգլերէնով կը դիմէ մեզի. - Կը ներէք հետաքրքրութեանս, ի՞նչ լեզու է ձեր խօսածը: Միշէլ անմիջապէս կը պատասխանէ. - Արաբերէն կը խօսինք, պարո՛ն, եւ լիբանանցի ենք, Մերձաւոր Արեւելքէն: - Դրացիներ կը սեպուինք ուրեմն, ուրախ եմ, կ՛աւելցնէ մարդը: - Իսրայե՞լ,- կը հարցնեմ ես զարմացած: - Օ՛, ո՛չ, ես թուրք եմ: Հազիւ կրնամ թուքս կուլ տալ: Իսկ Միշէլ արդէն կը գեղգեղէ. - Թո՞ւրք էք... նասըլ սըզ եահօ՛, այի՞...- կը խանդավառուի ան իր չգիտցած թրքերէնով ջարդելով: Յետոյ, ուրախութեամբ զիս ցոյց տալով կ՛աւելցնէ,- իսկ բարեկամս հայ է, էրմենի՜...: Իդ շուտիկութենէն գոհ մնացած, Միշէլ կը խնդայ՝ երջանի՛կ: Իսկ ըս եւ դիմացինս կը լրջանանք , կը խոժոռինք: Աչքի տակէ կը փորձեմ զննել մարդը:- Յիսունի մօտ, միջահասակ, թխադէմ եւ նուրբ դիմագծերով անձ մըն է ան: Աչքերուն մէջ տարօրինակ փայլ մը կը խաղայ. բնաւ թուրքի չի նմանիր: Զննումս վերջացուցած, կը յամառիմ լռել: Նմանապէս եւ ի՛նք: Այս լռութեան մէջ Միշել մնացած է շուարած: - Ի՞նչ պատահեցաւ քեզի, ինչո՞ւ թթուեցար մէկէն,- ականջիս կը շշնջայ ան: - Չսիրած տեսակէն մարդը դէմս դրիր ,- կը դժգոհիմ ես: - Փոխենք սեղաննիս, կարծես նոր տեշեր բացուած են: - Ա՛լ ուշ է: Մարդն ալ ուր նայիլը չգիտեր. շատ քիթ քիթի ենք: Ճարահատ, գրպանէն կը հանէ թերթ մը եւ կը փորձէ կարդալ: Չի յաջողիր: Ջղային է. ձեռքերուն մէջ թերթը կը դողայ: Թերթը մէկ կողմ կը դնէ ու գարեջուր կը լեցնէ գաւափին եւ կրքով կը խմէ: Կը նայիմ թերթին. Միլլիէթն է: Ա՛լ հանդարտած, ես ինծի կը խորհրդածեմ. հայու բախտ՝ ասոր կ՛ըսեն. շաբաթ մըն է, մտովի այս քաղաքին մէջ հայ կը փնտռեմ ու փոխարէնը, ահաւասիկ թուրք մը կը գտնեմ: Եւ այս առաջին անգամը չէ. Անցեալ ամրան ալ այսպիսի դէպք մը պատահեցաւ, Լոնտոնի մէջ: Կ՛անցնէի Փիքըտելլի պանդըկին առջեւէն, նոյնանուն պողոտային վրայ: Շաբաթ երեկոյ էր. մարդկային հեղեղ մը կը հոսէր մայթերուն վրայէն: Կը քալէի դժուարութեամբ: Յանկարծ նշմարեցի որ պանդոկի դարպասէն երիտասարդ մը, աչքը աչքերուս յառած, կը ջանայ ուղադրութիւնս գրաւել եւ ինծի մօտենալ: Հին ծանօթի մը հովերը ունի: Կանգ կ՛առնեմ, որպէսզի ան կարենայ ինծի մօտենալ: Վերջապէս կը յաջողի դէմս կանգնիլ: Գոհունակ ժպիտ մը ունի եւ առանց այլեւայլի կը դիմէ ինծի թրքերէնով. - Հեմշէրի, օգնէ ինծի, սա էշերը լեզու չեն գիտեր, չեն հասկնար կոր զիս. ուզածս բարեկամիս ամուսնական խրախճանքին սրահն է: «Սա էշերը» պանդոկի ընդունման պաշտօնեաներն են, որոնք, վստահ եմ, քանի մը եւրոպական լեզուներ խօսիլ՝ Կը քմծիծաղիմ պարոնին տգէտ անձնապաստանութեան վրայ եւ միասին ներս կը մտնենք: Քանի մը բառով անոնց կը բացատրեմ ուզուածը: Ցոյց կուտան քովնտի սրահի մը մուտքը եւ մեր երանելին թէշէքիւր էտէրիմ մը նետելով կը վազէ դէպի բարեկամին տօնախմբութեան: Իսկ ես , պահ մը կը մնամ զարմացած. ինք օտար եւ ինծի բոլորովին անծանօթ, մարդկային այս հեղեղին մէջէն ինչպէ՞ս զգաց, զատորոշեց ու գտաւ զիս եւ ամենայն վստահութեամբ դիմեց ինծի իր թրքերէնով. հողի՞ն կանչն էր թէ արեա՞ն ... հարց կուտար ներքին նենգ ձայն մը ներսէս: Իսկ հիմա ալ ա՛յս թուրքը: Ա՛լ ինչու երես դարձնել. քանի ելեր է դէմս, փորձենք բաներ մը հասկնալ: - Կարելի՞ է ,-կ՛ըսեմ ձեռքի թերթը ցոյց տալով: - Պույրունո՜ւզ, էֆենտիմ,- սիրալիր արտորանքով կ՛երկարէ թերթը: Կը բանամ առաջին էջը: Մեծատառ վերնագիր մը. երեսփոխանական իրենց ժողովը տակաւին չէ կրցած ընտրել իր նախագահը եւ՝ տուրութմբկոց: Կեդրոնը՝ լուսանկար մը. Տեմիրէլն է, իր նախարարներով: Կը փորձեմ կարդալ բացատրականը: Բայց քովէս թուրքին դժգոհ ձայնն է. - Վազ անցիր, բարե՛կամ, ֆաշիստ շուներուն երեսի՞ն կարօտ ես: Մէկ կողմ կը դնեմ թերթը ու հարցական կը նայիմ մարդուն: Ֆաշիստ բառը, կարծես մեր յարաբերութեան համար նոր ուղի կը բանայ: Գուցէ նաեւ՝ թակա՞րդ մը... - Տեմիրէլը ֆաշի՞ստ կը նկատես,- կ՛ուզեմ աւելի յստակացնել ըսուածը՝: - Ով որ աշխատաւոր ժողովուրդին արիւնը կը ծծէ եւ կ՛աշխատի անոր շահերուն դէմ, բռնարարքով կամ կեղծիքով, ֆաշիստ է ինծի համար: Ա՛լ տարակոյս չմնաց. մարդը պատահական բառ մը չէ արձակած. գիտէ ի՛նչ ըսել կ՛ուզէ եւ ինչ հասկցնել: - Հեմշերի, ամօթ չըլլայ հարցնելը, թրքերէնը ո՞ւր սորված էք,- կ՛ըլլայ իր միւս հարցումը: - Պէյրութի մէջ, փողոցը՝ լսելով: - Պէյրութի մէջ, փողոցը թրքերէ՞ն կը խօսին,- կը զարմանայ ան: - Ո՛չ: Մեր մեծ հայրերն ու մեծ մայրերը, անոնք որ բախտը ունեցած են ջարդ-կոտորածէն ճողոպրիլ, թրքերէն կը խօսին միայն: - Ի հարկէ, շատ լաւ կը հասկնամ. թրքերէնին պէս անոյշ լեզու մը չի մոռցուիր. անշուշտ երկրին կարօտը լեզուէն կ՛առնեն: - Ո՛չ, պարզապէս ուրիշ լեզու չեն գիտեր: Ձերինները թոյլ չեն տուած որ հայերէն սորվին: Այն օրերուն, ֆաշիզմէն աւելի սարսափարկու բռնատիրութիւն կայ եղեր Թուրքիոյ մէջ: Անթարթ, մտածող աչքերով կը նայի ինծիձ Կը զգայ որ իր արձակած գնդակն է որ կը վերադառնայ իրեն: - Իրաւունք ունիս. օսմանցիները զուլում եւ զալըմ եղած են նաեւ մեզի հանդէպ: Իմ զարմանքս այն է, թէ լսովի, լեզուին խօսիլը կը սորվեցուի բայց ո՛չ գրել կարդալը: Կ՛երեւի մասնաւոր ջանք թափած էք սորվելու համար, եւ կամ դպրոցը... - Ո՛չ, ֆրանսերէն գիտնալս նպաստած է եւ յետոյ...- կը զգամ թէ ժամանակը հասած է ազդանշան պատասխանս տալու: Թող իր գոյնը դուրս տայ:- Նազըմ Հիքմէթը իր բնագիրին մէջ կարդալու համար, ինքնաշխատութեամբ սորված եմ թրքերէնը: Մարդուն դէմքը մէկէն կը ճառագայթէ: - Այդպէս չըսե՞ս, մուպարէ՛ք, - կը բացագանչէ ան:- Ես ալ կ՛ըսեմ պարզ թուրիսթի չի նմանիր այս մարդը: Արդեօք նաեւ լրագրո՞ղ ալ ես: - Մօտաւորապէս. գրող եմ՝ ազատ ժամերուս: - Ուրեմն ատաշ ալ ենք: Ես ալ լրագրող եմ: Անունս Օրհան Եուզկէր է: Քսան տարի է ստիպուած հեռացեր եմ Թուրքիայէն: Երբեմն կը գրեմ տեղական թերթերուն մէջ: Իսկ ամէն շաբաթ, կէս ժամուայ յայտագիր մը ունիմ այստեղի թելէվիզիոնին վրայ, «Հովէն ու Ծովէն» խորագիրով: Տեսակ մը առօրեայի քրոնիկ: - Ըսել կ՛ուզէք հոս թրքերէնով յայտագի՞ր ունիք, - կը զարմանամ ես: - Անշո՛ւշտ, հարիւր հազար թրքութիւն կայ հոս, եւ դեռ կու գան ու կու գան... բայց անունդ չշնորհեցիր տակաւին... - Յակո՛բ, - կը ստեմ բնազդաբար,- Յակոբ Վարդանեան: Ներքին արթնամտութիւնս է հրահանգողը: Բան մը սորվեր ենք, վերջապէ՛ս: Բնաւ պիտի չզարմանայի եթէ իր տուած անունն ալ կեղծ ըլլար: - Կրնայի՞ ձեզի քարեջուր մը հրամցնել,- ու առանց մեր հաւանութեան սպասելու կ՛ելլլէ եւ կ՛ուղղուի դէպի պառը: Նոր կ՛անդրադառնամ որ քովս, լուռ ու մունջ նստած Միշէլ մը կայ: - Կը ներես Միշէլ, Տարուեցայ եւ մոռցայ քեզ: - Հոգ չէ, կարծեմ դուն գտար իսկական բարեկամ մը եւ ալ ինծի պէտք չունիս: Կարծեմ պիտի մեկնիմ: Քունս եկաւ: - Եթէ մնաս, գոհ կ՛ըլլամ: - Մնալով պիտի խանգարեմ ձեր մտերմութիւնը. չէի գիտեր թէ հայերդ այդքա՜ն կը սիրէք թուրքերը ...- խայթեց ան ու քմծիծաղելով մեկնեցաւ: Կը նայիմ ժամացոյցիս. ժամը գիշերուայ տասն է: Սրճարանը սկսած է ցանցառիլ: Եւ թուրք «բարեկամ»ս չերեւիր: Մէկէն վախ մը կը սպրդի ներսս: Չըլլայ թէ ան գացած է լուր տալու իր արիւնակիցներուն: Անկարելի չէ որ դուրսը, ամայացած փողոցներու մութին մէջ, դարանակալ ինծի սպասեն: Ու ա՛ռ քեզի հայկական Գաղտնի Բանակ, ա՛ռ քեզի ֆաշիզմ ու Նազըմ Հիքմէթ... Երանի Միշէլին հետ մեկնած ըլլայի... - Համով գարեջուր եւ փրփրոտ էգեր ունին այս տանիմարգացիները... համտեսեցի՞ր բնաւ: Ան է, իւրաքանչիւր ձեռքին երկու շիշ գարեջուր բռնած, կու գայ նստիլ իր տեղը, քթին տակէն մռլտալով շարքիի նմանող երգ մը, որ ինծի այնքան ծանօթ կը թուի: Այո՛, «Լեպլեպիճի Հոր Հոր Աղա»յէն է, գինովներու եղանակը: Ես ալ կը ձայնակցիմ հայերէնով. «այնպէս մը պիտի ծեծենք, որ յիշէ հօր հարսանիք...» - Անդրադարձար, հա՞, անշուշտ Չուխաճըն է, ձերը... - Քէֆդ տեղն է Օրհան էֆենտի,-կ՛ըսեմ ես: - Գարեջուրով ի՞նչ քէֆ , ինչ բան,- կը դժգոհի ան:- Հիմա սեղանին օղի պիտի ըլլար, մատ մը երշիկ ու ապուխտ եւ դուն լսէիր պիտի շարքիներուն քաղցրութիւնը: - Երգել շա՞տ կը սիրես: - Առաջ, երբ երկիրն էի, չէի սիրեր: Բայց պանդխտութեան մէջ, առանձինն, միայն շարքիները մնացին ինծի ընկեր: Եթէ անոնք չըլլային, կը խենթանայի ես: - Ինչո՞ւ առանձին, չէ որ հարիւր հազար թրքութիւն կայ այստեղ, կըսէիր: - Զիպիլ բաներ են բոլորը: Դրամի եւ կնկայ ետեւէն կը վազեն: Խաֆատենկի մարդ չկայ: Եթէ երկրիս կարօտը չըլլար, ես անոնց երեսը չէի նայեր: Բայց այդ կարօտը կը ստիպէ որ երբեմն թուրք փնտռեմ ու թրքերէնիս կարօտը առնեմ: Օրինակ, երբ դուն թրքերէն սկսար խօսիլ, ելլելով քեզ համբուրելս եկաւ: Կը հասկնա՞ս չէ վիճակս. դուն ալ պանդուխտ ես ինծի պէս, դուն ալ կարօտը ունիս մեր սուրբ հողին ու ջուրին: - Ես ոչ այդքան. ես Լիբանան ծնած ու մեծցած եմ: Բայց կը յիշեմ հայրս, որ այդ հողին կարօտով կը մխար: Երբ Կիլիկեա եւ Հաճըն ըսէր՝ արցունք կու գար աչքերէն: - Աֆերիմ մա՛րդ, ի՜նչ լաւ ըսիր. մխացող կարօ՜տ... Ես ալ մխացող կարօտ ունէի... հինգ տարի կ՛ընէր որ հեռացեր էի երկրէս եւ անգործ ու առանձին՝ շունի պէս ցրտահար կը սրսփայի այս պաղապուր քաղաքին մէջ: Կարօտէս խենթ կըլլայի: Այն ատենները այսքան թրքութիւն չկար հոս: Ու յանկարծ, առտու մը, ի՞նչ տեսնեմ. թրքական ցուցանիշով հսկայ բեռնատար մը կեցած՝ հրապարակին վրայ: Ինչպէս վազելս չեմ գիտեր: Բարձրացայ բեռնատարին վրայ, գրկեցի քասքէթաւոր շարժավարը եւ գիտե՞ս թէ ինչ խնդրեցի. «աղա պէյ, ըսի, մեքենայիդ անիւներուն օդը ո՞ւր լեցուցած ես, եթէ թրքական օդով լեցուցած ես, կը խնդրեմ, կ՛աղաջեմ, թոյլ տուր որ անոնցմէ մէկուն պտուկը բանամ եւ շնչեմ հայրենիքիս օդը:» Կը տեսնե՞ս թէ ինչպիսի խելառն եմ ես: Ծուռ էի երկրիս մէջ, անարդարութեան դէմ ծառացած, եւ ծուռ ալ մնացի հոս. դրամի համար հոգիս չծախեցի: - Գրող մարդը այդպէս պիտի ըլլայ: - Ի՜նչ կըսես ա՛յ մարդ, - բռնկեցաւ ան մէկէն,- բարեկա՛մ, ես գրողներ կը ճանչնամ, որոնք պոռնիկներէն աւելի վարնոց են: Դրամի եւ փառքի համար մայրերնին ալ կը ծախեն: Ի՛նչ գրող, ինչ բան. դուն ինծի խօսէ մարդու մասին, ճակատը բաց, խիղճը մաքուր եւ սիրտը տաք. երբ վճիտ նայուածքով քեզի նայի այդ մարդը, սիրտդ կը խայտայ: Ես այդ տեսակին միայն կարեւորութիւն կու տամ: Մնացեալը, վրաս գրէ, թուրք է եղեր թէ հայ, գրող եղեր է թէ գործաւոր՝ միեւնոյնն է: Հիմնականը խիղճն է, մարդկութիւնը: Այս բոլորը կ՛ըսուի այնպիսի կիրքով ու համոզումով, որ եթէ դիմացինս թուրք չըլլար, ես կը բարձրացնէի բաժակս ու կ՛ըսէի. - Արդար կենացդ մա՛րդ: Բայց չկրցայ: Կոկորդիս փակչեր էր հարցումը եւ կը խեղդէր զիս: - Ուրեմն մաքուր ու հանդա՞րտ է խիղճդ, ո՞չ մէկ խայթ ու զղջում կը խռովէ հոգիդ: Օ՜ֆ, չէի կրնար կուլ տալ շիկացած հարցումս, խիղճի եւ մարդկայնութեան այսքան շռայլ զեղումներու դիմաց: Եւ որպէսզի ամէն բան ըլլայ յստակ, անմիջապէս աւելցուցի. - Ըսել կ՛ուզեմ, որպէս թուրք, հայերուս հանդէպ հա՞շտ է խիղճդ: Ոչ զարմացաւ եւ ոչ ալ ընկրկեցաւ: Այլ, աչքերը անթարթ սեւեռեց աչքերուս, ու թաւ, անխռով ձայնով սկսաւ խօսիլ. - Կը սպասէի այդ հարցումիդ, որուն ի՞նչ կ՛ուզես որ պատասխանեմ: Ըսեմ , թէ որպէս անհատ ես բնաւ յանցանք չունիմ, քանի ծնած իսկ չէի այդ սեւ օրերուն: Կրնամ նոյնիսկ վստահեցնել թէ հօրս ձեռքերն ալ մաքուր մնացած են : Բայց ակնկալուած եւ ճիշդ պատասխան պիտի չըլլար այդ մէկը: Գիտեմ, կը գիտակցիմ, թէ որպէս ներկայ հաւաքականութիւն, մենք ունինք քաւելիք մեծ մեղք մը, զոր մենք չենք գործած, բայց գործած է մեր նախորդ սերունդը: Օգտուելով այդ սերունդին մեզի փոխանցած բոլոր բարիքներէն, պէտք է նաեւ ժառանգենք պատասխանատուութիւնը անոնց գործած չարիքներուն: Իսկ մեղքը, եթէ չի խոստովանուիր, չի քաւուիր: Ես անձնապէս պատրաստ եմ այդ խոստովանութեան: Բայց, դժբախտաբար մերինները տակաւին պատրաստ չեն այդ ժեստը ընելու: Մեծ մասը տակաւին տգէտ է ու մոլորած, իսկ միւս մասն ալ՝ գիտակցօրէն մոլեռանդ ազգայնամոլ: - Ուրեմն կ՛ընդունիս ջարդերուն իրողութիւնը,- կը պնդեմ ես: - Միայն ջա՞րդ... մի՛ քաշուիր ա՛յ մարդ, ըսէ՛ ժենոսա՛յտ, ցեղասպանութի՛ւն... այն ալ՝ ծրագրուա՜ծ ձեւով, սադայէլական նենգութեամբ, եւ ապա՝ ուռացումի վատոգի ապաւինումով: - Առաջին թուրքն ես որուն խոստովանութիւնը կը լսեմ: -ինչո՞ւ, քանի թուրք ճանչցեր ես որ.... - Շատ քիչ, քանի մը հատ: - Այն ատեն ինչպէ՞ս կրնաս ընդհանրացնել: - Բայց կը կարդամ ձեր թերթերուն գրածները մեր մասին: - Ֆաշիստներո՛ւնը ըսէ եւ ոչ թէ մերինը: - Բայց ո՞վ էք դուք եւ ո՞ւր էք: - Այս մէկը չեղաւ, եղբայր Յակոբ. ուրեմն երկու ժամ է ջուր կը ծեծենք: Եւ ո՛վ ենք մենք եւ ո՞ւր ենք: Մեր ծախուած մամուլին մէջ երբ կը կարդաս ձեր մասին գրուած անարգանքը, անոնց կողքին չե՞ս հանդիպիր նաեւ մեր դէմ արձակուած լուտանքներուն: Բնաւ չլսեցի՞ր դեռ վերջերս տեղի ունեցած Մարաշի ջարդերու մասին, ուր հարիւրաւոր թուրք եւ քիւրտ գիւղացիներ խողխողուեցան մեր զինեալ ուժերուն կողմէ: Հապա մեր բանուորներուն, ուսանողներուն, փրոֆէսէօրներուն եւ յառաջապահ գրողներուն առօրեայ սպանդը՞... ահա՛, այսպէս հալածուածներն ենք մենք եւ կը ծիւրինք մգլոտած բանտերու կամ աքսորի դժնդակ պայմաններու մէջ: Դուն քիչ առաջ կը յիշէիր Նազըմ Հիքմէթը: Գիտե՞ս անշուշտ թէ ան բանտարկուած էր քսանամեակ մը տարիներ, իսկ Սապահետտին Ալին խարդաւանանքի միջոցով սպաննեցին: Անշուշտ պէտք է գիտնաս որ մեզ կոտորողներն ու հալածողները նոյն այն ուժերն են որ ձեր սպանդն ու աքսորը կազմակերպեցին եւ իրագործեցին: Նոյն մտածելակերպով գործող մութ ուժերն են անոնք, երեկ եւ այսօր չեն փոխուած: Փոխուած է միայն զոհը. երեկ դուք էիք, այսօր մենք ենք: Սիրտս ուղղակի թունդ ելեր էր: Աներեւակայելի էր պարզուող երեւոյթը. թուրք մըն էր խօսողը: Ներսս տեղաշարժ մը կը կատարուէր: Քարացած ըմբռնումներու փլուզում մը: Կը զգայի որ պէտք էր որ ես ալ իմ կողմէս առնէի կարեւոր քայլ մը, մօտեցում մը, արձագանգ մը տայի: Բայց կաշկանդուած էի վախով մը. կասկա՛ծը: - Կը ներես Օրհան, անտեղի հարցումիս համար որ վիրաւորական էր նաեւ... բայց... - Ո՛ չ մէկ բայց: Սկսանք անկեղծ ըլլալ, ըլլանք մինչեւ վերջ: Հիմա ե՛ս պիտի ընեմ նոյն հարցումը. մեր երկուքին հասարակաց թշնամիին դէմ մղուող մեր անողոք կռիւին մէջ, ո՞ւր էք, դո՛ւք , հայե՛րդ, առաջին զոհերդ: Ինչո՞ւ մեր կողքին չէք. ի՞նչ բանի կը սպասէք: - Ի՞նչ կ՛ուզես որ ընենք, երբ այնքա՜ն, այնքա՛ն անգամ խաբուեր ենք: Մի մոռնար Իթթիհատականերուն մեր տուած նեցուկն ու խանդավառութիւնը, որ այնքան սուղի նստաւ մեր վրայ: Ա՛լ ձեր աջի-ձախի կռիւներուն հաւատք չենք կրնար ընծայել մենք: - Բայց հաւատք ընծայեցիք սրիկաներուն եւ որովհետեւ խաբուեցաք անոնցմէ, հիմա կը զլանաք նոյն իսկ համակրանքով մեր կողմը նայիլ, ձեր հին սխալը չկրկնելու մտավախութեամբ: Շատ բարի. բայց գիտէ՞ք որ, ձեր այդ Գաղտնի Բանակով, ԱՍԱԼԱով ահագին վնաս կը հասցնէք մեզի, Թուրքիոյ մէջ գործող ձեր միակ բարեկամներուն: Եղբա՛յր, քանի մը թուրք դիւանագէտ սպաննելով կը կարծէ՞ք ձեր հարցը լուծած ըլլալ: - Անշուշտ ո՛չ: Բայց ատով կ՛ուզենք միջազգային հանրութեան խիղճը արթնցնել: -Պոշ խոսքեր: Պարզապէս ջուր կը լեցնէք մեր ֆաշիստներու ջաղացքին: Այդ ոճիրները որպէս փաստ գործածելով, անոնք վառ կը պահեն թուրք ամբոխին տգէտ ատելութիւնը ձեզի հանդէպ: Մինչ մեզի օգնելով, զօրաւիք կանգնելով, արմատէն կը հարուածէք ձեր դարաւոր թշնամին: Ան կը լռէ: Մէկ անգամէն, կիրքով կը պարպէ գարեջուրի լեցուն գաւաթը եւ թաշկինակով կը սրբէ քրտնած ճակատը: - Ճիշդ չե՞ն ըսածներս: Չեմ արձագանգեր: Երկմտանքի մէջ եմ. ճիշդ է, ճշմարտութեան տարրեր կան ըսուածներուն մէջ, բայց ամբողջական անկեղծութեան չեմ հաւատար դեռ: - Կ՛երեւի վիրաւորական ալ գտար ըսածներս,- կը ջանայ մեղմել տպաւորութիւնը: - Վիրաւորող բան չկար. պարզապէս նորութիւն էր ինծի համար, եւ գիտես, նորութեան ընկալումին նախ պէտք է վարժուիլ: Անախորժ լռութիւնը վանելու համար ան նոր դուռ կը բանայ: - Հիմա ճիկեռ տաղող շարքի մը եթէ երգուէր, ի՞նչ կ՛ընէիր,- կը հարցնէ ան խորամանկ կիսաժպիտով: - Հոնգուր հոնգուր կու լայի,- կը փոխադարձեմ ես: - Կ՛երեւի չես սիրեր մեր շարքիները,- կ՛ըսէ համակերպած: - Ինչո՞ւ միայն ձեր,- կ՛աքլորանամ ես:- Մեր ժողովուրդն ալ, վեց հարիւր տարի գերութեան մէջ ապրելով, սիրեր ու երգեր է զանոնք, իր սեփական դրոշմը դրեր անոնց վրայ եւ յաճախ ալ ստեղծագործեր է զանոնք: - Ահա՛, այսպէ՛ս կ՛ուզեմ որ խօսիս: Նոյն հողին ու ջուրին զաւակներն ենք, նոյն ցաւերէն տառապող: Հելպէթ տէ նոյն երգերով պիտի թեթեւցնենք մեր ցաւերը. ձեր եւ մեր երգերուն մէջ նոյն կարօտն է, նոյն թախիծը: - Բայց մենք զէյպէք հաւասի չունինք, կը խայթեմ ես: - Ի՜նչ ընենք, պապամ, մենք ալ առսըզ ենք: Ուրիշ դիտողութիւն ունի՞ս: - Ուրիշ տարբերութիւններ ալ կան... - Օ՜... գիտեմ, լա՜ւ գիտեմ...անշուշտ թէ կան... թուե՞մ...մենք իսլամ ենք, դուք քրիստոնեայ, մենք անտա՛շ ենք, դուք քաղաքակիրթ, մենք ջարդող-փշրող ենք, դուք շինող, շէնցնող... ա՞յս է ուզածդ... - Մօտաւորապէ՛ս,- կը խնդամ ես: - Ճիշդ ես, իրաւունք ալ ունիս:- կը համաձայնի ան ու կը շարունակէ.- Մեր ժողովուրդին զանգուածը տգէտ է ու մոլեռանդ. քառասուն տարի է պայքար կը տանինք, կը զոհուինք որպէս զի փոխուի ան, բացուի լոյսին ու ճշմարտութեան, գիտակցի իր դժբախտ վիճակին, տէր կանգնի իր իրաւունքներուն ու ճակատագրին, բայց չենք յաջողիր: Գոմէշի պէս յամառ է ու բութ: Կ՛երեւի պիտի սկսիմ հաւատալ տխմարութեան ժառանգականութեան: Կը խնդա՛ս հա՞... բայց ես լո ւրջ եմ. դուն չես ճանչնար մերինները, մանաւանդ գիւղացիները: Ես արմատով գիւղացի եմ. ուղով ծուծով կը ճանչնամ զիրենք: Հիմա քեզի պատմեմ ապրուած դրուագ մը՝ որպէսզի համոզուիս:
Լսէ՛:
- Գ -
Մեր գիւղը, Եփրատի ափին, դաշտագետիններու մէջ կորսուած, աննշան գիւղ մըն է, անունը՝ Չերմիկ: Երկու հարիւր տուն կանք-չկանք: Ժամանակին, հոն, շուրջ երեք հարիւր տուն հայեր ալ բնակեր են: Եկեղեցիի մը փլատակ պատերը տակաւին կը վկայեն այդ մասին: Ձերիններուն հոն գտնուած ատեն, բաւական բարգաւաճ, ինքնաբաւ գիւղ մը եղած է: Հիմա, եթէ թշուառ չենք, ճոխութեան մէջ ալ չենք լողար: Ցորենը քիչ, պտուղը շա՛տ: Բայց յարմար ճամբաներու չգոյութեան եւ փոխադրամիջոցներու բացակայութեան պատճառով, պտուղը թարմ վիճակի մէջ, մեծ քաղաքները չենք կրնար հասցնել. ստիպուած միայն չորցած պտուղ ու չամիչ կ՛արտածենք: Ասկից դուրս դրախտի կտոր է մեր գիւղը. ձիւնը հազիւ երեք ամիս կը նստի: Մարտին արդէն բռնկած կ՛ըլլայ կանաչութիւնը: Մայիս ըսելուդ պէս, անկողինները տանիք կը նետենք: Չեմ գիտեր թէ, դուն կ՛ըմբռնե՞ս թէ ի՛նչ կը նշանակէ բաց երկինքին տակ պառկիլ. ճպուռներուն համանուագը, վազող ջուրերուն կարկաչը, բարտիներուն վրայէն արագիլներուն կափ-կափը կ՛օրօրեն քեզ երազային քաղցրութեամբ: Ադամանդակուռ աստղերը համրելով քուն կը մտնես ամէն գիշեր: Երանութեան տարբեր տեսակ մըն է ասիկա:
Ահա այս գիւղին մէջ է որ պատահեցաւ պատմելիք միջադէպս: Այն ատեն համալսարանի ուսանող էի: Ամրան ամիսներու արձակուրդին, գիւղ եկած էի: Գրպանի ծախսս հանելու համար, ստանձներ էի գիւղի մխթարին տարեկան տոմարները կարգի դնելու պաշտօնը:
Մեր գրասենեակ ըսուածը, մխթարին սեփականութիւնը եղող սրճարանին մէկ անկիւնն էր, քանի մը աթոռ-սեղանով, ուր նստած կ՛աշխատէի, երբ ահագին փոշի-աղմուկով ամերիկեան շքեղ ինքնաշարժ մը ժամանեց, գիւղին մէջ մեծ իրարանցում ստեղծելով: Ես ու մխթարը արտորացինք ինքնաշարժին մօտ, ուրկից , շարժավարին քով նստած շիք երիտասարդ մը դուրս եկաւ: Բացաւ ետեւի դուռը: Հոն, սեւեր հագած տարեց կին մը նստած էր ազնուականի հովերով: Տիկինը անշարժ մնաց, մինչ երիտասարդը ձայն տուաւ.
- Գիւղին մխթարը կ՛ուզենք:
Գիւղապետը առաջ անցաւ.
- Ե՛ս եմ, ինչո՞վ կրնամ օգնել:
- Տիկինը Ամերիկայէն եկած է եւ կ՛ուզէ ձեզի հետ խօսիլ:
- Բարի եկած է, թող ներս հրամմէ:
Հրամմեցին: Գիւղապետս դուրս վռնտեց միւս բոլոր ներկաները եւ սրճարանը փակեց:
Տիկինը հայ դուրս եկաւ: Բայց թրքերէն չէր գիտեր. անգլերէն խօսեցաւ եւ քովի երիտասարդը որ ճամբորդական գրասենեակի պաշտօնեայ մըն էր, թարգմանեց խօսածները, որոնք հետեւեալ իմաստը ունէին.- Տիկինը Չերմիկ ծնած էր եւ տասը տարեկանին, ծնողքին հետ բռնագաղթուած էր: Հայրը, Հաճի Նազար Աղան, գիւղի երեւելիներէն էր: Մահացեր էր գաղթի անողոք պայմաններուն մէջ: Բայց ընտանիքը ճողոպրելով կրցեր էր Ամերիկա գաղթել: Հոն Տիկինը ամուսնացեր էր ամերիկաբնակ հարուստ հայի մը հետ եւ ունեցեր էր զաւակներ: Զանոնք մեծցնելէ եւ տուն տեղ ընելէ վերջ, Տիկինը որոշեր էր վերատեսնել իր հայրենի գիւղն ու տունը եւ տարիներու կարօտը առնել: Կը խնդրէր գիւղապետէն դիւրացնել իր այս գործը: Պատրաստ էր նիւթական ամէն տեսակի պայմանները ընդունիլ:
Ինչ երկարեմ. Մխթարը որ եօթանասուննոց մը կար, անմիջապէս յիշեց Հաճի Նազար Աղան եւ անոր քարաշէն բնակարանը, որ գիւղին ամենաներկայանալին կը նկատուէր: Եւ այդ տունը ինչ ինչ խարդաւանանքներով իւրացուցեր էր Պաշ Չավուշ Ասլան Էֆենտին, որ իր մահէն ետք զայն ժառանգ թողուցեր էր անդրանիկ տղուն՝ Սարը Մուսթաֆային: Ուրեմն խմբովին լեցուեցանք ինքնաշարժին մէջ եւ դէպի Սարը Մուսթաֆային տունը դիմեցինք:
Մուսթաֆան, հիմա յիսուննոց յաղթանդամ գիւղացի մը, անակնկալի եկած, նախ չկրցաւ ըմբռնել իրմէ ուզուածը եւ երբ իմացաւ թէ հայուհի մըն է Տիկինը, նախկին հայ տանտերին դուստրը, ու կարծելով որ իրմէն կը պահանջուէր վերադարձնել տունը՝ փորփոքեցաւ մէկէն եւ սկսաւ սպառնալ ալ: Հարկ եղաւ որ գիւղապետը մտնէր թեւը եւ մեկուսի անկիւ մը տանելով բացատրէր տիկնոջ խնդրանքը. Տիկինը մէկ գիշերուայ համար կ՛ուզէր վարձել ամբողջ տունը եւ պատրաստ էր ըստ այնմ վճարել հինգ հազար լիրա:
Հինգ հազար թրքականը այն օրերուն հսկայ գումար մըն էր: Մուսթաֆան անշուշտ ընդունեց առաջարկը: Գումարը պահ դրուեցաւ գիւղապետին քով եւ Մուսթաֆան մէկ ժամէն, ամբողջ գերդաստանը հաւաքած, գնաց իր ազգականներէն մէկուն տունը:
Յաջորդ առաւօտուն, ինչպէս եկած էին, այնպէս ալ աղմուկ ու փոշի յարուցանելով մեկնեցաւ ինքնաշարժը : Սարը Մուսթաֆա վերադարձաւ իր տունը եւ գանձեց գիւղապետին քով պահ դրուած գումարը: Ու մենք, քանի մը օրէն մոռցանք ինքնաշարժն ու Տիկինը:
Այգեկութք էր. շաբթուայ մը համար ընտանիօք գացեր էինք մեր այգին: Վերադարձին, հազիւ գիւղ մտած, տեսանք իրարանցում մը կը յուզէր գիւղը: Ըսին Սարը Մուսթաֆան խենթացեր է: Ամէն ոք կը վազէր դէպի Մուսթաֆային տունը: Վազեցինք մենք ալ: Ամբոխը խռնուեր էր տան շուրջը: Բայց ի՞նչ տուն, ինչ բան. Տունը ա՛լ չկար: Փլած պատերուն քարակոյտն էր միայն չորս դին: Իսկ հսկայ բակն ալ վերածուած խրամներու խառնակոյտի մը: Մեծ քարի մը վրան, փոշոտ ու պատառոտուած հագուստով նստեր էր Մուսթաֆան եւ բռունցքներով գլուխը կը ծեծէր:
Պարզուեցաւ որ Մուսթաֆան իր ձեռքերով փլցուցեր էր իր տան երդիքն ու պատերը ինչպէս նաեւ փորփրեր էր ամբողջ բակը, խորհելով որ Տիկինը Ամերիկայէն մինչեւ հոն միայն կարօտ առնելու համար չէր եկած, այլ՝ հօրը պահած ոսկիները տանելու: Ինք գաղտնօրէն, ամբողջ գիշերը հետեւեր էր Տիկնոջ ապարդիւն շարժումներուն եւ պրպտումներուն՝ պարտէզն ու սենեակներուն մէջ: Տեսեր էր թէ ինչպէս ան ամենայն ուշադրութեամբ կը շօշափէր պատերը մէկ մէկ: Բայց վստահ էր որ տիկինը բան չէր գտած: Ուրեմն ստոյգ՝ ոսկին մնացած էր իր թաքստոցին մէջ: Ու ահա Մուսթաֆան ձեռնարկած էր այդ պահուած ոսկիներուն փնտռտուքին՝ աւերելով, քանդելով իր տունը: Բայց ապարդիւ՛ն: Ոսկի չկա՛ր:
Այդ օրէն, գիւղը փոխեց Սարը Մուսթաֆային անունը եւ դրաւ, ծաղրականօրէն՝ Ալթուն Մուսթաֆա: Խեղճ ու կրակ մարդ էր այլեւս, բայց կը կրէր «ոսկի» ծաղրանունը:
Անկից ի վեր, երբ հայու մը հանդիպիմ կամ հայու հարց ըլլայ, անպայման կը յիշեմ ազնուական այն հայ Տիկինը, որ Ամերկայէն մինչեւ իր հեռաւոր գիւղը զոհողութեամբ եկաւ իր հայրենի տան կարօտը առնելու, հոգեպէս վերանորոգուելու համար: Մինչ Մուսթաֆան, ահաւոր ընչաքաղցութեամբ իր տունը աւերեց: Ու անկարելի է որ բաղդատական մը չընեմ:
Մենք Մուսթաֆան ենք, իսկ դուք՝ այն Տիկինը:
Որքա՜ն տարբերութիւն:
Պէյրութ,1980 Ապրիլ